ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ

Մարդկային յաջողութեան ու ձախողութեան մէջ ճակատագիրն ու բախտը ինչքանո՞վ դեր ու տեղ ունի՝ չենք գիտեր, սակայն, կրնանք յստակ ըսել, որ ճակատագիրէն աւելի այդտեղ բաժին ունի մարդկային բանականութիւնը, սպասումներն ու տկարութիւնները՝ մանաւանդ բախտը։ Պատահականութիւնը որոշ չափով իր դրական դերը ունի, սակայն, վերջնական եզրակացութիւնը տրուած էր մարդուն եւ մարդ ինքզինք արդարացնելու համար ինչքան ալ ուրիշները մեղադրէ, ներքուստ գիտէ, թէ վերջաւորութեան ի՛նքն է պատասխանատուն իր հետ կատար-ւած բոլոր դրական ու բացասական երեւոյթներուն՝ նոյնիսկ եթէ անոնք տեղի ունեցած են իր կամքէն անկախ: Մարդկային կեանքի մէջ բացասական երեւոյթները մեծ մասամբ համբերութեան պակասի պատճառով է, որ տեղի կ՚ունենան։ Գրեթէ բոլորը ապագայէն աւելի կը նախապատուեն ներկան եւ հետեւաբար ամէն որոշում, ամէն ձգտում ապագայէն աւելի ներկային համար տեղի կ՚ունենայ։ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մարդ արարած երբ պարտաւոր է սպասել՝ շատ աւելի առողջ որոշումներ կը կայացնէ, սակայն, շատ մը պարագաներու երբ սպասելու պարտաւորութիւն գոյութիւն չունի, շատ աւելի դիւրաւ սխալ որոշումներու կրնայ յանգիլ։ Օրինակի համար, եթէ անձ մը նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ չըլլալով անհրաժեշտ գումարի կարիքն ունի, առանց պարտքի տոկոսը նկատի առնելու, առանց ապագայ հետեւանքները զննելու՝ որոշում կը կայացնէ, որովհետեւ պարտքով վերցուած այդ գումարը ի վիճակի է ներկան փրկելու եւ մարդ արարածը իր ներկան փրկելով կը լեցուի ապագան փրկելու յոյսով։ Գուցէ ապագայ հետեւանքները ներկայ դժուարութենէն շատ աւելի բարդ ու անլուծելի ըլլան, սակայն, մարդկային միտքը կ՚անտեսէ այդ մէկը, որովհետեւ ներկայ մտահոգութիւնը շատ աւելի մեծ ըլլալով առիթ չի տար ապագայ շատ աւելի մեծը տեսնելու: 

Հոգեբանական վերլուծութիւններ կը փաստեն, որ դժուարութիւնները մարդկային մտածողութեան վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան։ Դժուարութեան մէջ գտնուող մարդը կ՚ունենայ աւելի սահմանափակ ուշադրութիւն։ Անշուշտ, այս մէկը մարդուն անկարողութիւնը եւ կամ տկարութիւնը ցոյց չի տար։ Բացատրենք այսպէս. համակարգիչին մէջ բաց ձգուած ծրագիր մը՝ գործածուի թէ ոչ, համակարգիչին ուղեղին մէջ «տեղ» կը գրաւէ։ Բաց մնացած այդ ծրագիրը համակարգիչին ուժը կը սպառէ։ Նոյնն են նաեւ մարդկային դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Մարդ ինչքան ալ փորձէ կենդրոնանալ, այլ գործերու վրայ ծանրանալ, մտքին մէջ խնդիրները անդադար արթուն կը մնան եւ այդ մէկը կամայ-ակամայ կը յոգնեցնէ ուղեղը։ Երբ մարդ արարած դժուարութեան մէջ չէ, ուղեղը շատ աւելի կեդրոնացած կ՚ըլլայ ապագայի ծրագիրներուն եւ յաջողութիւններուն վրայ, իսկ դժուարութեան պահուն ապագան մոռցած՝ ներկայ գոյատեւումը առաջնահերթ կը դարձնէ։ Այդ վիճակին մէջ է, որ մարդ շատ աւելի արագ կ՚արձագանգէ եւ սակայն, շատ աւելի քիչ կը խորհի։ Խաղաղ պայմանի մէջ մարդ հակառակը կ՚ընէ. շատ աւելի երկար կը խորհի ու կը մտածէ՝ քան կ՚արձագանգէ: 

Օրինակը վերցնենք այսպէս. անյայտ ցամաքամասի մը մէջ արդէն իսկ սովամահ ըլլալու վտանգը ունեցող անհատ մը կը մտածէ, թէ այդ օր ինչ պիտի ուտէ, որպէսզի պահէ իր գոյութիւնը։ Այդ անձը ի վիճակի չէ մտածելու, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ ամիս մը կամ շաբաթ մը ետք։ Մարդկային դժուարութիւնը ինչքան մեծնայ՝ այնքան կը նեղնայ ժամանակային հորիզոնը։ Այդ է պատճառը, որ շատ անձեր դժուարութեան պայմաններուն մէջ շատ աւելիով առիթ կու տան սխալներու: Այս հոգեկան վիճակին մէջ պէտք է նկատի ունենալ նաեւ հետեւեալը. մարդ արարած դժուարութեան պայմաններուն մէջ դրականէն աւելի կը կեդրոնանայ բացասական արդիւնքներուն վրայ։ Մարդու միտքը ի վիճակի է բացասական երեւոյթները, արդիւնքներն ու հետեւանքները աւելի արագ յիշել ու մտաբերել՝ քան դրականները, որովհետեւ մարդու համար կորուստի ցաւը, ձախողութիւնը շատ աւելի խոր ազդեցութիւն կը գործէ՝ քան դրական ուրախութիւնը։ Այդ վիճակներու ներքեւ մարդ իր նախորդ ձախողութիւնները աւելիով կը յիշէ՝ քան յաջողութիւնները. Ուրախութիւնները աւելի արագ կը մոռցուին, որովհետեւ այդտեղ լոկ գոհունակութեան զգացում է, մինչ ձախողութիւնը իր մէջ ունի վախ, ցաւ եւ ամօթի զգացում։ Յայտնի ուսումնասիրողներ դիտել կու տան, որ տխրութիւնը ուրախութենէն կրկնապատիկ աւելի զօրաւոր զգացում կը պատճառէ մարդուն։ Յաջողութիւնը վերջացած ու ձեւով մը «քարացած» իրականութիւն է, մինչ ձախողութիւնը տակաւին ենթակայ է ուսումնասիրութեան։ Նոյնիսկ անցեալին տեղի ունեցած ձախողութիւններուն համար մարդ տակաւին կը փնտռէ պատճառներ եւ երբեմն ալ արդարացումներ: 

Որպէս եզրակացութիւն ըսենք, որ դժուարութիւնները մարդուն մէջ թէ՛ հոգեկան եւ թէ մտային տագնապներ կը ստեղծեն եւ այս մէկը մարդկային տկարութեան արդիւնք  չեն։ Այս յօդուածի հիմնական գաղափարը այն է, որ մարդ հասկնայ ու սորվի, թէ դժուարութեան պահերուն պէտք չէ որոշում կայացնել (առնուազն չմտածուած ու ապագայ հետեւանքները նկատի չառնուած որոշումներ): Սպասումով եւ մտածումով առնուած որոշումները շատ անգամ մարդը կը փրկեն այնպիսի սխալներէ, որոնց հետեւանքները ներկայի տագնապէն շատ աւելի մեծ ու խոր կրնային ըլլալ: Արտաքին ազդակները փոխելը այնքան դիւրին չէ։ Անոնք միշտ կառավարելի չեն, սակայն, մարդկային կամքը, մտածումներն ու որոշումները մեր ձեռքն են. հո՛ն է իմաստութիւնը:

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդ անհատի նկարագրային բարձրութեան գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը ինքնազսպութիւնն է անկասկած:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2026