ՏԱՐԲԵՐ, ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՍԽԱԼ

Իւրաքանչիւրս ունինք ապրելակերպ մը, որ իր ամբողջութեան մէջ հայելին է մեր դաստիարակութեան, միջավայրին եւ բնաւորութեան եւ այդ մէկը ինչքան ալ բնական թուի մեզի համար, կրնայ ուրիշին համար տարօրինակ թուիլ։ Շատ անգամ մենք եւս ուրիշի ապրելակերպը տարօրինակ կը գտնենք եւ նոյնիսկ կը քննադատենք, սակայն, այդ ուրիշը եւս հայելին է իր շրջապատին ու դաստիարակութեան եւ գուցէ մենք եւս ըլլայինք իր նման՝ եթէ ծնած ըլլայինք իր գտնուած շրջապատին մէջ: Օրինակ՝ մեզի համար կրնայ տարօրինակ թուիլ ափրիկեցի ժողովուրդին եկեղեցական ծիսակատարութեան ժամանակ պարելն ու ծափելը, որովհետեւ մեր մօտ ընդունուածը տարբեր է, սակայն, իրենց համար այդ մէկը բնական է, որովհետեւ մաս կը կազմէ իրենց մշակոյթին, իրենց դաստիարակութեան եւ հետեւաբար ամէն մարդ, ամէն հաւաքականութիւն իր ուրոյն օրէնքներով, չափանիշներով ու ընդունելի եւ անընդունելի համոզումներով կ՚առաջնորդուի եւ այս տարբերութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդու շրջապատը մեծ ու կարեւոր դեր ունի անձի մտածողութեան եւ վարքագիծի ձեւաւորման մէջ: Իւրաքանչիւր շրջանակ ունի իր սեփական «ճիշդ»երն ու «սխալ»ները, որոնք կրնան ամբողջութեամբ տարբերիլ այլ շրջանակի մը «ճիշդ»երէն ու «սխալ»ներէն, որովհետեւ մարդկային ապրելակերպը, ընկալումներն ու վարքագիծը կը ձեւաւորուին ընտանիքի, համայնքի եւ մշակութային միջավայրի ազդեցութեամբ: Ի դէպ, հոգեբանական այս երեւոյթը յայտնի է «ընկերային ուսուցում» (social learning) եւ «մշակութային ազդեցութիւն» (cultural conditioning) անուններով։ Մարդ իր ծնած վայրկեանէն՝ ընտանիքի առաջնորդութեամբ կը սկսի ապրիլ այնպէս, որպէսզի յարմարի միջավայրին, որովհետեւ միջավայրին հետ քայլ պահելը անհատը ընկերութեան ընդունելի կը դարձնէ։ Այն՝ որ չի յարմարիր եւ կամ ընդունուածէն դուրս կ՚ապրի՝ կը քննադատուի։ Այս երեւոյթը կարելի է բացատրել ֆրանսացի մտածող Միշէլ տը Մոնթէի հետեւեալ մտածումով. «Մարդ բարբարոսութիւն կը կոչէ այն՝ ինչ որ իր սովորութիւններուն մաս չի կազմեր»։ Պատճառը այն է, որ մարդ երկու տարբեր չափանիշներ, երկու տարբեր կարծիքներ ու սովորութիւններ չի կրնար ունենալ։ Այլ խօսքով՝ մեզի համար ճիշդ թուացող դատողութիւնը եւ կամ քննադատութիւնը իրականութեան մէջ «ճիշդ» ըլլալէ անդին՝ պայմանաւորուած է մեր դաստիարակութեամբ, մեր սովորութիւններով ու ընկալումներով։ Մեզի համար ճիշդ թուացող սեփական համոզումը «ճիշդ» կը կարծենք, որովհետեւ մենք չենք նկատեր, որ մեր համոզումները նախապաշարուած են, ազդուած են մեր շրջապատէն ու դաստիարակութենէն։ Մեր դատողութիւնը ճիշդ է մեր շրջապատին, մեր սովորութիւններուն, մեր մշակութային ըմբռնումներուն շրջանակէն ներս միայն: 

