ՉԱՐԻՆ ԴԷՄ ԶԷՆՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ
Չարին՝ Սատանային դէմ մեր զէնքը՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ հանգչի՛լն է։ Պետրոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։ Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ՚անցնին…». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 8-9)։
Տարիներ շարունակ այս համարը գործածուած է մեզ ազդարարելու եւ սարսափեցնելու համար։ Մեզի կ՚ըսէին. «Զգո՛յշ եղիր, նոյնիսկ ամենափոքր սխալդ կրնայ սատանային առիթ տալ քեզ կործանելու»։ Բայց լա՞ւ կարդացինք այս նախադասութիւնը։
Աստուածաշունչը կ՚ըսէ, թէ սատանան կը փնտռէ մէկը, որ կրնայ կուլ տալ։ Ասիկա անհաւատալի բան մը կը նշանակէ։ Կան մարդիկ, որոնք բառացիօրէն կուլ տալու ենթակայ են, եւ ուրիշներ, որոնց, սատանան բացարձակապէս չի կրնար դպչիլ։ Ուրեմն, մարդ ինչպէ՞ս կուլ տալու ենթակայ կը դառնայ։ Ի՞նչ բան սատանային առիթ կու տայ մեր վրայ յարձակելու։
Պատասխանը աղմկայարոյց մեղքի մը մէջ չէ։
Պատասխանը կը գտնուի ճիշդ այս համարին նախորդող համարին մէջ։
Եկէ՛ք կարդանք եօթներորդ համարը. (Ա ՊԵՏ. Ե 7). «Ձեր բոլոր հոգերը Իրեն ձգեցէ՛ք, որովհետեւ Ան կը հոգայ ձեր մասին»։
Կապը տրամաբանական է։ Եթէ դուն ինքդ վերցնես քու բոլոր մտահոգութիւններդ, եթէ փորձես քու սեփական ուժերովդ լուծել խնդիրներդ, դուն կը դառնաս կուլ տալու ենթակայ։
Սատանայի նախասիրած կերակուրը մեղքը չէ, այլ մտահոգութիւնը։ Եթէ մէկ համար եւս ետ երթանք՝ վեցերորդ համարին, Պետրոս առաքեալ մեզի կը ներկայացնէ լուծումը. «Ուրեմն խոնարհեցէ՛ք Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ, որպէսզի Ան ձեզ բարձրացնէ յարմար ժամանակին». (Ա ՊԵՏ. Ե 6)։ Աշխարհի պատկերացումով՝ խոնարհ ըլլալ կը նշանակէ կռնակը ծռած քալել, տխուր ու ցած ձայնով խօսիլ, ինքզինք նուաստացնել եւ ստորնացնել։
Բայց ճշմարիտ խոնարհութիւնը ասիկա չէ։
Աստուածաշնչական խոնարհութիւնը բոլորովին ուրիշ բան է։ Խոնարհութիւն կը նշանակէ խնդիրին աչքերուն մէջ նայիլ եւ Աստուծոյ ըսել. «Տէ՛ր, ես չեմ կրնար, բայց Դո՛ւն կրնաս»։
Ապա թէ ի՛նչ է ճշմարիտ խոնարհութիւնը։
Անիկա կը նշանակէ ընդունիլ, որ մարդկային կարողութեամբ չես կրնար ամէն ինչ լուծել, բոլոր բեռներդ ու մտահոգութիւններդ դնել Իր ձեռքերուն մէջ եւ թոյլ տալ, որ Ան հոգ տանի ամէն բանի։
Բայց յայտնի է, թէ շատեր ի՛նչ կը մտածեն այս մասին։
Շատեր պիտի ըսեն. «Աստուծոյ յանձնել մեր բոլոր հոգերը, դիւրին է խօսքով, բայց գործադրելը՝ դժուա՛ր»։ Եւ ճիշդ է։ Ասիկա շատ դժուար է, մանաւանդ՝ եթէ ձեզի սորվեցուցած են, թէ Աստուած կրնայ բարկանալ ձեր վրայ։ Հո՛ն է, որ կը գտնուի սատանային գերագոյն ռազմավարութիւնը։ Եօթներորդ համարը կ՚ըսէ. «Ձեր բոլոր հոգերը Իրեն ձգեցէ՛ք, որովհետեւ Ան ինք կը հոգայ ձեր մասին»։
