ՄՐՋԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՂՈՒՆ

«Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա՛, անոր ճամբաները տես եւ իմաստուն եղիր». (ԱՌԱԿ. 26)։

Սողոմոն Իմաստուն ծոյլը կը խրատէ, որ մրջիւնին երթայ, որպէսզի անկէ իմաստութիւն, կարգ եւ կանոն, կարգապահութիւն, աշխատասիրութիւն, անվհատութիւն, զիրար յարգել եւ տակաւին ուրիշ շա՜տ բաներ սորվի՝ որ ընդհանրապէս կը պակսին իրմէ։

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ մարդ անոր բնատուր մասնագիտութիւնը ունեցած ըլլար, ինչ որ յաճախ կը պակսի իրմէ եւ այս պատճառաւ կը տուժէ։

Կը պատմուի, թէ Սաբայի թագուհին Սողոմոն Իմաստունին այցելութեան կու գայ, անոր իմաստութեան համբաւը լսած ըլլալով, կ՚ուզէ նաեւ քննել անոր իմաստութիւնը, ուստի, իրեն հետ կը բերէ երկու ծաղկեփունջ։ Մէկը արուեստական, միւսը բնական։ Առաջինը ա՜յնքան գեղեցիկ էր, որ կարելի չէր զայն բնականէն զանազանել։ Սաբայի թագուհին Սողոմոն Իմաստունին ըսաւ. «Գտի՛ր, թէ ո՛ր մէկը բնական է»։ Սողոմոն Իմաստուն հրամայեց՝ որ պատուհանը բացուի։ Այդ պահուն մեղու մը ներս մտնելով բնական ծաղիկին վրայ նստեցաւ… եւ այդ կերպով Գորթեան հանգոյցը քակուած եղաւ։ (Գ ԹԱԳ. Ժ 6). «Եւ թագաւորին ըսաւ.- Քու վիճակիդ եւ իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր»։

Ըստ մասնագէտներուն, մեղուները թագաւոր չեն ունենար, այլ՝ միա՛յն թագուհի, ան ալ ընտրովի կ՚ըլլայ, ուստի, ժողովրդապետութիւն է իրենց թագաւորութիւնը։ Թագուհին երկու նպատակի կը ծառայէ. նախ՝ սերունդ բազմացնել, յետոյ՝ երբ որ գաղթել ուզեն, առաջին ճամբայ ելլողը թագուհին կ՚ըլլայ, եւ ամբողջ ցեղըվ կամ ընտանիքը անոր կը հետեւին։ Թագուհիին ընտրութիւնն ալ հետաքրքրական է։ Ան ծնունդով յար եւ նման է միւսներուն։ Բանակը, որ կը բաղկանայ էգ մեղուներէ, իրենց մէջէն կ՚ընտրեն մէկը՝ որպէս թագուհի, ապա զայն կը յանձնեն հոգատար բանակին, որ նոյն ատեն անոնք են ցեղին բուժքոյրերը եւ սպասուհիները։

Անոնք յատուկ հոգատարութեամբ եւ խնամքով զայն կը վերածեն թագուհիի։ Եթէ պատահի, որ թագուհին թերանայ պաշտօնին մէջ, բանակը նոր նիստ մը գումարելով «խաղաղ յեղափոխութիւն» մը կը ծրագրէ։ Անոնք իրենց ցեղին մէջ երբեք «արիւնոտ յեղափոխութիւն» չեն կատարել։ Իրենց մէջէն նոր թագուհի մը կ՚ընտրեն՝ ինչպէս որ առաջինը ընտրած էին, եւ նորընտիր թագուհին կը յանձնեն «բուժքոյրեր»ուն՝ որ կը բաղկանայ նորածին մեղուներէ։

Մեղուներուն մէկ մասին կեանքը երեք ամիս եւ միւս մասին կեանքը վեց ամիս է։ Անոնք, որոնք գարնան կամ ամրան կը ծնին՝ միայն երեք ամիս կ՚ապրին. իսկ անոնք, որոնք աշնան ծնած են՝ վեց ամիս։ Ձմեռը ո՛չ կը ծնին եւ ո՛չ ալ կը մեռնին։

Ինչպէս ըսուեցաւ, մեղուները «ժողովրդապատութիւն» են, եւ անոնք կատարեալ բծախնդիր են անոր։ Անոնց գաղթը տեղի կ՚ունենայ միայն ա՛յն ատեն, երբ երկրորդ թագուհին սերունդ բերելով գաղթ կազմակերպուի, նախորդ թագուհին իր բոլոր ունեցածը անոնց ձգելով կը գաղթէ, իսկ անոնք, որոնք իրեն հետեւիլ փափաքին՝ ազատ կը զգան։ Կը պատահի, որ նորընտիր թագուհիին հետ հոն մնացողներ կ՚ըլլան, սովորաբար հին սերունդը իր թագուհիին՝ իր մօր կը հետեւի, հակառակ անոր որ դժգոհ ըլլալով նոր մը ընտրած էին։

Պատահի, որ փեթակէն ներս մկնիկ մը սպրդի, ամբողջ բանակը անոր վրայ յարձակելով իրենց խայթոցին թոյնով տեղն ու տեղօք զայն կը սպաննեն, հակառակ որ «գիտեն», թէ զայն մեռցնել կը նշանակէ նաեւ իրենց մահը, քանի որ իւրաքանչիւր մեղու իր խայթոցը եթէ գործածէ՝ ի՛նքն ալ կը մեռնի։

Անոնք «գիտեն» նաեւ, թէ այդ սատակը չեն կրնար դուրս հանել, գիտեն նաեւ, թէ ան նեխելով օդը պիտի ապականէ, անմիջապէս անոր շուրջ մոմով պատեան մը կը շինեն՝ ապականութենէ զերծ մնալու համար…

Մասնագէտներու կողմէ ստացուած այս մանրամասնութիւնները մեզի ցոյց կու տան՝ մրջիւններու եւ մեղուներու մեզի բոլորովին անծանօթ կեանքը։ Եւ մենք մեզի կ՚ուզենք հարցնել. սիրելի՜ բարեկամներ, մենք մարդիկ, մրջիւններէն եւ մեղրամեղուներէն քաղելիք դասեր չունի՞նք. դասեր՝ աշխատութեան, կարգապահութեան, կազմակերպութեան, իրարու սէր եւ յարգանք եւ պարտականութիւն ունենալու, նաեւ տակաւին շա՜տ դասեր… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026