ԱՄԷ՛Ն ՏԵՂ ԱԼ ՆՈՅՆՆ Է

Գիրքերուն մէջ կեանքը միշտ ալ իրականութենէն մասամբ մը եղած է տարբեր։ Անոնց մէջ սէրը եղած է այլ կերպ, ազգասիրութիւնը տարբեր մակարդակի, իսկ կեանքի դասերը յարաբերական ու ինչու չէ նաեւ շատ անգամ հարցական։ Այն արժէքները, որոնք շատ անգամ դպրոցական աշակերտներուն կը սորվեցնեն, կը մնան անիրական ու վերացական: Տարբեր չէ նաեւ դպրեվանքի պարագան։ Վանքի ուսանողական տարիներուն աշակերտներուն կը փոխանցեն շատ մը կարեւոր ու սրբազան արժէքներ, որոնք գաղափարապէս իտէալական են, սակայն, իրական կեանքի մէջ տեղ չունին։ Դպրեվանքին մէջ թուաբանութենէն, գիտութենէն ու Աստուածաբանութենէն անդին պէտք է սորվեցնեն կեանքի ինչութիւնը՝ ներառեալ կեանքի դժուարութիւնները, ընտանեկան, ընկերային ու երիտասարդական խնդիրները, որովհետեւ ապագայ եկեղեցական կեանքին մէջ լոկ հոգեւոր կրթութիւնը չէ, որ պէտք պիտի ունենան։ Ապագայ հոգեւորականը պէտք է պատրաստ ըլլայ ժողովուրդին մէջ դուրս գալու. օրինակի համար, տակաւին նոր օծուած աբեղայի մը կրնայ դիմել հաւատացեալ մը՝ իր ընտանեկան խնդիրներով՝ խորհուրդ եւ լուսաւորութիւն ստանալու համար։ Հաւատացեալներ շատ անգամ կը դիմեն նոյնիսկ բարոյական՝ մարդ ու կին յարաբերութեան հարցերով։ Ի՞նչ կարելի է ակնկալել եկեղեցականէ մը, որ ամուսնական կեանքին անծանօթ ըլլալով՝ կը փորձէ իր անփորձութեամբը ընտանեկան խրատներ տալ։ Այո, աստուածաշնչական գիտութիւնը մեծապէս կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն, կան երեւոյթներ, որոնք վերացականէն աւելի ճշմարիտ գետնի վրայ խրատ ու առաջնորդութիւն կը պահանջեն: 

