«ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ» - Ա -

Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը սնարի գիրք մը եղած է մեզի համար՝ ուր կարելի է գտնել բազմաթիւ պատմական դէպքեր, որոնք կու տան դասեր, որպէս շահեկան, օգտակար տիպարներ։

Ուստի, ստորեւ կը ներկայացնենք այս գիրքէն հատուած մը՝ «ԿԲ Դամասկոս, 1918 Փետրուար 18/3 Մարտ Կիր.» խորագրով՝ նոյնութեամբ, հաւատարիմ մնալով իր բնագրին։

*

Մայր Աթոռոյ հետ յարաբերութեան մը միջադէպը պատեհ կ՚ընծայէ ուրիշ յարաբերութեան մը յիշատակութիւնն ընել։ Ժամանակէ մը ի վեր ընդհանուր խօսակցութեանց եւ լրագրական յօդուածոց նիւթ եղած էր այրիացեալ քահանայից վիճակը, զորս իբր անտանելի եւ անելանելի կացութեան մատնուած կը նկարագրէին, եւ իբրեւ միակ դարման կրկնամուսնութեան արտօնութիւն տալը կը ցուցնէին։ Երբոր խօսքերը ընդարձակուեցան եւ Մայր Աթոռին դիմումներն ալ սկսան, կարծես թէ Խրիմեան կաթողիկոսն ալ պահ մը զիջանելու միտք ունեցաւ, բայց առաջուց գլխաւոր աթոռներու կարծիքն ալ լսել ցանկաց, եւ Կիլիկիա ու Երուսաղէմ ու Կ. Պոլիս իր պաշտօնագիրները հասան։ Խապայեանի եւ Վեհապետեանի կարծիքները արտօնութեան հակառակ յայտնուեցան եւ հնաւանդ ցանկը խրամատել անճահ եւ անօգուտ համարեցան։ Նոյն եղած էր Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին Կրօնական Ժողովով տուած պատասխանը, եւ որովհետեւ ես Ինքս գրի առի ժողովական թուղթը, ներուի ինծի անոր ամփոփումը տալ իբրեւ անձնական յիշատակաց մաս կազմող նիւթ մը։

Նախեւառաջ իբրեւ փաստ առարկեցի Առաքեալի -միոյ կնոջ այր- ըսելը, ցրելով ոմանց մեկնութիւնը թէ խօսքը բազմակնութեան վրայ եղած ըլլայ, զի բազմակնութիւնը քրիստոնէից համար ենթադրելի իսկ չէ, եւ բոլոր եկեղեցիներ ի սկզբանէ եւ յաջորդական կրկնամուսնութեան վրայ իմացած են, եւ երկիցս ամուսնացողները՝ իբր անկանոն՝ ձեռնադրութիւն չեն ընդունած։ Այդ կողմէն բովանդակ քրիստոնէութեան համիմաստ կանոնը ըստ ինքեան ալ յատուկ փաստ կը կազմէ։ Վերջապէս Առաքեալին խօսքը բաղդատութեան դրած եմ այրեաց համար կրկնած -միոյ առն կին լեալ- կանոնին հետ, զոր հնար չէ երբեք բազմայրութեան վրայ իմանալ, որ ոչ մի կրօնքի մէջ ընդունուած չէր։

Առանձինն փաստի նիւթ ըրած եմ եկեղեցական պիտակին բացառիկ պատիւին փոխադարձաբար բացառիկ զրկում պահանջելը, որպէսզի եկեղեցականը հասարակ դասակարգէն վեր մնայ, եւ ժողովրդականաց վայելած դիւրութիւններէն զրկուելով իւր բարձրութիւնը պահէ, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ նաեւ զբօսարաններ եւ սրճարաններ չյաճախելովը, եւ թատրոններէն զրկուելովը, որոնք ըստ ինքեան արգիլեալ կամ ապօրէն գործեր չեն, բայց եկեղեցականներու թոյլատրուած չեն, միայն դասակարգի պատիւին համար։

Այրի քահանայից վիճակին իբրեւ դարման եւ անժոյժ կուսակրօններու ձգտումներուն իբր յագուրդ՝ բաց թողուած է վերստին կամ նոր ամուսնութիւնը, միակ պայման ունենալով եկեղեցական պաշտօնավարութենէ եւ եկեղեցականութենէ հրաժարիլ։

Իսկ կամովին հրաժարիլը իբր յանցանք կամ իբր անպատուութիւն նկատուած չէ երբեք, միայն թէ տեղի չունենան այնպիսի պարագաներ, որոնք պարզ աշխարհականներու վրայ ալ անպատուութիւն կամ յանցապարտութիւն կը հրաւիրեն։ Իսկ եթէ ըսուի որ քահանայութենէ դուրս շահուելու եղանակ չեն գտներ, շատ անհիմն պատճառանք մը եղած կ՚ըլլայ, վասնզի ենթարդելու իսկ չէ որ քահանայութիւն վարելու կարող անձ մը ուրիշ որեւէ գործի կամ պաշտօնի անկարող ըլլայ։

Դիտել տուած էի եւս, որ եկեղեցականութիւնը օրինական պարտք մը չէ, այլ կամաւոր յանձնառութիւն է, եւ կամովին յանձնառու եղող անձը պէտք չէ դժուարի յանձնառութեան պայմաններուն ալ ենթարկուելու…

- Անճահ = անվայել, անպատշաճ, անյարմար, անտեղի… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի…

Մայրիս 23, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026