ԵՐԿՈՒ ԿԵՐՊ ԾՆՈՒՆԴ

Մարդիկ երկու կերպ ծնունդ ունին. մարմնական եւ հոգեկան։ Մարմնական ծնունդը մեղանչական մասն է եւ մահացու, որ ենթակայ է ապականութեան։ Հոգեկան ծնունդը անմեղութեան եւ սրբութեան ծնունդն է, որ մահ եւ ապականութիւն չունի, քանի որ «Մարմինէն ծնածները մարմին են եւ հոգիէն ծնածները՝ հոգի՛»։

Այս մասին Պօղոս առաքեալ աւելի լայն բացատրութիւն կու տայ, երբ կ՚ըսէ. «Անոնք որ մարմինի կեանքը կ՚ապրին՝ մարմինի վերաբերեալ բաները կը խորհին, իսկ հոգիի կեանքը ապրողները՝ հոգիի վերաբերեալները, որովհետեւ մարմնի խորհուրդը մա՛հն է, եւ հոգիին խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութի՛ւն»։

Մարմնական երկրաքարշ եւ աղտոտ կիրքերու դէմ՝ որոնք հոգին կը նուաստացնեն, ջլատելով ազնիւ զգացումները մարդուն, Պօղոս առաքեալ ինն առաքինութիւններ կը դնէ եւ կ՚անուանէ զանոնք «նորէն ծնած հոգիին պտուղը»։ Ես այս բոլոր հոգեկան առաքինութիւններու մէջ ամենէն էականը եւ գլխաւորը սէ՛րն է։ Միթէ անոր ծոցէն չե՞ն բխիր գութը, քաղցրութիւնը, համբերութիւնը, հեզութիւնը, հաւատքը, խաղաղութւնը։ Սէ՛րն է, որ կը կատարելագործէ մարդը։ Սէրը կ՚աստուածանայ մարդուն սրտին մէջ եւ կ՚աստուածացնէ մարդը. չէ՞ որ Աստուած Ինք բացարձակ Սէր է, եւ սիրոյ Աստուածը սրբութիւն կը պահանջէ։

«Ես եմ ձեր Աստուածը». ուստի «սրբեցէք ձեր անձը եւ սուրբ եղէք, որովհետեւ Ես սուրբ եմ». (ՂԵՒ. ԺԱ 44)։ Քրիստոս ալ միեւնոյն իմաստով եւ միեւնոյն նպատակով կ՚ըսէ. «Կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Է 48)։ Ուստի, կատարեալ սիրոյ եւ սրբութեան մէջ, կատարեալ գթութեան եւ ներողամտութեան մէջ Քրիստոսի կեանքը ապրիլ՝ Աստուծոյ նմանիլ կը նշանակէ, այն՝ որ մարմնացումն էր սիրոյ, սրբութեան, գթութեան, ներողամտութեան, խոնարհութեան եւ հնազանդութեա՛ն։

Արդարեւ, մարդ արարածին մէջ կան երկու հզօր ուժեր՝ որոնք կրնան բարոյական-հոգեւոր աշխարհներ կանգնել կամ կործանել՝ հաստատել կամ քանդել. սէր եւ շահ, կամ «ուրիշ»ին արժէք տալ եւ կամ միայն ինքզինք տեսնել աշխարհի կեդրոնը։ Շահի ուժը միշտ իրենինը կը փնտռէ, եւ զայն ձեռք անցընելու՝ անոր տիրելու համար ոտքի տակ կ՚առնէ մարդկային ամենէն նուիրական զգացումները։ Զոհեր կը մատուցանէ այդ պաշտուած շահի կուռքին. կը զոհէ ամէն ինչ՝ իր ընկերոջ կեանքը, նոյնիսկ իր պատիւը եւ կեանքը։ Ան իր փափաքած փառքին՝ դիրքին եւ աստիճանին տիրելու եւ հասնելու համար, իր ինկած ընկերոջ «արիւնոտ դիակներէն սանդուխներ» կը շինէ շատ անգամ անխղճօրէն։

Շահամոլին ներքին շահասիրութեան զգացումներուն թելերը ձայն մը միայն կը հանեն. «Ի՛մս է». վերջապէս շահը այն բիրտ եւ վայրագ ուժն է, որ կը քանդէ, կը կործանէ, ի՛նչ որ իրենը չէ։ Անոնք, որոնք դեռ կ՚ապրին «հին մարդ»ը, իրենց մէջ գործող ահաւոր եւ աւերիչ ուժը՝ շա՛հն է, ջիղը այս նիւթական աշխարհին՝ որուն առանցքին վրայ կը դառնան շարունակ՝ ոսկիէ հորթը պաշտողներու հոգիները։ Դեռ անոնց մէջ անյագ ցանկութիւններու լկտի աստուածներու ձայնն է, որ կը լսուի, իսկ «նոր մարդ»ուն մէջ, ուր Քրիստոս Ի՛նք կ՚ապրի, սէ՛րն է, որ կը գործէ։

Այն գութի, կարեկցութեան, քաղցրութեան, հեզութեան, խոնարհութեան Աստուածը՝ որ կը կանգնէ՝ կը շինէ սիրտերը իբր անձեռագործ տաճարներ՝ Իր սիրովը օծուն, եւ ուր Ինք կը բնակի. «Դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարներն էք»։

Սէրը, արդարեւ, բոլոր առաքինութիւններու, բոլոր մեծագործութիւններու, բոլոր օրէնքներու հիմը եւ խարիսխն է. ան է անուշ ներդաշնակութիւնը մեր կամքին. զօրեղ զսպանակը մեր յոյզերուն եւ զգացումներուն։ Մարդիկ սիրոյ երկնային ներշնչումներուն տակ իրարու հանդէպ գթութեան հրեշտակներ կը դառնան. մինչ շահասիրութեան արբշիռ հեշտանքին տակ՝ հրէշնե՛ր։

Վերստին ծնած «նոր մարդ»ուն սիրտը աննենգ եւ սուրբ սիրով մը միայն կը բաբախէ եւ կը ստիպէ, կը մղէ զայն սիրել՝ ոչ միայն իր ընկերը, այլ եւ իր հակառակորդն ալ, նոյնիսկ թշնամին։ Ահա՛, այս մեծ եւ վսեմ սկզբունքը՝ քրիստոնէութիւնն էր, որ ծնաւ փառասիրութեան, անձնասիրութեան, ոճիրներու եւ ապականութիւններու մահահոտ դարերու ծոցէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2026