ԱՄԷ՛Ն ՏԵՂ ԱԼ ՆՈՅՆՆ Է
Իմաստութիւնը կը հաւատայ, որ աշխարհի յառաջդիմած ժողովուրդները անոնք են, որոնք ո՛չ թէ թերութիւն չունին (նման երկիր իրական գետնի վրայ գտնել հնարաւոր չէ), այլ անոնք են, որոնք քաջութիւնը ունին տեսնելու, խօսելու, բարձրաձայնելու։ Սեփական սխալներու մասին խօսիլը պէտք չէ ընդունիք որպէս նուաստացում կամ «դաւաճանութիւն», որովհետեւ թերութիւններու մասին խօսելով է, որ զանոնք դէպի սրբագրութիւն կարելի է առաջնորդել։ Այս համոզումով է, որ կ՚ուզենք գրել հայ եկեղեցականին վերաբերող որոշ խնդիրներ:
Կ՚ընդունինք, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին այն մակարդակի վրայ չէ՝ ինչպիսին կ՚ուզէինք տեսնել, ինչպիսին կ՚ուզէինք ըլլայ եւ այս մէկը եկեղեցականներուն վարքէն աւելի աղերս ունի ներքին կառոյցին հետ։ Թէ՛ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թէ Անթիլիասի կաթողիկոսութիւնները իրենց աշակերտները կ՚ընդունին փոքր տարիքէն եւ ինչքան ալ «կոչում»ի գաղափարին համամիտ ըլլանք՝ միշտ չէ, որ «կոչում»ը զիրենք առաջնորդած կ՚ըլլայ դպրեվանք։ 10-12 տարեկան մանուկ-պատանի մը՝ որ տակաւին իր կեանքին շատ մը հանգրուանները ծնողքին եւ զինք շրջապատող մեծերուն օգնութեամբ առաջ կը տանի, չի կրնար «կոչում»ին գիտակցութիւնը ունենալ։ Ժամանակի ընթացքին այդ կոչումը կրնայ զարգանալ դպրեվանքի աշակերտութեան տարիներուն։ Ի դէպ, հարցական է այդ մէկը եւս «կոչում» սեպել, որովհետեւ դպրեվանքի աշակերտութեան տարիներուն աշակերտը միայն եկեղեցական կեանքը տեսնելով՝ կամայ թէ ակամայ այդ մէկը իր կեանքին մէկ մասը կը դարձնէ եւ նման մթնոլորտի մէջ մեծնալով բնականաբար կ՚առաջնորդուի դէպի եկեղեցական կեանք։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօն եկեղեցական դառնալու որոշումը դպրեվանքի աշակերտէն կը պահանջուի 16-17 տարեկան հասակին։ Իր այդ տարիքին կը պահանջուի կայացնել որոշում մը՝ որ ցմահ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ իր ապագայ կեանքին վրայ։ Այդ տարիքին որոշում կայացնող երիտասարդը անտեղեակ դուրսի կեանքէն ու աշխարհէն՝ կը կայացնէ որոշում մը, որ կոչումէն աւելի կրնայ ցուցադրական հիւանդագին վիճակի մը արդիւնք ըլլալ։ Աշակերտը տեսնելով իր մեծաւորները, անոնց հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքը, պատիւը՝ կ՚ուզեն արժանանալ այդ կոչումին, սակայն, օծուելէ ետք դուրսի կեանքին հետ առերեսուելով լուրջ խնդիրներ կ՚ապրին:
Այս բոլորը պէտք չէ ընդունիլ որպէս քննադատութիւն. պէտք է պարզապէս որոշ հարցերու հիմնական խնդիրները գտնել։ Այս տեսանկիւնէն գնահատելի կը նկատենք, օրինակի համար, Լիբանանի արաբական եկեղեցական համայնքներէն մէկուն սկզբունքները. կուսակրօն քահանայութեան առաջադրել միայն այն անձերը, որոնք երեսուն տարեկանը լրացնելէ ետք կամաւորաբար կու գան եկեղեցական դառնալու։ Երեսուն տարեկանը լաւագոյն տարիքն է կեանքը լաւապէս ճանչցած ըլլալու եւ սեփական անձը սերտելու։ Իր կեանքի կարեւորագոյն ութ տարիները