ՁԱԽՈՂԻԼՆ ԱԼ ՅԱՋՈՂԻԼ Է
Մարդկային կեանքի մէջ յաջողութիւնը ունի գաղտնիք մը. ձախողութիւն. յաջողութիւնը գոյութիւն ունի պարզ այն պատճառով, որ գոյութիւն ունի ձախողութիւնը: Տեղեակ չե՛նք, թէ ո՞վ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յաջողեցաւ «ձախողութիւն»ը որպէս բացասական երեւոյթ ներկայացնել հանրութեան՝ շատ անգամ ստանալով նոյնիսկ «պարտութեան» իմաստ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ձախողութիւնը ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ նոր առիթ դարձեալ սկսելու, սակայն, այս անգամ ա՛լ աւելի խելամիտ ձեւով: Անշուշտ, սխալը արմատական է. տակաւին դպրոցական տարիքէն մեզի կը սորվեցնեն, որ «ձախողիլ»ը սխալ է. ամօթ է ոչ-բաւարար արդիւնքներ հաւաքելով նոյն դասարանը կրկնելը։ Սկզբունքով նիշերու եւ դասարանը կրկնելու գաղափարը ո՛չ թէ պատիժ է աշակերտին համար, այլ առիթ, որպէսզի յաջողի միւս տարի շատ աւելի լաւ հասկնայ ու ըմբռնէ դասերը, որովհետեւ դպրոցի մը հիմնական նպատակը ո՛չ թէ մէկ առ մէկ դասարանները բարձրանալն է, այլ լաւագոյն ձեւով տրուածը հասկնալ ու ըմբռնելն է։ Այս մէկը լաւապէս հասկցող ուսուցիչներ յաճախ գրաւոր-քննութենէն ետք կը յանձնարարեն, որ աշակերտը ուշադրութեամբ աչքէ անցընէ սխալները՝ որպէսզի անոնց վրայ կեդրոնանալով այդ սխալները դարձեալ չկրկնէ, սակայն, այդ մէկը իրականութենէն հեռու կը մնայ։ Ծնողքը առանց նկատի ունենալով սխալները, այդ սխալներուն հիմնական պատճառները որպէս չափանիշ կը վերցնէ նիշը եւ անոր հիման վրայ «դրական» կամ «բացասական» ընթացք կ՚որդեգրէ:
Ձախողութեան հանդէպ մեր ունեցած սխալ ըմբռնումն է, որ մեր զաւակները կ՚առաջնորդէ դէպի «պատրուակ»։ Աշակերտը հանդարտութեամբ իր սխալները սորվելու, զանոնք սրբագրելու փոխարէն՝ վախի հոգեբանութեամբ կ՚ուզէ պատրուակ եւ արդարացում գտնել եւ իր ժամանակը այդ սխալներուն հիմնական պատճառը փնտռելու փոխարէն՝ կը վատնէ պատճառաբանութիւններ յօրինելով, որովհետեւ կը տեսնէ, թէ ծնողքը եւս հետաքրքրուած չէ այն սխալներով, որոնք ինք կատարած է։ Հիմնականը նիշն է եւ հետեւաբար աշակերտը ճիշդն ու սխալը մոռցած կը սկսի ապրիլ ու պայքարիլ նիշի համար, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ, որ գրաւորէն մի քանի օրեր ետք ամբողջ տեղեկութիւնը մոռցած ըլլայ, որովհետեւ ինք սորված է ո՛չ թէ սորվելու եւ զարգանալու՝ այլ լաւ նիշ ապահովելու համար:
Ազգեր, ընկերութիւններ ու անհատներ կը յառաջդիմեն ձախողութեան հիմնական պատճառները գտնելով ու զանոնք սրբագրելով։ Օրինակը մեր ազգէն վերցնենք. վերջին պատերազմը՝ որ մեր պարտութեամբ վերջ գտաւ (թէեւ իշխանութիւնները չեն ընդունիր այդ մէկը եւ կը պնդեն, որ Հայաստան խաղաղութիւն պարտադրեց՝ չըսելու համար յաղթեց), պատերազմէն ետք նոյն պատրուակը լսուեցաւ. «հակառակորդը զօրաւոր էր»։ Սակայն, պարտութեան պատճառը ո՛չ թէ հակառակորդին զօրաւոր ըլլալն էր, այլ Հայաստանին տկար ըլլալը։ Հայը պէտք է նստի եւ լրջօրէն մտածէ, թէ Հայաստան ինչո՞ւ նոյնքան զօրաւոր չէր. այն ժամանակ է, որ պատրուակէն պատճառին անցում կատարած կ՚ըլլանք:
