«ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի կառավարութիւնը այսօր իր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մին կը նկատէ Թուրքիոյ հետ հաշտութիւն կնքելը եւ այս մէկը շատ մը ընդդիմադիր խումբերու կողմէ կը մեկնաբանուի որպէս «ոչ-ընդունելի» արարք։ Վերջիններս այս մէկը անընդունելի կը նկատեն՝ մանաւանդ այն պատճառով, որ Նիկոլ Փաշինեան 2018-2020 թուականներուն ամբողջութեամբ տարբեր քաղաքականութեամբ մը կ՚առաջնորդուէր: 

Այս հարցը հայ ժողովուրդի համար եղած է լուրջ հարց. Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ներկայացուցիչները եւս իրենց քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրը ընդունած էին Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնը։ Այս կապակցութեամբ նախապէս գրած ենք ու կարդացած ենք բազմաթիւ գիրքեր՝ ներառեալ Քաջազնունիի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, Խատիսեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Ահարոնեանի «Հայրենիքիս համար»ը եւ բազմաթիւ ուրիշներ։ Այսօր մեր դիմաց ունինք Սիմոն Վրացեանի հեղինակութեամբ «Անկախ եւ միացեալ Հայաստան» աշխատութիւնը՝ հրատարակուած 1920 թուականին: 

Այդ ժամանակուան ղեկավարութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան որպէս առաջին կէտ նշած էր հետեւեալը. «Ամրացնել Օսմանեան կառավարութեան հետ հաշտութիւնը եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել նրա հետ: Խստիւ կատարել այն բոլոր պարտականութիւնները, որ մենք յանձն ենք առել Օսմանեան կայսրութեան հանդէպ եւ հետեւել, որ Օսմանեան կառավարութիւնը իր կողմից անի նոյնը մեր վերաբերմամբ: Մասնաւորապէս լուծել Օսմանեան զօրքի մեր երկրից դուրս բերելու հարցը եւ գաղթականների վերադարձը» («Անկախ եւ միացեալ Հայաստան», Սիմոն Վրացեան, Պոսթոն, 1920, էջ 57): Յովհաննէս Քաջազնունի իր տուած ճառերէն մէկուն մէջ խօսելով այս առաջին կէտին մասին՝ կ՚ըսէ. «Այս է կառավարութեան ծրագիրը: Սա կարելի է անուանել պետութեան գոյութիւնը ապահովող ամենէն անհրաժեշտ գրաւականների ծրագիր: Պարզ, որ նա չի ընդգրկում երկրի բազմազան կարիքները իրենց ամբողջութեամբ, որ նրա սահմաններից դուրս մնում են մի շարք շատ կարեւոր եւ արդէն հասունացած խնդիրներ: Բայց կառավարութիւնը չի դնում հերթի այս խնդիրները, որովհետեւ նրանց լուծումը այսօրուան պայմանների մէջ պէտք է համարել անկարելի: Կառավարութիւնը չի ուզում սխալների մէջ գցել երկիրը լայն հեռանկարներով եւ անիրագործելի խոստումներով, չի ուզում վերցնել իր վրայ պարտականութիւնները, որոնց կատարումը վեր է իր ուժերից: Կառավարութիւնը համոզուած է, որ իր առաջադրած ծրագիրը մաքսիմումն է այսօրուայ հնարաւորութեան: Կառավարութիւնը լարելու է իր ամբողջ ոյժն ու կարողութիւնը այդ մաքսիմումին հասնելու եւ յոյս ունի յաջողութեամբ լուծելու դրուած խնդիրների գոնէ մէկ մասը, եթէ իր կողմն ունենայ խորհրդի անվերապահ վստահութիւնը եւ գործօն աջակցութիւնը»: 

Այսօր որոշ նմանութիւններ կարելի է գտնել Փաշինեանի եւ Քաջազնունիի միջեւ, սակայն, անոնց մէջ կայ մեծ տարբերութիւններ։ Իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց գիծը հետեւեալն է. Հայաստանի ունեցած պայմանները ո՛չ Քաջազնունիի կը ներէին ցեղասպանութեան եւ կամ պատմական Հայաստանի մասին խօսիլ եւ ո՛չ ալ Փաշինեանին կը ներեն Արցախի մասին խօսիլ։ Քաջազնունի իր այս քաղաքականութեամբ յաջողեցաւ Հայաստանի սահմաններէն հեռացնել թրքական զօրքերը: 

Հետաքրքրական է, որ այն ժամանակ եւս իշխանութիւնը մերօրեայ վարչապետին նման օգտագործած է «խաղաղութիւն» բառը։ Քաջազնունի պարտաւոր էր քանդուած երկիր մը կառուցել եւ արդէն իսկ տկարացած ու բանակ չունեցող երկիր մը պատերազմներու մէջ չէր կրնար իր գոյութիւնը պահել։ Այդ իսկ պատճառով, հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը ամենէն լաւագոյն միջոցներն էին ժամանակաւոր գոյութիւն ապահովելու, այլապէս պատերազմ մը կրնար ոչնչացնել մնացած փոքր մասը եւս: Քաջազնունիի ճառերը լաւագոյն միջոցն են հասկնալու այդ ժամանակաշրջանն ու կառավարութեան մտածելակերպը։

Քաջազնունի կ՚ըսէ. «Բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցաւ իմ կազմած կառավարութիւնս: Կառավարութիւնը ոչ մէկ յենարան ունի.- ան նախորդ կառավարութիւն մը չէ ունեցած որ յաջորդէ եւ շարունակէ ընթացք դրած պետութեան աշխատանքը. ան պարտաւոր է ամէն ինչ սկսելու սկիզբէն։ Քաոսի եւ աւերակներու կոյտէն ան պէտք է ստեղծէ կենսունակ ու աշխատունակ մարմին մը»: 

Մէկդի դնելով քաղաքական բաժինը, երկրին մէջ տիրող մարդկային իրավիճակը՝ Քաջազնունի կը բացատրէ մէկ բառով. «կատաստրօֆիկ»: Նման պայմաններու մէջ երկիրը պէտք է ազատուած ըլլայ արտաքին վտանգներէ, որպէսզի կարենայ իր մեռելներէն յարութիւն առնել։ Երկրին մէջ կար սով եւ մահացողներուն թիւը բնականէն շատ շատ աւելի էր։ Նման պայմաններու մէջ, կառավարութեան մը համար իր սեփական ժողովուրդի գոյութիւնը արտաքին քաղաքական մանրուքներէն աւելի կարեւոր է եւ հետեւաբար սովը վերացնելու, դեղօրայք գտնելու եւ ժողովուրդի պէտքերը հոգալու համար կառավարութիւնը պարտաւոր էր զիջիլ նոյնիսկ ամենէն կարեւորները։

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երբ ես բան մը կ՚արտայայտեմ, ըսել է՝ արտայայտելու ներքին պահանջ մը ունիմ. ուրիշին ախորժելի է, թէ ոչ, ատիկա արդէն երկրորդական հարց է: Գեղարուեստագէտի ամենէն առաջին օրէնքն է ասիկա:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026