ՀԱՆՃԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

«Երբ միտքը հաւաքելէ ետք հնարաւոր փորձառութիւնները եւ ծանօթութիւնները՝ ինչպէս ըսուած է մեծ հանճարի մը վերաբերումով, տրամախոհութիւնը կը լծորդուի զգայութեան հետ, ուղեղն ալ կը զուգաւորի սիրտին հետ։ Ա՛լ այնուհետեւ ամէն բան յստակ կը դառնայ, կը համախմբուի եւ կը ներդաշնակուի մարդուն ներսը։ Հանճարի մարդը ա՛ն է՝ որուն վրայ այս ամբողջական յառաջատութիւնը կը կատարուի հանդարտութեամբ»։ (Henri Blaze, Essai sur Goethe «Le Faust»)։

«Հանճար»ը՝ որուն անունը հիները իր բնութեան շատ պատշաճ յորջորջումով դրած են՝ իբր «Ամենաճար», հանճարը՝ ինք յայտնութիւն ըսուա՛ծն իսկ է։ Արդարեւ, ան՝ ցոլքն է անքո՜ւն վեհափա՜յլ յաւիտենակա՛ն ճշմարտութեան, որ իր միջոցով կը լուցանէ մարդկութեան ինկած բանը։

Առանց մտնելու ասկէ աւելի բազմադէմ հոգեբանական նրբութիւններու մէջ՝ իմացական արագ ներհայեցութեամբ մը՝ կարելի է սահմանել «հանճար»ը՝ կատարեալ մարդուն մէջ իբրեւ կատարեալ փթթումը սկզբնական բանի սերմին։

Հանճարը, ո՛չ այն ծանծաղ ինքնախնդիր եւ անցաւոր ընդունակութիւնը միտքին, որ դեռ բոլորովին ազատած չէ կրաւոր նախադատութիւններէն՝ որ իրերու երեւութականին մէջէն կորզելու համար բացարձակէն շատ ստոր եւ հարեւանցի գեղեցկութիւններ եւ ճշմարտութիւններ՝ երբեմն բռնազբօս սլացք մը կ՚առնէ, եւ որ կարելի է աւելի «տաղանդ» անուանել, այլ հանճա՛րը իսկական, ան՝ որ իր բնամոյն ինքնութեամբ, ինչ որ կ՚ըսէ Քանդ (originaité) առաջին յատկութիւնն է հանճարին, եւ որ հաղորդ եւ տարփող է միշտ մեծին հանրականին եւ բացարձակին՝ ան, որուն աննկատ լուրջ անարուեստ եւ բարեխնդիր թափանցումին առջեւ՝ բնութիւնը վերջապէս կը մերկանայ իր խորհուրդները մի՛շտ նոյն, մի՛շտ անայլայլ իրենց առընչութիւններով, կը տեսնէ այնտեղէն իսկ՝ ուր միւս մարդիկ ոչինչ կը տեսնեն՝ յստակ եւ պարզ այն իմաստը, որ կայ արարչապէս տիեզերքի անյեղլի երեւոյթներուն եւ օրէնքներուն մէջ։

Առանց զբաղելու ամբոխին աղաղակներովը, որոնք կայլակերպին վայրկեանէ վայրկեան, առանց զբաղելու իր անձնասիրութեան թելադրութիւններովը, որոնք միշտ կը յորդորեն արտադրել ինչ եւ է բան մը, ան՝ վստահ իր ապագային իր բեղնաւոր համբերութեանը վրայ՝ չ՚աճապարեր երբեք։

Իր համբերութեամբը եւ անհպարտութեամբ յառաջատելով առաքինաբար՝ կը նշմարէ պատահական ամէն գիտութիւններէ ամէն ժամանակեայ դիպումներէ վեր՝ այն հետեւան կարգը եւ ներդաշնակութիւնը՝ որ կը տեւէ մշտնջենապէս իրերու եւ գաղափարներու կարծեցեալ անկարգութեան եւ աններդաշնակութեան յատակը։ Ան թափանցո՛ղ է լոյսի նման, պայծա՛ռ եւ յստակ է ճշմարտութեան նման. իր բնութենէ՛ն է ըլլալ մերթ յամր, մերթ երագ. միշտ աննենգ եւ յստակատես, եւ երբ հոգի՝ անկցորդ ամէն նիւթաւոր անցականէ։

Ան՝ իբրեւ ճաճանչ երկնային իմաստութեան՝ կու տայ տեսանողին արծիւի սուր եւ պարադէտ աչքը, օրէնսդիրին՝ կշռող քանոնը, դատաւորին՝ արիսպագեան դիտակը, գիտունին՝ վերլուծիչ եւ ընդմտանող տրամախոհութիւնը, սուրբին՝ անաղտ հոգետեսութիւնը, սատանին (որովհետեւ՝ իրերու կարգին մէջ սատանանէն ալ ունին իրենց սահմանեալ գործը) մանր հնարքը եւ քերթողին՝ անաղտ նրբատեսութիւնը ադամանդ է։

Հանճարի աչքին մէկ առումով փայլակնօրէն կը լուսանայ նիւթական եւ բարոյական-հոգեւոր աշխարհներու անտխեղծ կազմը՝ մեծ սկզբնապատճառին յաւիտենական գործունէութեան ներքեւ ոստայնանկեալ։ Ան կը տեսնէ պատահարներու անիմաստ թուած շեղջին մէջ՝ աննկատեալ նախընթացներու արգասիքը, հանդարտ գնացքներու մէջ՝ մեծ դիտաւորութիւնը, յանկարծականին մէջ՝ հեռաւոր պատճառը, զարմանալիին մէջ՝ բնականը, սկիզբներու մէջ՝ վախճանը եւ նիւթին արտաքին շարժումներուն մէջ՝ հոգիին ներքին խլրտումները ագուցիկ։

Իր փաստն է պայծառութիւնը, իր պերճախօսութիւնը՝ ճշմարտութեան եւ իր կորովը՝ անձնիւր բնազդական համոզումին հաստատութեան մէջ է։

Հանճարը՝ իր բարձրութեամբը իբր անծանօթ իմն՝ միակ նշա՛նն է աստուածայայտնութեան մարմնի մէջ. միա՛կ աչքը՝ որով մարդկութիւնը կրնայ կարդալ անսխալ երկիրը եւ երկինքը։ Բութեան հիանալի՜ մատեանը՝ որ կը պարունակէ անհամար յայտնութիւններ, առանց անոր՝ գո՛ց է մեզի համար. առանց հանճարին՝ այս սքանչելի՜ տիեզերքը աննշանական քաոս մըն է եւ անոր կազմիչը՝ էակ մը անփա՛ստ։

Հանճարը՝ շա՛նթ մըն է բանեղէն՝ շանթերու Բուն Ամենահանճարին կողէն ելած, որ կը խրի դարերու հին կողը, եւ մարդկութիւնը՝ անոր շռինդովը արթնցած վրիպակներու եւ պատրանքներու մռայլին մէջէն՝ կը նշմարէ հոն ճշմարտութեան անխափոյց հրատը։ Սո՛ւղ են իր պատգամները, այլ իրենց պիրկ համառօտութեան մէջ խտացուած լուսացուցած՝ ունի՛ն իրենց հզօ՛ր մեկնութիւնը։ Անո՛նք են որ կը վճռեն. «Գո՛յը կամ ո՛չ գոյնը», to be or not to be…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23, 2026