Ձախողութեան հանդէպ մեր ունեցած մէկ այլ սխալն ալ անուանական սխալի փնտռտուքն է։ Բացատրենք. կ՚ուզենք գիտնալ, թէ ո՛վ է սխալողը եւ կը սկսինք այդ սխալողը դատել եւ կամ չդատել անուան հիման վրայ։ Այս մէկը սկզբունքի պակասէն յառաջ կու գայ. եթէ այս մէկը որպէս սկզբունք սխալ է մեզի համար, ապա սխալ պիտի ըլլայ ամէ՛ն պարագայի՝ անկախ այդ սխալը գործողէն։ Այս գիտակցութեան պակասն է, որ մեր մօտ ձախողութիւնը շատ աւելի ձախող ընթացքի կը վերածէ։ Բացատրենք այսպէս. ենթադրենք կուսակցականի մը համար որպէս սկզբունք դրօշակ այրելը սխալ է. այդ արարքը սխալ պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ընողը իր կուսակցութեան գլուխը գտնուողները ըլլան. սխալ պիտի ըլլայ նոյնիսկ եթէ իր ամենէն մօտիկները ի գործ դնեն այդ մէկը, որովհետեւ այդտեղ ընողէն աւելի արարքն է կարեւորը։ Ո՞վ պիտի ընդունէր, որ իր կատարած արարքը պատժուէր, սակայն, նոյն արարքին համար երկրորդ, երրորդ անձ մը գնահատանքի արժանանար։ Պահ մը պատկերացուցէք, Աստուած եւս իր ստեղծածները դատէր նոյն սկզբունքով։ Ազգովին պէտք է հասկնանք, որ կան սխալներ եւ ճիշդեր՝ անկախ զանոնք գործադրողներէն։ Ձախողութենէն անկախ նոյնն է պարագան դրական աշխատանքներուն. երբ դրական աշխատանք մը կատարուի, մենք աշխատանքը գնահատելէ առաջ կ՚ուզենք ստուգել, թէ ո՞վ է այդ աշխատանքը կատարողը՝ որպէսզի ըստ այնմ մեր գնահատականը եւ կամ քննադատականը կատարենք:
Հետեւաբար, որպէս միտք բանի, ձախողութիւնները դրական դասերու վերածելու համար նախ եւ առաջ պէտք է ունենանք սկզբունք. սկզբունքը սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն՝ նոյնիսկ ամենէն պարզ երեւոյթներէն սկսելով։ օրինակի համար, նոյն սխալին համար եթէ ծնողք մը կը բարկանայ մէկ զաւկին, սակայն, միւսին հանդէպ աւելի մեղմ կը վարուի՝ սկզբունքը ոտնակոխ ըրած կ՚ըլլայ։ Նոյն չարութեան համար եթէ մէկը պատիժի, սակայն, միւսը սիրոյ կ՚արժանանայ՝ ոտնակոխ եղած կ՚ըլլայ սկզբունքը։ Այս սկզբունք ըսուածը խօսքով կամ դասագիրքով կարելի չէ փոխանցել. լաւագոյն ձեւը օրինակ դառնալն է:
Հետեւաբար պէտք է սորվինք եւ մեր զաւակներուն սորվեցնենք սխալներէն չվախնալ։ Յայտնի մտաւորական մը կ՚ըսէ. «Մարդ մը, որ երբեք չէ սխալած՝ կը նշանակէ նոր բաներ չէ փորձած երբեք»։ Մարդկային կեանքը կը զարգանայ ու կը յառաջդիմէ նոր բաներ սորվելով:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կան բաներ, որոնք դպրոց երթալով կարելի չէ սորվիլ, սակայն, կեանքը ապրելով, փորձառութեամբ զանոնք կրնանք սորվիլ:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան