ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈՒԺԸ ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ Է
Երբեք պէտք չէ՛ մտածել, թէ ամուսնութեան՝ որպէս բնական ընկերութեան մը վրայ հիմնուած ընտանիքը տկարացնելը ընկերութեան նպաստող արարք մըն է։ Ընդհակառակը՝ ասիկա վնաս կը հասցնէ զաւակներուն զարգացման, հասունացումին, հասարակական արժէքներու մշակումին եւ անհատներու բարոյական զարգացումին եւ ազնուացման։ Մարդիկ այլեւս յստակ չե՛ն նկատեր, թէ այր-մարդու եւ կին-մարդու միջեւ մի՛ միայն բացարձակ եւ անխզելի միութիւնը կարող է ընկերային ամբողջական արարք կատարել, քանի որ մնայուն յանձնառութիւն է, որ նաեւ բեղմնաւորումը կարելի կը դարձնէ։ Արդարեւ, ընդունելու է բազմազանութիւնը ընտանեկան վիճակներուն՝ որոնք կրնան որոշ ապահովութիւն մը տալ, սակայն այր-մարդու եւ կին-մարդու կամ, զոր օրինակ, նո՛յն սեռի անձերուն միատեղ կենակցիլը՝ ամուսնութեան հետ չի՛ կրնար բաղդատուիլ։
Ուստի, ո՛չ մէկ ժամանակաւոր կամ ծննդաբերութիւնը մերժող կենակցութիւն մը մարդկային ընկերութեան ապագան կ՚երաշխաւորէ։
Բայց, այսօր ո՞վ կը զբաղի ընտանիքներուն պահպանութեամբ. ո՞վ կ՚օգնէ յաղթահարելու անոնց սպառնացող վտանգներուն, ո՞վ կ՚աջակցի անոնց՝ իրենց կրթական պարտականութիւններուն եւ պատասխանատուութիւններուն մէջ եւ անոնց ամուսնական միութեան ամուր բնոյթը կը քաջալերէ։
Կարգ մը հասարակութիւններու մէջ տակաւին գոյութիւն ունին բազմակնութիւնը եւ տարբեր պայմաններու մէջ՝ կարգադրուած ամուսնութիւնները։ Բազմաթիւ պարագաներու, լայնօրէն տարածուած է, եւ ասիկա՝ ոչ միա՛յն Արեւմուտքի մէջ, ամուսնութենէն առաջ միատեղ ապրելու սովորութիւնը կամ նոյնիսկ կենակցութիւնը՝ «cohabitation» առանց ձգտելու օրինաւոր կապերուն։
Ուրիշ երկիրներու մէջ՝ օրէնքը այս կացութիւններուն երկընտրանքը կը հեշտցնէ, այնպէս որ ամուսնութիւնը՝ ներկայացուած իր բացառութիւններով, իր անխզելիութեամբ եւ դէպի կեանք իր բացուածութեամբ, կը ներկայանայ՝ ուրիշ առաջարկներու շարքին՝ որպէս արտառոց առաջարկ մը։ Բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ՝ ընտանիքին իրաւասական քանդումը յառաջ կ՚երթայ, երբ ան կը ձգտի որդեգրելու բանաձեւեր, որոնք լրիւ հիմնուած են իրար փոխանակող ազատ կամեցողութեան վրայ։
Եթէ արդար եւ օրինաւոր է մերժել «աւանդական» ընտանիքին հին ձեւերը, որոնք բնութագրուած են հեղինակութեամբ կամ նոյնիսկ բռնութեամբ, բայց ասիկա պէտք չէ՛ ամուսնութեան արժեզրկումին տանի, այլ նոյնիսկ իսկական նշանակութիւնը վերագտնելու եւ նորոգելու է։
Ընտանիքին ուժը էապէս կը կայանայ սիրելու եւ սիրել սորվեցնելու իր կարողութեան մէջ։
Արդարեւ, ընտանիք մը որքան ալ խոցուած ըլլայ, ան կրնայ միշտ մեծնալ, յենուելով անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրոյ վրայ։
Իրականութեան այս համառօտ համայնապատկերը ներկայացնելով՝ կարելի է նշել, որ նոյնիսկ եթէ նկատելի բարեփոխումներ կատարուած ըլլան հանրային մարզէն ներս կին-մարդուն միջամտելու իրաւունքներուն վերաբերեալ, սակայն, կարգ մը երկիրներու մէջ կտրելիք ճամբան տակաւին շատ երկար է։ Անընդունելի սովորութիւններ արմատախիլ ընելը տակաւին վերջ չէ գտած։
Շեշտը կը դրուի կիներու դէմ երբեմն գործադրուած այն ամօթալի բռնութեան մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 18, 2026, Իսթանպուլ