ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆ
«Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու, եւ աւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի Խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ուժէն չպարպուի». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ա 17)։
Իր քարոզներուն մէջ, Տէր Յիսուս յաճախ արարչագործութեան նշանները կ՚օգտագործէ Աստուծոյ Արքայութեան խորհուրդները ճանչցնելու համար։
Նիւթական նշաններով կամ խորհրդանշական արարքներով Իր բուժումները կը կատարէ կամ Իր քարոզները կ՚ընդգծէ։ Հին ուխտի դէպքերուն եւ նշաններուն, մանաւանդ Ելքին եւ Զատիկին, նոր իմաստ կու տայ, որովհետեւ այս բոլոր նշաններուն իմաստը Ի՛նքն իսկ է։
Արդարեւ, «Երանութիւններ»ը սիրտն են Յիսուսի քարոզութեան։ Աւետարանին փոխանցումը Տիրոջ հրամանին համեմատ կատարուեցաւ երկու կերպով.
ա- Բերանացի՝ առաքեալներէն, որոնք բերանացի քարոզութեամբ, օրինակներով եւ հիմնարկումներով փոխանցեցին ըլլա՛յ ինչ որ սորված էին Քրիստոսի բերանէն՝ ապրելով Անոր հետ եւ տեսնելով Անոր գործերը, ըլլա՛յ ինչ որ առին Սուրբ Հոգիին թելադրութիւններէն,
բ- Գրաւոր՝ նոյն առաքեալներուն եւ իրենց շրջանակի, միջավայրի մարդոց միջոցով՝ որոնք ներշնչուելով նոյն Սուրբ Հոգիէն, գրանցեցին փրկութեան պատգամը։
Արդարեւ, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած ամէն գրութիւն ինքնին «քարոզ» մըն է։
Ուստի, Սուրբ Գիրքին ուսումնասիրութիւնը նուիրական աստուածաբանութեան համար իր հոգին կ՚ըլլայ։ Խօսքին պաշտօնատարութիւնը՝ որ իր մէջ կը բովանդակէ հովուական քարոզութիւնը, կրօնի ուսուցումը եւ քրիստոնեայ ամբողջ դաստիարակութիւնը՝ ուր ծիսական քարոզը ունենալու է նախընտրեալ տեղ մը, ինք եւս Աստուածաշունչին նոյն Խօսքէն առողջ սնունդ եւ առողջ կորով կը քաղէ։ Արդարեւ, առանց Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած ո՛չ կրօնական դաստիարակութիւն, ո՛չ քարոզութիւն եւ ոչ ալ հոգեմտաւոր գրութիւն կ՚ըլլայ։
«Ինչպէ՞ս հաւատան եթէ նախ չեն լսեր։ Եւ ինչպէ՞ս լսեն առանց քարոզիչի։ Եւ ինչպէ՞ս քարոզեն առանց նախ առաքուելու». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 14-15)։ Ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ անհատ, ո՛չ մէկ հասարակութիւն կրնայ ինքզինքին Աւետարանը քարոզել. «Հաւատքը կու գայ քարոզութենէն». (ՀՌՈՎՄ. Ժ 17)։ Ո՛չ ոք Աւետարանը քարոզելու պատուէրը կրնայ ինքզինքին տալ։ Տիրոջ առաքեալը կը խօսի եւ կը գործէ եւ կամ կը գրէ ո՛չ թէ իր անձնական հմտութեամբ եւ իշխանութեամբ, այլ Քրիստոսի իշխանութեան զօրութեամբ. ո՛չ թէ իբրեւ անդամ հասարակութեան, այլ Քրիստոսի անունով իր խօսքը անոր ուղղելով։ Ո՛չ ոք կրնայ ինքզինքին շնորհքը ընձեռել, այլ շնորհքը պէ՛տք է տրուի եւ ընծայուի։
Եւ ասիկա Քրիստոսէն արտօնութիւն եւ լիազօրութիւն ստացած շնորհքի պաշտօնատարներ կ՚ենթադրէ։ Եպիսկոպոսները եւ քահանաները Քրիստոսէն կ՚ընդունին առաքելութիւնը եւ կարողութիւնը՝ «նուիրական իշխանութիւն»ը գործելու «յանձին Քրիստոս Գլխոյն»։
Իսկ սարկաւագները ծիսակատարումին, Խօսքին եւ սիրոյն սպասաւորութեան մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայելու ուժը կ՚ընդունին մնալով եպիսկոպոսին եւ անոր քահանայական դասին հետ անմիջական հաղորդութեան մէջ։
Այս պաշտօնատարութիւնը՝ ուր Քրիստոսէ ղրկուած մարդիկը, Աստուծոյ պարգեւով՝ կու տան եւ կը կատարեն, ի՛նչ որ իրենք իրենցմով չեն կրնար տալ կամ կատարել, Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը «սուրբ խորհուրդ» կը կոչէ։ Ուստի, Եկեղեցւոյ պաշտօնատարութիւնը ընձեռուած է յատուկ «սուրբ խորհուրդ»ով մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 21, 2026, Իսթանպուլ