Դպրեվանքի աշակերտը պէտք է պատրաստել ապագային. պէտք է ընդունիլ, որ ապագայի իրենց հոգեւոր ասպարէզին մէջ բազմաթի՜ւ հակառակ սեռի ներկայացուցիչներու պիտի հանդիպին։ Անոնցմէ շատեր սիրելով հոգեւոր կեանքն ու հոգեւորականը՝ մօտիկութիւն պիտի ցուցաբերեն անոր։ Այս պարագային անոնք որպէս մարդ արարածներ ինչպիսի՞ դիմադրողականութիւն ցոյց պիտի կարենան տալ։ Նախքան եկեղեցական օծում ստանալը, անոնք ինչքանո՞վ պատրաստուած են ժողովուրդին մէջ դուրս գալու՝ մանաւանդ այնպիսի դարաշրջանի մը, որ տղամարդոց չափ իրենց ցանկութիւններն ու նպատակները յայտնելու պատրաստ են նաեւ հակառակ սեռի ներկայացուիչները: Բազմաթի՜ւ զոյգեր, բազմաթի՜ւ աղջիկներ մօտենալով իրենց սեռական կեանքին մասին ակնարկներ ընելով խորհուրդ եւ խրատ ստանալ պիտի ակնկալեն եկեղեցականէն։ Անոնցմէ շատեր պիտի ներկայանան գայթակղեցուցիչ հագուածքով, պիտի կատարեն անմեղ կարծուած «շփացած» շարժումներ. իր պատանեկութեան ութ տարիները այս բոլորէն հեռու ապրող աշակերտը ինչքանո՞վ պատրաստուած պիտի ըլլայ այս բոլորին: Գրեթէ երկսեռ են մեր հայկական բոլոր վարժարանները, ուր կամայ ակամայ աշակերտը կը սորվի ինչպիսի յարաբերութիւն ունենայ հակառակ սեռին հետ։ Տարիներու ընթացքին ձեռք կը բերէ ինքնավստահութիւնը, ինքնատիրապետումը եւ այդ միատեղ կեանքը երկու կողմերուն համար ալ կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ։ Սակայն, հասունութեան կարեւորագոյն տարիները իրեն հասակակից ու նոյն սեռի պատկանող աշակերտներուն համար այդ բոլորը նոյնիսկ 17-18 տարեկանին կը շարունակեն անծանօթ զգացումներ ըլլալ. պարզապէս այս միտքը շատ աւելի յստակ դարձնելու համար տանք օրինակներ. դպրեվանքի աշակերտները հակառակ սեռի ներկայացուցիչներ կրնան տեսնել պատարագի կամ պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին։ Պատկերացուցէք, որ այդտեղ կը տեսնեն իրենց տարեկից աղջնակ մը։ Գիշերը անոնց պատանեկան նիւթը կ՚ըլլայ այդ աղջիկը եւ յանկարծ երեք տարբեր անձեր կը սկսին մտածել ու կարծել, որ աղջնակը առանց դադարի «իրենց կը նայէր»։ Աշակերտական ու մանկական թուացող այս երեւոյթը, իրականութեան մէջ, իր մէջ շատ աւելի խոր երեւոյթ մը կ՚ամփոփէ։ Սենք կը փորձենք աշակերտը հեռու պահել ամէ՛ն բանէ եւ անոր տալ միայն ու միայն այն հոգեւոր գիտելիքը՝ որ ապագայի հոգեւոր կեանքին մէջ իր կարեւոր տեղը պիտի ունենայ։ Սակայն, դարը փոխուած է։ Աշակերտին միտքը համակարգիչ մը չէ, որ որեւէ նիւթ կամ զգացում դուրս դրուի կամ անոր տեղ նախապէս պատրաստուած կաղապար մը ամփոփուի: Աշակերտութենէն դէպի հոգեւորականութիւն անցումը պէտք է ըլլայ մտածուած եւ եկեղեցական ունենալու սիրոյն պէտք չէ օծել եկեղեցականներ։ Մեր երիտասարդ եկեղեցականներէն շատ շատեր, ցաւ ի սիրտ, այսօր հոգեւոր քարոզ խօսելէ բացի՝ գրեթէ բան չեն գիտեր: 

Անցեալին ժողովուրդը հոգեւորականը կը յարգէր իր պաշտօնին, իր օծումին համար, իսկ մերօրեայ սերունդը կը յարգէ իմացութեան ու կարողութեան համար։ Անցեալին ուսումը հասանելի չէր բոլորին եւ եկեղեցականն էր, որ շատ աւելի բան գիտէր քան հասարակ քաղաքացին։ Այսօր պատկերը հակառակն է. մերօրեայ երիտասարդը կը տրամաբանէ, կը սերտէ, կ՚ուսումնասիրէ եւ սխալի պարագային չի քաշուիր բարձրաձայնելէ։ Անցած է վախի մթնոլորտի դարաշրջանը եւ հետեւաբար մեր օրերու եկեղեցականը պարտի գիտնալ, պարտի սորվիլ, որովհետեւ անոր բարձրաձայնած կամ կատարած սխալները շատ աւելի շուրջ կը նկատուին՝ քան մի քանի տասնամեակ առաջ: Իտէալական գաղափարները բոլորին համար ալ ընտիր են ու անուշ կը լսուին, սակայն, դուրսի կեանքը այդ բոլորէն վեր հաւասարակշռուած ու իմաստուն եկեղեցական կը պահանջէ: Այս բոլորին ճշգրիտ մատակարարումն է, որ առողջ եկեղեցական սերունդ կը ստեղծէ։ Ապագայ եկեղեցականը աշխարհէն կտրուած ապրելով՝ չի կրնար նոյն այդ աշխարհին մէջ ապրող ժողովուրդին ծառայել, որովհետեւ ինք կոչուած է անոնց ցաւերուն դարման հանդիսանալու եւ երբ բժիշկը չի գիտեր հիւանդութիւնը՝ չի կրնար գտնել նաեւ անոր դարմանը:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Տարիք մը կայ, ուրկէ անդին այլեւս նոր բարեկամներ չեն ունենար մարդիկ, այլ կը կորսնցնեն, մէկիկ, մէկիկ ու ամէն մէկուն հետ՝ մասնիկ մը իրենցմէ… Աւելի լաւ չէ՞ որ իր հեռաւոր բարեկամները մնան ու ջերմացնեն իր մենութիւնը…

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026