Մենք թանկագին ենք Իր աչքին։
Բայց երբ մեղք մը գործես, ստանան կու գայ եւ ականջիդ կը փսփսայ. «Դուն անհնազանդ գտնուեցար», «Աստուած քու վրադ շատ բարկացած է», «Ինչո՞ւ Աստուած հոգ պիտի տանի քեզի, երբ դուն Իրեն անհնազանդ գտնուեցար», «Ան քեզ լքած է»։ Իսկ Առակաց Գիրքը կ՚ըսէ. «Թագաւորին բարկութիւնը առիւծի մռնչիւնին պէս է». (ԱՌԱԿԱՑ. ԺԹ 12)։ Սատանան առիւծի պէս կը մռնչէ՝ փորձելով ինքզինք ներկայացնել իբրեւ Աստուծոյ ձայնը, որ քեզի կ՚ըսէ, թէ Աստուած քու վրադ բարկացած է։ Որովհետեւ եթէ ան յաջողի համոզել քեզ, թէ Աստուած քու վրադ բարկացած է, դուն պիտի դադրիս քու հոգերդ Աստուծոյ յանձնելէ։ Դուն դարձեալ պիտի դառնաս սատանային կուլ տալու ենթակայ։
Քու միակ իսկական հոգեւոր պայքարդ հանգիստի մէջ մնալն է։ Եբրայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ուրեմն ջանանք այդ հանգիստին մէջ մտնել». (ԵԲՐ. Դ 11)։
Այսօր մեր միակ ճիգը պէտք է ըլլայ պայքարիլ՝ Աստուծոյ հանդէպ Իր սիրոյն բացարձակ վստահութեան մէջ մնալու համար։
Նկատեցէ՛ք, որ նոյնիսկ Պօղոս առաքեալին յիշած հոգեւոր պատերազմի զէնքերուն մէջ, սուրէն զատ, միւս բոլոր զէնքերը պաշտպանողական են։ Ասիկա այն պատճառով է, որ մենք կանչուած ենք հաստատուն մնալու եւ դիմադրելու։ Յիսուս ամէն ինչ կատարած է։ Աստուած մեր վրայ բարկացած չէ։ Ան նոյնիսկ գիտէ, թէ մեր գլխուն վրայ քանի՛ մազ կայ։
Ան իսկապէս կ՚ուզէ հոգ տանիլ մեր մասին։
Բայց, Ան երբեք մեր ազատ կամքէն անդին պիտի չանցնի։ Մենք պէտք է համաձայնինք, որ Ան մեզ փրկէ։ Մենք պէտք է ընդունինք, որ Ան հոգ տանի մեր մասին։
Ուրեմն, այսօր, այլեւս թոյլ չտանք, որ վախը ղեկավարէ մեր կեանքը։ Այլեւս չհաւատանք, թէ իւրաքանչիւր սխալ, որ կը գործենք, մեզ կը հեռացնէ Աստուծոյ սէրէն։ Երբ իյնանք, դարձեալ դէպի՛ Անոր դառնանք։ Երբ յոգնած ենք, մեր բեռները Իր ոտքերուն առջեւ դնենք։ վԻսկ երբ մտահոգութիւնները դարձեալ փորձեն տիրել մեր սիրտերուն՝ յիշե՛նք, որ մենք կանչուած չենք ամէն ինչ առանձինն կրելու։
Սատանան կը մռնչէ՝ մեզ վախցնելու համար, բայց, մենք պարտաւոր չենք ապրելու անոր մռնչիւնի սարսափին տակ։ Մեր ապահովութիւնը մեր սեփական ուժին վրայ չի հիմնուիր, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած վստահութեան վրայ։
Ուրեմն, կրելէ դադրեցնե՛նք այն բեռները, զորս Աստուած մեզ կը հրաւիրէ Իրեն յանձնելու։
Հանգիստ գտնենք Իր սիրոյն մէջ, մնա՛նք Իր շնորհքին մէջ եւ յիշե՛նք այս ճշմարտութիւնը։
Աստուած մեզմէ չ՚ակնկալեր, որ ամէն ինչ վերահսկենք, Ան մեզ կը հրաւիրէ Իրեն վստահելու։
Այսօր մեր բեռները Իր ձեռքերուն մէջ դնե՛նք։
Ան հոգ կը տանի մեր մասին։
ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