ՏՈՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ՇԷՆՔ ՉԷ՛

«Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ՚աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները»։ Այսպէս կ՚ըսէ սաղմոսերգուն Սողոմոն, երբ կ՚երգէ Աստուծոյ բարութիւնը փառքի մէջ. (ՍԱՂՄ. ՃԻԷ 1)։

Արդարեւ, «տուն»ը միայն ֆիզիքական շէնք չէ՛. տունը՝ բնակարան է, ընտանիք, ազգատոհմ, երկիր եւ վերջապէս Եկեղեցի՛։ Տունը՝ որպէս ընտանիք, կը նշանակէ առտնին Եկեղեցի։ Իսկ ընտանիք բառի ստուգաբանութիւնը՝ նոյն տանիքի տակ, նոյն տունը գտնուողներու ամբողջութիւնն է։ Եւ ամէն տուն, քանի որ միայն ֆիզիքական-նիւթական շէնք չէ եւ հաւաքուած մարդիկ կը ներկայացնէ, ապա ուրեմն պահպանութեան կարիքը ունի։

Տունը եթէ չհաստատէ Աստուած եւ չպաշտպանէ զայն, ո՛չ մէկ բան կ՚արժեն զայն շինող մարդիկ եւ զայն պաշտպանող պահապաններ, ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոն։ Արդարեւ, տունը՝ ընտանիք է, ազգ, երկիր եւ Եկեղեցի, երբ ան շինած է Աստուած եւ պահպանած է, կը շարունակէ պահպանել զայն։ Եւ եթէ Աստուած չպահէ, չպահպանէ «տուն»ը, ան չի կրնար պահել եւ տեւականացնել իր գոյութիւնը։ Հետեւաբար «տուն»ը իր ամենալայն իմաստով իր գոյութիւնը կը պարտի Շինողին՝ Աստուծոյ, որքան ալ ան շինուած ըլլայ մարդոց ձեռքով։ Արդարեւ, մարդոց շինածը միայն շէնք մըն է եւ Աստուծոյ միջամտութեամբ ան կ՚ըլլայ «տուն»՝ իր բոլոր հանգամանքներով եւ յատկութիւններով։ Եթէ Տիրոջ օրհնութեամբ չէ օժտուած տունը, չէ պահպանուած Անոր հայրախնամ շնորհքով, անխուսափելի են դժբախտութիւն, ձախողութիւն, աղէտ, աղքատութիւն։

Հետաքրքրական է «տուն» գաղափարի պատմականը։ Ուստի, մարդիկ նախապէս վրանաբնակ էին։ Վրանը ջրհեղեղէն առաջ հնարուեցաւ՝ ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ԾՆՆԴ. Դ 20), եւ շատ յարմար էր հովուական եւ շրջիկ ապրելակերպի համար։ Ապա Յակոբ շինեց իրեն համար տուն, ինչպէս տեսնուեցան խրճիթ կամ հիւղ՝ պահապաններու պաշտպանութեան համար։

Եգիպտոսի մէջ տեսնուեցան գեղեցիկ տուներ՝ որոնցմէ ներշնչուած իսրայէլացիներ, իրենք ալ երբ եկան Պաղեստին, սկսան շինել տուներ եւ հաւանական է, թէ հրէից թագաւորներու ժամանակ ճարտարապետական արուեստը ունեցաւ բաւական յառաջդիմութիւն. Սողոմոնի պալատը՝ որ շինուեցաւ փիւնիկեցիերու օգնութեամբ՝ յայտնապէս ցոյց կու տայ այս յառաջդիմութիւնը։ Երեմիա կը նկարագրէ իր ժամանակի շէնքերուն շքեղութիւնը. (ԵՐԵՄ. ԻԲ 14)։

Աղքատներու տուները կը շինուէին ընդհանրապէս հողով կամ շաղախով։ Հարուստներու տուները կը շինուէին ընդհանրապէս քառակուսի ձեւով եւ աւելի հաստատուն։

Հին ժամանակի դռնափակները կամ աղխերը, այսինքն՝ դռները կղպող գործիքները փայտէ էին, եւ ատամնաւոր կամ ճանկաւոր նիգ մը մէկ դի կամ միւս դի սահեցնելով՝ դուռը կը կղպուէր եւ կը բացուէր. (ԴԱՏ. ԺԶ 3), (ԵՍ. ԽԵ 2), (ԵՐԳ. Ե 5)։

Տան դռներուն վրայ, Օրէնքէն խօսք մը կամ հատուած մը կը գրուէր իբրեւ վերնագիր։

Եւ այս վերջինը ցոյց կու տայ տան շինութեան եւ պահպանութեան նկատմամբ Աստուծոյ ընծայուած հաւատքը եւ վստահութիւնը…

Առակաց Գիրքը կ՚ըսէ, թէ՝ վստահելի են Աստուծոյ ճամբաները։ Ուստի, պէտք է վստահիլ Աստուծոյ, ինչպէս զաւակ մը կը վստահի իր ծնողքին։ Մանուկը գիտէ, թէ ծնողքին ապաւինիլ զինք ապահով եւ անվտանգ վիճակի մէջ կը թողու։ Քանի որ ծնողքը իր ամէն գործերուն մէջ անկե՛ղծ է։

Աստուած կառավարիչ եւ տնտես կարգած է մարդը աշխարհի վրայ եւ աշխարհի գործերուն կառավարութիւնը յանձնած եւ վստահած է անոր։ Ուստի, մարդ պէտք է հաւատարիմ ըլլայ իր պարտականութեան, պարտաճանաչ եւ գիտակից իր պատասխանատուութեան։ Անշուշտ, ամէն մարդ իր կարողութեան եւ տարողութեան չափով։

«Հոգեւոր տուն»ը կը սկսի հոգեւոր ընտանիքով՝ ուր կը սկսի ամէն հոգեւոր կեանք, հոգեւոր ընտանիք՝ Աստուծոյ հովանիին տակ։ Այս պատճառով անհրաժե՛շտ է հոգեւոր նորոգութիւն, անհրաժե՛շտ է անդրադառնալ, թէ տուները միայն ֆիզիքական շէնքեր չեն, հոն է ամբողջ պատմութիւն մը՝ սերունդ, ազգ, երկիր եւ Եկեղեցի՛…։

Չի՛ բաւեր հայերէն խօսիլ, պէ՛տք է նաեւ հայերէն աղօթել, քանի խօսքը կը բխի սրտէն եւ մտքին մաղէն անցնելով լսելի կ՚ըլլայ։ Հոգեւոր նորոգութիւն կը նշանակէ՝ նորոգել ընտանիքը, ազգը, նորոգել կեա՛նքը։

Հոգեւոր նորոգութիւնը կը սկսի «տուն»էն… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2026