վանքին մէջ անցուցած 16-17 տարեկան պատանին ճշմարիտ կեանքէ հեռու լոկ վերացական գաղափարներով է, որ կը մօտենայ եկեղեցականութեան, մինչ 30 տարեկան հասուն երիտասարդը շատ աւելի գիտակից որոշում կը կայացնէ։ Ի դէպ, այս բոլորին ճշմարտացի ըլլալը փաստելը այնքան ալ դժուար չէ։ Պարզապէս աչքէ անցուցէք բոլոր այն եկեղեցականները, որոնք իրենց մեծ տարիքին կամաւորաբար եկեղեցական կոչում ստացած են։ Անոնք ժողովուրդի մէջ սիրելի են եւ որպէս օրինակելի եկեղեցականներ կը յիշուին՝ որովհետեւ լաւապէս կրցած են ճանչնալ մարդկային կեանքն ու հոգեւոր կեանքը:
Լաւապէս կը հասկնանք, որ դպրեվանքը փոքր տարիքէն աշակերտ ընդունելով՝ իր դաստիարակութեան տակ կ՚ուզէ պահել աշակերտը եւ դուրսի աշխարհը լաւապէս չճանչցած կ՚ուզէ զինք եկեղեցական դարձնել՝ կարծելով, որ այսպիսով անձը «հեռու պահած» կ՚ըլլայ աշխարհը թոհուբոհէն։ Դաստիարակութիւնն ու կոչումը իր յատուկ տեղը ունի, սակայն, միւս կողմէ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն կեանքը, որ դասագիրքերէն ու վերացական վէպերէն, բանաստեղծութիւններէն դուրս կը գտնուի։ Մեր եկեղեցականներէն շատ շատեր իրենց երիտասարդութեան երբեւէ «սէր» կոչուածին ինչութիւնը չեն ապրած. անոնց համար սէրը պարզապէս Աստուածաշունչի սէրն է, սակայն, պէտք է երեւոյթը դատել նաեւ իրական կեանքի մէջ։ Իր կեանքի կարեւորագոյն տարիները վանքին մէջ անցուցած երիտասարդ (շատ անգամ նաեւ պատանի) եկեղեցականը երբեւէ առերեսուած չէ հակառակ սեռի հետ. երբեւէ իր մարդկային զգացումները քննութեան ու փորձութեան դիմաց մարտի հանած չէ։ Պէտք է համոզուինք, որ կոչումը իր տեղին, իւրաքանչիւր եկեղեցական վերջաւորութեան մարդ արարած է եւ ո՛չ դպրեվանքը եւ ո՛չ ալ եկեղեցական կոչումը կրնայ անոր մէջէն վերացնել զգացումներ՝ որոնք համամարդկային են. ինչպիսին է սէրը, կիրքը, ցանկութիւնը եւ այլ երեւոյթներ, որոնք յատուկ են մարդու բնութեան: Եկեղեցական դարձող երիտասարդները պէտք է համոզել, որ Աստուծոյ եւ հայ ազգին ծառայելու ցանկութիւնը հրաշալի ըլլալով հանդերձ՝ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ մարդկային բաժինը, որովհետեւ առանց եկեղեցական դառնալու ազգին ու Աստուծոյ ծառայելը շատ աւելի պատուաբեր պիտի ըլլայ՝ քան եկեղեցական դառնալն ու մարդկային բոլոր սայթաքումներուն մէջ գտնուիլը։ Այս բոլորին առաջքը կարելի է առնել միայն ու միայն դաստիարակութեամբ ու կրթութեամբ։ Պէտք չէ աշակերտին դիմաց դնել լոկ հոգեւորը եւ անոր աչքէն հեռու պահել մարդկային իրական կեանքը, որովհետեւ դպրեվանքէն դուրս գալէ ետք՝ ան այսպէս կա՛մ այնպէս կամ որպէս աշխարհական կա՛մ որպէս եկեղեցական պիտի առերեսուի ճշմարիտ կեանքին հետ, որ քիչ մը տարբեր է այն կեանքէն որ կը ներկայացուի աշակերտութեան տարիներուն:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Համոզումը
կամքին զօրացուցիչ դեղն է: Համոզում եւ կամք միացած ժայռեր կը փշրեն, լեռներ կը հարթեն:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան