«ՊՈԼԻՍԸ ՄԵՌՆՈՂ ԳԱՂՈՒԹ Է»

Պոլսոյ մասին կարծիք կազմելու լաւագոյն միջոցը պոլսահայուն հետ խօսիլն է։ Այս համոզումով պոլսահայ մտաւորականի մը տուի հետեւեալ հարցումը. «Քսան տարի ետք Պոլսոյ հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը տեսնէք»։ Պատասխանը այնքան ալ լաւատես չէր. «Քսան տարին շատ է։ Մօտաւորապէս տասը տարիներ ետք Պոլսոյ մէջ հայերէն խօսողներուն թիւը մեծահասակներու մահուան հաշւոյն կտրուկ ձեւով պիտի նուազի։ Անոնց կորուստով նահանջ պիտի արձանագրէ արդէն իսկ փայլուն վիճակի մէջ չգտնուող հայ մամուլը։ Կամայ ակամայ պիտի փակուին զանազան հայ վարժարաններ՝ որովհետեւ աշակերտութեան թիւը պիտի չարդարացնէ անոնց գոյութիւնը»։ Հաւանաբար, Լիբանանի եւ Սուրիոյ օրինակով «Միացեալ» վարժարան մը հիմնուի: 

Պոլսոյ մէջ հայկական միութիւններու աշխատանքները, անշուշտ, գնահատելի են, սակայն, բաւարար չեն փրկելու համար հայութիւնը եւ այս նոյն ընթացքով ուշ կամ կանուխ Պոլիսը եւս օր մը պիտի արժանանայ Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի եւ բազմաթի՜ւ մեռնող այլ գաղութներու ճակատագրին: Եթէ հայ մանուկ-պատանին իր հասակակից հայուն հետ թրքերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը կը զգայ, ապա այդտեղ դրական բան կարելի չէ գտնել, որովհետեւ, ինքնութեան նահանջը այլ ձեւով չ՚ըլլար։ «Գիտցողը գիտէ»ի հոգեբանութեամբ ալ չենք կրնար ապրիլ։ Այսօր գիտցողը մօտիկ ապագային կրնայ այստեղ չըլլալ եւ հայութեան ապագայ յոյսը կրնայ մնալ անոնց վրայ՝ որոնք չեն գիտեր եւ գիտցողները երթալէ ետք չգիտցողները կրթելն ու ապագայի պատրաստելը շատ աւելի դժուար կ՚ըլլայ: 

Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ օտար ամուսնութեան դժբախտութիւնը։ Հին մամուլէն կը յիշեմ, թէ 1800 թուականներուն, երբ հայ օրիորդ մը ուզած էր թուրք երիտասարդի հետ ամուսնութիւն կնքել, դիմած էին օրուան պատրիարքի միջամտութեան, որովհետեւ այդ երեւոյթը հազուադէպ էր. այնքան քիչ պատահող իրականութիւն էր, որ այդ երեւոյթին համար կը գրուէին գիրքեր. ինչպէս օրինակ՝ «Տատրագոմի հարսը». կը գրուէին երգեր։ Ժամանակը, սակայն, այդ բոլորը սկսաւ բնական դարձնել ու այդ բնական վիճակն է, որ ինքնութեան նահանջ կը կոչուի։ Ինչպիսի՞ ապագայ մը կ՚ուզենք ունենալ. հայեր՝ որոնք հայերէն խօսիլ չեն գիտեր, հայեր՝ որոնք հայու անուններ չեն կրեր, հայեր՝ որոնք հայ կողակիցներ չունենալով ունին հայ զաւակներ՝ որոնք հայերէն չեն խօսիր, իրենք զիրենք հայ չեն զգար։ Գուցէ կը մնայ մականունի մը «եան» մասնիկը, որ ժամանակի ընթացքին «փոքրամասնութեան» մը մաս չկազմելու համար կը վերցուի եւ կամ կը պահուի որպէս զարդ։ Վերջապէս պարսկական մականուններու մէջ եւս կը տեսնենք «եան»ի գոյութիւնը՝ հեռու ամէն տեսակի հայութենէ: 

Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ բոլոր այն մանրուք ըսի ըսաւներն ու վէճերը, որոնք կը խաթարեն արդէն իսկ վատառողջ վիճակի մէջ գտնուող գաղութ մը։ Անցեալին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեան իր հարցազրոյցներուն մէջ բազմիցս կ՚ըսէր. «Մենք, եթէ միասին ըլլանք՝ իրականութեան մէջ շատ աւելի երկարաժամկէտ ձեռքբերումներ կրնանք ապահովել»։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ Պոլսոյ հայ համայնքը հեռու է այդ ձեռքբերումներէն: 

Պոլսոյ ամփոփ վիճակի պատմագրականը կարելի է գտնել «Ազատութիւն» մամուլի կատարած կարճ տողերուն մէջ։ Օրինակի համար, տարեց հայ մը իր հայերէն չխօսելու դժբախտութիւնը կը բացատրէ այս տողերով. «Չկրցանք սորվիլ, քիչ մըն ալ վախցանք»։ Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհին կը յայտնէր, թէ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներէն շատ շատեր (մեծամասնութիւնը) հայերէն լեզուն կը սորվի որպէս երկրորդական լեզու, որովհետեւ անոնց մայրենի լեզուն արդէն իսկ թրքերէնն է։ Նոյն ընթացքին եօթնամեայ աշակերտներէն մին լրագրողին կը յայտնէ, թէ թրքերէն արտայայտուիլը աւելի դիւրին է՝ քան հայերէն: Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մարշալեան հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր. «անցեալին այս փողոցին մէջ կ՚ապրէր քառասուն հազար հայ, այսօր մնացած է միայն քառասուն հայ»: 

Այս բոլորը աչքի դիմաց ունենալով պէտք է լրջօրէն մտածել. ի՞նչ պիտի ըլլան Պոլսոյ հայ եկեղեցիներու եւ վարժարաններու վիճակը։ Մօտաւորապէս տասն տասնեամակ ետք անոնցմէ քանի՞ն անտէրութեան մատնուած պիտի ըլլայ։ Մի քանի հարիւր հաշուող հայ աշակերտութեան թիւը տասն տասնեամեակներ ետք ինչքանո՞վ նահանջ արձանագրած պիտի ըլլայ։ Տասն-քսան հայ աշակերտի համար պիտի արժէ՞ բաց պահել հայկական վարժարանի դռները։

Կ՚ուզենք, որ այս տողերը ընթերցողներուն եւս ո՛չ դրական զգացողութիւն տայ, որովհետեւ անիմաստ լաւատեսութիւնը շատ անգամ նահանջը կը քաջալերէ. պէտք է մտահոգուիլ եւ այդ մտահոգութեան որպէս հետեւանք գործել ու աշխատիլ. Մեր այսօրը պիտի որոշը վաղուան ապագան։ Եթէ տասն տարի ետք հայ աշակերտ պիտի չմնայ, ապա պատճառը պիտի ըլլայ մեր այսօրը՝ որ լուրջ ձեւով սրբագրուելու կարիք ունի ո՛չ միայն Պոլսոյ, այլ գրեթէ բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ։ այդ ոչ-լաւատես ընթացքը պէտք է հասկնալ մէկ երեւոյթով. այսօր հայ պատանիի մը հայերէն ասմունքը մեզ ուրախութիւն եւ մասամբ «զարմանք» կը պատճառէ։ Երբ բնականը կը դառնայ տարօրինակ ու «զարմացնող», ապա կը նշանակէ նահանջը իր բոյնը դրած է այդտեղ։ Ո՛չ թէ հայերէն խօսող հայ պատանին զարմանք պիտի պատճառէ, այլ չխօսողը, որովհետեւ մենք հայերէն չգիտնալը բնական նկատելով՝ ուղղակի կամ անուղղակի, կը քաջալերենք այդ ոչ-դրական ընթացքի զարացումը:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Այն մարդը, որ մարդկային ակնածանքներով ու նկատումներով կը շարժի, որեւէ մեծ բան մը պիտի չկարենայ ընել Աստուծոյ համար:

ԱՆԱՆՈՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026