«ԱՊԱԳԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ»
Շատեր կը կարծեն, որ մեր իրականութեան մէջ «համաշխարհայնացում» բառը սկսաւ տարածում գտնել 21-րդ դարու սկիզբները, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Համաշխարհային մշակոյթ մը ունենալու գաղափարը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունէր մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարի առաջ եւ այս մէկը աշխարհի միւս պետութիւններուն համար գաղտնիք մը չէր։ Ամերիկա կը դիտուէր որպէս «տարբեր» կամ «երկրորդ» աշխարհ, իսկ մարդիկ երկու մասի բաժնուած այդ մշակոյթին դրական ու բացասական ըլլալը կը բարձրաձայնէին. մին լուրջ մտահոգութեամբ կը մօտենար անոր, իսկ ուրիշ մը անտարբերութեամբ՝ հաւատալով, որ մշակոյթները «յաւիտենական» են եւ չեն կրնար ազդեցութիւն կրել:
Ամերիկայի «կործանարար» մշակոյթի ինչութիւնը Եւրոպայի մէջ լուրջ վէճեր յառաջացուց. հակառակ կարծիքներու կռիւ մը սկիզբ առաւ մա՛նաւանդ՝ 1930 թուականին, երբ ֆրանսացի բժիշկ եւ մտաւորական Ժորժ Տիւհամէլ (Georges Duhamel) Ամերիկայէն վերադարձին հրատարակեց իր «Ապագայ կեանքի տեսարաններ» խորագրեալ գիրքը (Scènes De La Vie Future)։ Մտաւորականը ամերիկացիներուն կեանքը «ապագայ» կեանք կոչեց, որովհետեւ համոզուեցաւ, որ ամերիկացիներ ապագային պիտի յաջողին իրենց մշակոյթը ամբողջ աշխարհին վարակել։ Ֆրանսացի մտաւորականին այս գիրքը աղմուկ բարձրացնելով թարգմանուեցաւ անգլերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն, ռուսերէն եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու: Հրատարակութեան առաջին տարին իսկ գիրքը Ֆրանսայի մէջ ծախուեցաւ աւելի քան հարիւր հազար օրինակ: Անշուշտ, այս աշխատութիւնը իր արձագանգը գտաւ նաեւ Ամերիկայի մէջ։ Շատեր քննադատեցին գրողը, որովհետեւ զբօսաշրջիկ մը իր կարճ այցելութեան ընթացքին չէր կրնար Ամերիկայի կեանքը լաւագոյնս ուսումնասիրել եւ անոր շուրջ քննադատական գիրք մը հրատարակել։ Ժողովուրդի մը քաղաքակրթութիւնը ուսումնասիրելը իր մէջ պարտի ներառել պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու համոզումները, ինչ որ կը կազմեն հասարակութեան իմացական աշխարհը: Ի դէպ, բացորոշ է, որ Ժորժ Տիւհամէլ Ամերիկայի կեանքը ներկայացնելէ աւելի միտում ունէր վարկաբեկել ու քննադատել Ամերիկայի քաղաքակրթութիւնը. այս միտումը կարելի է հասկնալ իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ բարձրաձայնած հետեւեալ միտքէն. «Ի դէպ, ես այս բոլորը ըսելու համար Ամերիկա երթալու կարիքը չունէի։ Կրնայի գիրքիս մեծ մասը գրել նոյնիսկ առանց Փարիզէն դուրս գալու. առանց Ամերիկան տեսնելու կրնայի կանխազգալ ամերիկեան քաղաքակրթութիւնը»:
