ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ Է
«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար զոր տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Այսօր եւս կը պատահին հրաշքներ, թէ՛ անհատակ, թէ՛ հաւաքական կեանքերու մէջ, եւ ալ պիտի պատահին միշտ։ Բայց այսօր մարդիկ չեն փափաքիր այդ հրաշքները տեսնել։ Ասոր պատճառը այն է, որ մարդոց հաւատքը տկարացած է, քանի որ կը փորձեն վստահիլ միայն իրենց սեփական կարողութիւններուն՝ առանց խորհելու, թէ իրենց կարողութիւնը սահմանափակ է։ Հրաշք տեսնելը, այս իսկ պատճառով, մարդոց բարկութիւն կը պատճառէ. «… Քահանայապետները եւ դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները, եւ բարկացան». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 14)։
Յիսուս Քրիստոսի հրաշք գործելը փոխանակ ազգին իշխանները ուրախացնելու, կամ անոր մասին բարեմիտ խորհելու առաջնորդելու, զանոնք բարկացուց՝ թշնամացուց եւ մահավճիռ արձակելու առաջնորդեց։
Այս պատճառաւ, հրաշքը միշտ հաճելի չըլլար, ինչպէս եւ նոյն վիճակը կը յայտնուի կոյր ծնած մարդուն ծնողքին վրայ ալ. անոնք փոխանակ ճշմարտութիւնը վկայելու՝ սարսափեցան, եւ ձգեցին որ իրենց զաւակը իշխաններու բարկութեան ենթարկուի, ինչպէս կը վկայէ Յովհաննէս առաքեալ. (ՅՈՎՀ. Թ 22)։ Կեանքը հրաշքներով լեցուն է՝ եթէ մենք ընդունելու պատրաստ ըլլանք։ Նիկոդէմոս, հրեաներուն իշխանը, գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ խոստովանեցաւ, թէ ըստ իրեն տեսած հրաշքներուն, Աստուած Յիսուսի հետ էր, այսինքն՝ Աստուած Յիսուսին կարողութիւն պարգեւած ըլլալուն արդիւնքն է, որ ան կրնայ հրաշքներ գործել։ Յիսուս այս մարդուն տեսակէտը չվաւերացո՛ւց։ Եւ անոր ըսաւ. «Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 3)։
Հրաշքները տեղի կ՚ունենան Աստուծոյ թագաւորութեան ծիրէն ներս. ինչպէս՝ ձգողական եւ քարոզչական զօրութեան ազդեցութիւնը երկրի ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ։ Երբ մարդը. «Յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ մեռած» է. ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել։ Ան կը վերագրէ բնութեան կամ դիպուածի մը, եւ կամ կ՚ուրանայ զայն։
Գոց աման մը չի կրնար ջուրի աղբիւրէն օգտուիլ։ Ո՛չ ալ հակառակ կողմէն անոր մէջ ջուր կը լեցուի։ Պէտք է նախ բանալ, ապա զայն շիտակ դնել հոսող աղբիւրին դիմացը՝ որպէսզի ջուրով լեցուի։ Նմանապէս, նախ պէտք է հաւատա՛լ, ապա սպասել, որ Աստուած հրաշք գործէ։
Պատահեցաւ, որ Յիսուս «Հոն շատ հրաշքներ չգործեց անոնց անհաւատութեան պատճառով»։ Եւ Յիսուս յաճախ կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ս որ կրնամ ընել այդ»։ Ուստի շատ տեղեր շատ հրաշք չգործեց. (ՄԱՏԹ. ԺԳ 58)։ Ուստի, մարդոց անհաւատութիւնը, թերահաւատութիւնը՝ տարակոյսը արգե՛լք է Յիսուսի հրաշք գործելուն։ Ուրեմն Աստուծոյ՝ Յիսուսի հրաշք գործելուն պայմա՛նն է հաւատալը, ապա թէ ոչ անկարելի՛ է ամէն վայրկեան մեր շուրջը կատարուող հրաշքներուն անդրադառնալ եւ տեսնել։
Սոկրատ իմաստասէրը Քլաւտոսին կը հարցնէ. «Քարայրի մը մէջ բանտարկուած մարդոց ետեւի կողմէն՝ երբ կրակ վառեն, անոնք ի՞նչ կը տեսնեն»։ Քլաւտոս կը պատասխանէ. «Իրենց շուքը»։ Եթէ պատահի, որ քարայրէն ազատուին, անոնք ի՞նչ կրնան տեսնել։ Նախ իրենց աչքերը կը շլանայ եւ չեն կրնար բան մը տեսնել, եթէ լոյսին վարժուին, ճշմարիտ մարդերը շուք կը կարծեն…
Մեր կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ։ Դժուար եւ անտանելի է, երբ մահով է ան։
Գիտենք, թէ մեր բոլոր աղօթքները պատասխանուած են. ոմանք մեզի հասկնալի եղած են, իսկ ուրիշներ՝ անհասկնալի։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ յաճախ մենք չենք կրցած հասկնալ Աստուծոյ Խօսքը, կամ ըսածը եւ կամ ըսել ուզածը՝ որ ի վնաս մեզի եղած է։ Քանի որ հասկնալով չենք հաւատացած եւ հաւատալով հասկցած։ Սա անուանալի ճշմարտութիւն է բոլորիս կեանքին եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ։
Բաբելոնի շինութիւնը դադրեցաւ, քանի որ աշխատողները սկսան զիրար չհասկնալ եւ հեռանալ կամ իրարու հետ կռուիլ։
Աստուծոյ Եկեղեցին հիմնուեցաւ Ս. Հոգիին իջնելովը. անոնց տուաւ զիրար հասկնալու կարողութեամբ։ Նաեւ Սուրբ Հոգին անոնց տուաւ բոլորէն հասկցուելու լեզուն խօսելու կարողութիւն։ Արդ, Սուրբ Հոգիին առաջին գործը եղաւ աշխարհէն վերցնել լեզուներու խառնակութիւնը… (ԳՈՐԾՔ. Բ 6-13)։
Հրա՜շք. այն ինչ որ ամէն օր կը պատահի մեր բոլորին կեանքին մէջ. մարդուս շնչառութիւնը, առաւօտ արթննալով արեւին լոյսը տեսնել, եւ օրուան մէջ ամէն պահ, երբ մարդ կ՚ապրի՝ հրաշքներ չե՞ն միթէ, որոնց շատ անգամ չենք անդրադառնար իսկ։ Վոլթէր կ՚ըսէ, որ ամբողջ բնութիւնը արդէն հրաշք մըն է, եւ իրապէս բոլորս ամէն օր, ամէն պահ հրաշքներու մէջ՝ հրաշքներով կ՚ապրինք, բայց յաճախ կ՚անտեսենք. «պատահար», «դիպուած», «բախտ» կ՚ըսենք, բայց ճշմարտութիւնը կ՚անտեսենք. հրա՜շքը չենք տեսներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