ՈՐԴԵԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Որդեգրել» կը նշանակէ՝ ուրիշին զաւակը՝ կամ լքուած որբ մը օրինաւոր կերպով քովը առնել, խնամել, հոգալ եւ մեծցնել, հասցնել։ Ուրիշ խօսքով՝ առանց արենակցութեան, մէկը «զաւակ» ընդունիլ է որդեգրութիւնը։ Անշուշտ, այս գործողութիւնը հիմնուած է տուեալ օրինական կարգերու վրայ եւ ունի իր իրաւական եւ գործնական հետեւանքները։
«Որդեգրութիւն»ը, փոխաբերական իմաստով կը նշանակէ նաեւ՝ ընդունիլ, իւրացնել, ընտրել։
Որդեգրութեան իրաւական եւ գործնական հետեւանքներու կարգին՝ Վահան վրդ. Բաստամեանց, հայագիտութեան մէջ առաջին անգամ առանձնացուցած եւ սահմանած է ճիւղագրութիւն, ազգակցութիւն (cognatio-agnatio), արենակցութիւն (consanguinitas), խնամութիւն (affinitas) ասացուծքները, զանազանած է մարմնական ազգակցութիւնը հոգեւորէն (կնքահայրութիւն), բարոյակականէն (եղբայրակցութիւն), իրաւաբանականէն (որդեգրութիւն)։ Յիշատակուած եզրերէն Վահան վարդապետ կ՚առանձնացնէ ամուսնական չհասութեան հինգ ձեւերը. արենակցական, խնամիական, կնքահայրական, որդեգրական եւ եղբայրակցական։ Ան, ըստ հռովմէական իրաւունքի կը բացատրէ «երկու ազգականի մէջ այնքան աստիճան կայ՝ ո՛րքան սերունդ կայ» ասացուածքը. «Tot sunt gradus quot sun generationes»։ Այն կապը՝ որով ընտանիքի անդամները կապուած են իրարու հետ, կը կոչուի «ազգականութիւն» կամ «ազգակցութիւն». «cognatio»։ Նայելով թէ ընտանիքի անդամները ինչ տեսակ դրութիւն ունին ընտանիքի մէջ իրենց ազգակցական կապով՝ ազգականութիւնը կը բաժնուի երկու տեսակի. «արենակցութիւն». (consanguinitas) եւ «խնամութիւն». (affinitas)։
Բացի բնական կամ մարմնական ազգակցութենէ կան եւ ուրիշ տեսակ ազգակցութիւններ՝ հոգեւոր-կնքահայրութիւն, բարոյական-եղբայրակցութիւն, իրաւաբանական-որդեգրութիւն։ Ասոնք հիմնուած են գլխաւորապէս բարոյական սկզբունքի վրայ, բայց որովհետեւ ե՛ւ ամուսնութեան հիմունքը նոյն բարոյական սկզբունքն է, ուստի, որոշեալ դէպքերուն բնական զգացումները նոյնպէս չի ներեր ամուսնութիւնը այս տեսակ ազգակցութեան մերձաւոր անդամներու մէջ, որպէս ներելի չէ արենակցութեան եւ խնամութեան անդամներու մէջ։
Այսպէս ուրեմն, ամուսնական չհասութիւնը կ՚ըլլայ հինգ տեսակ. արենակցական, խնամական, կնքահայրական, որդեգրական եւ եղբայրական։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի «Հարցմանց Գիրք»ին մէջ կը խօսի ամուսնութեան վերաբերեալ հարցերու մասին։ Հարցում. «Ո՞րն է 7 ազգը՝ զոր կը կոչուի 7 պորտ»։ Պատասխան. «Նախ բնականը եւ հոգեւորը եւ օրինաւորը»։ Արդ՝ բնականը մարմնոյն է, հոգեւորը՝ որդեգրութեամբ եւ օրինաւորը խնամութեամբ կ՚որոշուի, որովհետեւ մարդ մարմին է, հոգի է եւ ունի օրէ՛նք։
Աստուածաշունչ մատեանի մէջ որդեգրութեան մասին յստակ բացատրութիւն գտնել կարելի չէ։
Հին կտակարանի մէջ կարելի է հանդիպիլ երկու տեղեր այս մասին՝ Ծննդոց Գիրքին եւ Եսթերի Գիրքին մէջ, որոնք եւս յստակ տեղեկութիւն մը չեն տար։ Իսկ Նոր կտակարանի մէջ այս հարցը լուրջ մասնագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտի։
Ծննդոց Գիրքին մէջ նկատելի է սա հատուածը.
«Հիմա քու երկու որդիներդ, որոնք ծնած են քեզի Երուսաղէմի մէջ, Եգիպտոս գալէս առաջ, իմս են. Եփրեմը եւ Մանասէն Ռուբէնին եւ Շմաւոնին պէս իմս պիտի ըլլան։ Անոնցմէ ետքը քու ծնած որդիներդ քուկդ ըլլան եւ իրենց ժառանգութեանը մէջ իրենց եղբայրներուն անուններովը կանչուին». (ԾՆՆԴ. ԽԸ 5-6)։
Իսկ Եսթերի Գրքին մէջ.
«Անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը պահէր, վասնզի անիկա հայր եւ մայր չունէր։ Այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք եւ վայելուչ կերպարանք մը ունէր եւ անոր հօրը եւ մօրը մեռնելէն ետքը՝ Մուրթքէ զանիկա իբրեւ աղջիկ առեր էր իր քով». (ԵՍԹԵՐ. Բ 7)։
Իսկ Պօղոս առաքեալի հռովմէացիներու գրած նամակին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն՝ ուր ան կը գրէ.
«Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար։ Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն Հայր կը կոչենք». (ՀՌՈՎՄ. Ը 15)։
Որդեգրութիւնը հետաքրքրական նիւթ մըն է՝ թէ՛ ընկերային, թէ՛ հոգեւոր կեանքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