Օտար մշակոյթները ընդունիլը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար քիչ մը դժուար կրնայ թուիլ, որովհետեւ մենք ուրիշի մշակոյթը կը փորձենք քննել ու դատել մեր սեփական մշակոյթի ու հասկացողութեան չափանիշներով։ Այս կէտին անպայման տեղ ունին նախապաշարումներն ու կարծրատիպերը, որովհետեւ անոնք մեր ինքնութեան անբաժան մէկ մասն են։ Մենք մեր միտքին մէջ ունինք հաստատուած «ճիշդ»եր ու «սխալ»ներ, որոնք նոյնը կը մնան օտար մշակոյթներու մէջ եւս։ Տանք օրինակ. մեր մօտ ամօթալի երեւոյթ է մերկ փողոց դուրս գալը։ Մեր մշակոյթն ու շրջապատը մերկութիւնը որակած է որպէս ամօթ, սակայն, կը տեսնենք, որ որոշ մշակոյթներու մէջ, ինչպէս օրինակ, Ափրիկէի շատ մը երկիրներու մէջ մերկ ու կիսամերկ փողոց դուրս գալը «ամօթ»ի զգացում չի յառաջացներ։ Այս պարագային մերկ փողոց դուրս գալը մեզի համար միայն «սխալ» է, իրենց մշակոյթին մէջ այդ մէկը պարզ ու «ճիշդ» կարգավիճակ մը ունի: 

Այլ խօսքով՝ այնպէս, ինչպէս ամէն ազգ ունի իր լեզուն՝ որով հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ իր ազգակիցին հետ, նոյնպէս ունի իր համոզումները, «ճիշդ»երն ու «սխալ»ները, որոնք մեզի համար լեզուի պէս անհասկնալի կրնան թուիլ, սակայն, ուրիշին համար ունի իմաստ ու նշանակութիւն: 

Ի դէպ, տարբերութիւնները մարդկային հասարակութեան համար կարեւոր են։ Այդ տարբերութիւններու ճամբով մարդ կը հասկնայ ու կը սորվի, թէ իր ունեցած «բնական»ն ու «ընդունելի»ն, իրականութեան մէջ, միջավայրի մը, դաստիարակութեան մը արդիւնքն է պարզապէս։ Ներկայ աշխարհը լուրջ ձեւով կը պայքարի այդ տարբերութիւնները «պարզ» դարձնելու, որովհետեւ այդ մէկը հասկնալը կը նուազեցնէ օտարին մշակոյթին ու ըմբռնումներուն հանդէպ արհամարհանքը եւ կը վերացնէ խտրականութիւնը: Օրինակի համար, արաբ ժողովուրդը ունի ճաշը ձեռքով ուտելու սովորութիւն. այդ մէկը մեզի համար ոչ-ճիշդ կը նկատուի. «վայրենի»ի տպաւորութիւն կը ձգէ, սակայն, այդ մէկը լոկ մեր միտքին մէջ ստեղծուած պիտակաւորում է։ Այդ մէկը սխալ է միայն մեզի համար եւ մեզի համար սխալ եղածը պայման չէ սխալ ըլլայ նաեւ ուրիշի համար։ Հետեւաբար, այդ տարբերութիւնները մարդը մարդէն զանազանելով հանդերձ կը ստեղծեն միջավայր՝ խաղաղ համակեցութիւն մը ստեղծելու: Պէտք է հասկնալ նաեւ օտարին մշակոյթը, ըմբռնել անոր միջավայրը, առանց որուն մարդ շատ աւելիով կը վիրաւորէ դիմացինը: Այս տարբերութիւնները կարեւոր են, որպէսզի մարդ աւելիով ճանչնայ իր անհատականութիւնը: 

Հետեւաբար, որպէս եզրակացութիւն պէտք է հասկնալ, որ գոյութիւն չունի «ճիշդ» ու «սխալ», որովհետեւ այդ «ճիշդ»երն ու «սխալ»ները որպէս հիմք ունին մեր մշակոյթը, սովորութիւններն ու դաստիարակութիւնները եւ բոլորը մեր մշակոյթին, սովորութեան եւ դաստիարակութեան մաս չեն կազմեր։ Մեր «ճիշդ»ը եւս կրնայ ուրիշի մը «սխալ»ը ըլլալ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մեր չկերած, չճանցած մէկ պտուղը չենք ցանկար: Իսկ եթէ կը ցանկանք զայն, ուրեմն ան գոյութիւն ունի:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026