Ի սկզբանէ պարզ էր, որ հեղինակը չի սիրեր Ամերիկան։ Ան այս մէկը բացէ ի բաց կը յայտնէ իր գիրքին մէջ ըսելով. «Ես այլեւս Ամերիկան չեմ սիրեր, որովհետեւ այդտեղ մարդը կը փոխարինուի մեքենայով»։ Տարօրինակ է, որ 96 տարիներ առաջ լրջօրէն կը տեսնէր այս վտանգը, որ մենք մեր օրերուն յատուկ ըլլալ կը կարծենք՝ մա՛նաւանդ արհեստական բանականութեան ստեղծումէն վերջ։ Ի դէպ, պէտք է ըսենք, որ 1930-ական թուականներուն այս վտանգը տեսնողը միայն Ժորժ Տիւհամէլը չէր. օրինակի համար, գրող եւ մտաւորական Ալտուս Հալքս (Aldous Huxley) եւս այդ թուականներուն կը գրէր. «Ամերիկան ապագայի համար տարրալուծարան է, ուր մարդը կը վերածուի սպառողի»:
Վերջապէս այս քաղաքակրթութիւնը վտանգաւոր նկատուի թէ ոչ, իրականութիւն է, որ լուրջ մտահոգութիւն առաջացուցած է եւրոպացի մտաւորականներուն մօտ։ Ժորժ եւ իրեն նման մտաւորականներ ինչքան ալ չսիրեն Ամերիկան՝ միեւնոյնն է. մէկ բան կը շարունակէ մնալ իրողութիւն. այնպէս ինչպէս գիրքին վերնագիրը՝ «Ապագայ կեանքի տեսարաններ»ը կը վկայէ, թէ այդ կեանքը պիտի ըլլար ամբողջ մարդկութեան:
Անշուշտ, այս քաոսին մէջ իրենց բաժինը բերին նաեւ Ամերիկայի մտաւորականները, որոնք իրենց երկիրը պաշտպանելով դիտել տուին, որ հեղինակը իր շեշտը միայն ու միայն դրած է բացասական երեւոյթներու վրայ՝ մոռնալով միւս դրականները։ Ամերիկացի բազմաթիւ մտաւորականներ նեղացած են, որ հեղինակը վատերուն կողքին չէ յիշած այն բարձր մշակոյթը, որ տարածուած է Ամերիկայի մէջ։ Անոնց կարծիքով՝ Ժորժ գրած է այն բոլորին մասին՝ ինչ ուզած է տեսնել: Անշուշտ, ի պատասխան այս քննադատութեան՝ գիրքին հեղինակը ստիպուած եղած է յայտարարել, որ «Ապագայ կեանքի տեսարաններ» գիրքի քննադատութիւնը կը վերաբերի լոկ քաղաքակրթութեան եւ ո՛չ ժողովուրդին։ Հեղինակը դիտել տուած է, որ այդ բոլորը պարզապէս նիւթեր են իրեն համար յօդուածներ ու գիրքեր գրելու եւ հետեւաբար ամերիկացի ժողովուրդին հետ առանձնապէս խնդիր չունի։ Անշուշտ, այս մէկը չէ կրցած համոզել ամերիկացի մտաւորականները. անոնցմէ մին գրած է. «Ժորժ Տիւհամէլ չի կրնար երկու հարիւր եւ աւելի էջերու մէջ երկիր մը ոտնակոխ ընել՝ խօսիլ սխալներու, անարդարութիւններու մասին եւ չափազանցութիւններ գրի առնել եւ ապա մեղմելու համար ըսել «գրելու նիւթեր» են»:
Անշուշտ, այստեղ Ամերիկայի մասին եղած քննադատութիւններէն աւելի կարեւոր է մտածել հետեւեալ հարցին շուրջ. ինչո՞ւ մտաւորականը վստահ էր, որ մարդկային ապագայ կեանքը այդ տեսքը պիտի ունենայ. ինչո՞ւ վստահ էր, որ ամերիկեան քաղաքակրթութիւնը պիտի յաջողէր ամբողջ աշխարհը «գրաւել». իսկ աւելի կարեւորը՝ ինչո՞ւ քաղաքակրթութիւններ այս արշաւին դիմաց պիտի չկարենային իրենց սեփականին կառչած մնալ ու պահել։ Եթէ մեղաւոր է Ամերիկան, նոյնքան մեղաւոր չէ՞ այլ քաղաքակրթութեան տէր ընկերութիւնը՝ որ «պարտուած» դուրս կու գայ այս պարագային ամերիկեան քաղաքակրթութեան դիմաց:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Աւելի
հաճելի է՝ ազնուօրէն «ո՛չ» ըսել՝ մեզմէ խնդրուած բանի մը, քան կէս սրտով եւ դժկամութեամբ «այո՛» ըսել:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան