ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ ԵՐԳԻԾԱՆՔԻ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ

Շա՜տ նուրբ, սակայն, յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի երգիծագրութեան, երգիծանկարին եւ ծաղրանքին ու հեգնանքին միջեւ։ Երգիծանքը գոյութիւն ունեցող արուեստներու մէջ դժուարագոյնն է, որովհետեւ մարդոց տխրութիւն պատճառելը, ազդելն ու լացնելը շատ աւելի դիւրին է՝ քան լիաբերան խնդացնելն ու զուարճացնելը։ Գուցէ այդ է պատճառը, որ հայ գրականութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են հայ երգիծագիրները, որոնք թիւով շատ չեն, սակայն, որակով կը շարունակեն մնալ իրենց բարձունքին մէջ. Յակոբ Պարոնեան, Երուանդ Օտեան, Լեռ Կամսար եւ անոնց նման ուրիշներ դիւրին լոյս աշխարհ չեն գար։ Անշուշտ, հայ ժողովուրդը ունեցած է բազմաթի՜ւ երգիծաբաններ, որոնք աւելի նուազ ճանաչում գտած են հայ հասարակութեան կողմէ. ինչպէս՝ Առանձարը, Լեւոն Շաթրեանը եւ ուրիշներ: 

Հայ գրականութեան մէջ միշտ ալ արծարծուած է, թէ ինչ է երգիծագրութիւնը եւ կամ երգիծանկարը։ Օտեանի եւ Պարոնեանի ժամանակ ոմանք վիրաւորուած են անոնց գրականութենէն, սակայն, մեծանուն գրողները երբեք մէկը վիրաւորելու եւ վշտացնելու միտում չեն ունեցած. պարզապէս անոնք յարմար նկատած են քննադատելի երեւոյթները բարկութեամբ ու ցասումով արտայայտելու փոխարէն՝ հեգնանքով ու կատակով ներկայացնել։ Անոնք փորձած են երեւոյթները ամենայն մերկութեամբ հասարակութեան դիմաց դնել եւ փոխանակ ըսելու «այս մէկը սխալ է», տուած են առիթ, որպէսզի ընթերցողը ինք տրամաբանէ եւ հասկնայ այդ սխալը, որովհետեւ ժողովուրդ մը կը սկսի սրբագրուիլ միայն այն ժամանակ, երբ ինք իրապէս հասկնայ, թէ սխալ ընթացքի մէջ է. եթէ ինք չունի այդ գիտակցութիւնը, թող յաւիտեան ուրիշներ «սխալ» է բարձրաձայնեն՝ օգուտ մը պիտի չունենայ: 

***

Հայ մեծագոյն երգիծանկարիչ Սարուխան իր «Յուշեր»ուն մէջ յստակ ձեւով կը բացատրէ, թէ իր հասկացողութեամբ ի՛նչ ըսել է երգիծանք։ Նկարիչը աշխատութեան մէջ կը խօսի Եգիպտոսէ ներս իր աշխատակցած աշխատակիցներէն մէկուն՝ Վարդան Չաքարեանի երգիծանքին մասին ունեցած սխալ հասկացողութեան շուրջ։ Սարուխան կ՚ըսէ. «Երգիծանք ըսելով՝ Չաքարեան միայն թունաւոր խայթոց կը հասկնար։ Կարիճի մը նման, որ կը մեռնի, եթէ չխայթէ։ Այդ խայթոցները պէտք է ուղղէր անիկա, բաց թէ՛ թաքուն կերպով, ուղղակի թէ՛ անուղղակի ակնարկութիւններով, որոնց մեծ մասը, եթէ հասկնալի չէին ինծի, սակայն կարդացողներուն մէջ կային հասկցողներ»։ Այլ խօսքով՝ Չաքարեանի եւ Սարուխանի երգիծանքին մասին ունեցած համոզումները ամբողջութեամբ տարբեր էին։ Չաքարեանի հասկցած երգիծանքին մէջ կար անձնական ու քաղաքական «խայթոց»ներ, որոնք ուղղուած էին այս կամ այն խումբը վիրաւորելու, ինչ որ բնականաբար բաւարարութիւն կը պատճառէր այլ խումբի մը, սակայն, Սարուխանի հասկցած երգիծանքը տարբեր էր այս ճղճիմ հաշիւներէն։ Սարուխան կը հաւատար, որ երգիծանքի նպատակն ու իմաստը ո՛չ թէ մարդիկը վիրաւորելու եւ նեղացնելու մէջ է՝ այլ ընդհակառակը։ Սարուխան երգիծանքի մասին իր ունեցած համոզումը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Երգիծանքի մասին իմ ունեցած ըմբռնումիս ճի՛շդ հակառակը։ Երգիծանքը, ինծի համար կը կայանար մարդոց թերութիւնները հեգնելով, զանոնք ի կարգ հրաւիրելու մէջ»: Վստահ ենք, որ նոյն համոզումը ունէին նաեւ Օտեան, Պարոնեան, Լեռ Կամսար եւ ուրիշներ, որովհետեւ գրականութիւնը այս կամ այն խումբին ու գոյնին շահերը պաշտպանելու հարթակ որպէս գործածել տրամաբանական չէ՝ այնպէս ինչպէս կ՚ընէին եւ որոշ տեղերը կը շարունակեն ընել հայկական որոշ թերթեր ու հանդէսներ։ Երգիծանքը Սարուխանի համար հասարակութեան մատուցուած ծառայութիւն է եւ ո՛չ թէ զէնք ու վիրաւորանք այս կամ այն անձին դէմ ուղղուած։ Սարուխան իր գործերուն մէջ անհատները չէ՛, որ կը քննադատէ. անոր համար կարեւոր չէ կատարողը. ան երեւոյթներն է, որ կը դատէ եւ կ՚ուզէ ժողովուրդը խղճմտանքով դէպքերն ու արարքները դատէ՝ առանց անհատները նկատի ունենալու, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ պարտի սկզբունք ունենալ եւ եթէ երեւոյթ մը այդ սկզբունքին դէմ է՝ անկախ կատարողէն, պէտք է քննադատուի, այլապէս, եթէ պայմանաւորուած ըլլայ անձերով, կը դադրի սկզբունք ըլլալէ եւ կը վերածուի առեւտուրի: 

Սարուխանի գործերուն մէջ վիրաւորական հեգնանք գոյութիւն չունի։ Ան անհատներ եւ կուսակցութիւններ որպէս թիրախ չ՚ընտրեր իր գործերուն։ Ան պարզապէս կ՚ուզէ սխալ երեւոյթները հեգնանքով ներկայացնել ու ծիծաղ պատճառել, որովհետեւ անոր սկզբունքներէն մէկն էր մարդիկ ուրախ տեսնելը։ Ան իր յուշերուն մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ես կը խնդամ ա՛յն ատեն միայն, երբ դիմացիններս ալ հետս խնդացնեմ, զանոնք ուրախ եւ զուարթ տեսնեմ»։ Այս սկզբունքին համաձայն, Սարուխան չէր հանդուրժեր որոշ մարդոց անհատական «հաշիւ տեսնել»ները։ Շատեր կ՚ուզէին թերթը վերածել պատերազմի դաշտի՝ այս կամ այն անձը վիրաւորելու, այս կամ այն կուսակցութիւնը վարկաբեկելու եւ այս երեւոյթին դէմ ըլլալով է, որ Սարուխան նման անձի մը հետ վէճ ունեցած ժամանակ բարձրաձայն հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենայ. «Թերթը արտաքինով թէ՛ ներքինով իմս է։ Չեմ հանդուրժեր, որ աղբանոցի վերածուի, ո՛չ ալ շանթաժի ծառայէ, հասկցա՞ր»։ Այս սկզբունքի ու համոզումի պակասն է, որ մեր մէջ երգիծաբանի լուրջ պակասը կը ստեղծէ։ Հայ գրականութեան մէջ եղած են այս սկզբունքին հակառակ բազմաթի՜ւ երգիծաբաններ, որոնք տրուած են մոռացութեան, որովհետեւ անոնց երգիծանքը ծառայած է միայն ու միայն այդ ժամանակամիջոցին, սակայն, Օտեան, Պարոնեան, Լեռ Կամսար, Սարուխան եւ ուրիշներ կը շարունակեն ապրիլ ու յիշուիլ՝ որովհետեւ այն երեւոյթները, որոնց քննադատները դարձած են, կը շարունակեն նոյնութեամբ ներկայիս տեղ գտնել՝ տարբեր անուններով, տարբեր անհատներով՝ սակայն նոյն սխալներով ու տրամաբանութեամբ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Բացառիկ ուժեր կան, բացառիկ ընդունակութիւններ, որոնք անխտիր ամէն բան ոտքի տակ տալ կրնան իրենց կոչումին ծառայելու համար. բայց ատիկա ամէն մարդու բան չէ, ամէն տաղանդի ալ բան չէ:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026