ՄԱՐԴՈՒ ՅՈՒԶԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՊԱՏՃԱՌ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ

«Քաջ նոր աշխարհ» աշխատութեան մէջ հեղինակ Ալտըս Հաքսլիի լայն տեղ կու տայ հաւատքին եւ կը քննադատէ մարդկային հաւատքը, շատ անգամ այդ մէկը իմաստէն բաժնուած ու արհեստական նկատելով։ Հեղինակը դիտել կու տայ, որ աշխարհի մէջ փոփոխութիւն կը կրէ մարդոց հաւատքը. եթէ անցեալին մարդ իրապէս կը հաւատար, այսօր աւելի կը փորձէ այդ մէկը՝ քան իրապէս կ՚ընէ: Անոր համոզումով՝ մարդիկ կամաց-կամաց կը հասնին այնպիսի տեղ մը, ուր կ՚աղօթեն, կ՚երգեն, բառերը կ՚արտասանեն ու շարժումները կը կրկնեն, սակայն, անոնց ներսը ոչինչ կը կատարուի. եթէ անցեալին հաւատացեալը այդ բոլորին մէջ զԱստուած կը գտնէր, ապա այսօր այդ զգացողութենէն հեռու դերասանութեամբ է կը փորձեն ապրիլ: 

Հեղինակը կը հաւատայ, որ պետութիւններ եւս լաւապէս գիտեն ինչպէս շահագործել մարդոց հաւատքը եւ այդ մէկը ծառայեցնել իրենց շահերուն։ Մարդ արարած իր հաւատքին մէջ «բան» մը կը փնտռէ եւ եկեղեցին ու պետութիւնը լաւագոյն ձեւով այդ մէկը հայթայթել կը յաջողի. օրինակի համար, իմաստուն քարոզիչէ մը աւելի անհատականութիւն ունեցող, իր ձայնով ու ոճով մարդիկ գրաւող հոգեւոր առաջնորդ մը կ՚ուզէ տեսնել, հակառակ անոր, որ մարդ կրնայ շատ պարզ ու հասարակ քարոզելով Աստուածաբանական ճշմարտութիւններ փոխանցել։ Սակայն, կարեւոր է նաեւ քարոզիչին արտաքինը, անոր ձայնի ուժգնութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն մէկը մարդոց մէջ յուզականութիւն ստեղծել է: Ան այս մէկը կը դիտէ որպէս ոչ-բռնի հնազանդութիւն։ Մարդկային կեանքի մէջ հնազանդութիւն կարելի է ապահովել կա՛մ բռնութեամբ եւ կամ ամբողջութեամբ հակառակ ձեւով՝ սիրով։ Հեղինակին կարծիքով՝ եկեղեցին երկրորդ ձեւն է, որ որդեգրած է. այլ խօսքով՝ մարդիկ իրենց հնազանդութիւնը, սէրը կը ցուցաբերեն առանց բռնութեան տակ գտնուելու։ Այս մէկը մարդիկը գերի դարձնելու շատ աւելի ազդու ձեւ մըն է անոր համոզումով՝ քան բռնատիրութիւնը։ Մարդ խմբակցութեան մը կապուած ըլլալով հանդերձ՝ ինքզինք ազատ կը զգայ: 

Հեղինակը կը հաւատայ, որ հաւատքը մարդոց մէջ նոյնութիւն ստեղծելով կը փորձէ սպաննել անոր անհատականութիւնը. կը խոստանայ ազատել կեանքի դժուարութիւններէն, կը խոստանայ յաւիտենական կեանք տալ, սակայն, անոր դիմաց կը պահանջէ ինքնակամ նուիրում ու կապուածութիւն: 

Շատ մը մտաւորականներ յայտնած են այս միտքը։ Օրինակի համար, 1912 թուականին, «Կրօնական կեանքի տարրական ձեւերը» աշխատութեան մէջ Էմիլ Տուրկհեմ կը գրէ, որ կրօնական հաւաքները կը ստեղծեն հաւաքական ուժ ու դրական միջավայր, սակայն, միւս կողմէ կը քանդեն մարդու անհատական սահմանները՝ անձը անհատէ աւելի դարձնելով խումբի մը, հաւաքականութեան մը անդամ: 

Այս կապակցութեամբ տանք մեր անձնական կարծիքը. հաւաքականութեան մը անդամ դառնալը ինքնին անհատականութեան կորուստ կարելի չէ նկատել։ Հաւաքականութեան մը մաս դառնալը բացասական երեւոյթ մը չէ, սակայն, այդ մէկը բացասական կը դառնայ, երբ մարդ իր սեփական համոզումներն ու կարծիքները մոռնալով, անտեսելով իր համաձայնութիւնը կը սկսի տալ այդ հաւաքականութեան կողմէ ըսուած բոլոր ոչ-ճիշդ գաղափարներուն: Այսօր աշխարհի վրայ կը տեսնենք հոգեւոր կազմակերպութիւններ, որոնք կը յաջողին այսպէս կամ այնպէս մարդ գրաւել իրենց հաւաքականութենէն ներս։ Այս մէկը, սակայն, վտանգաւոր կը դառնայ, երբ այդ հաւաքականութիւնը սկսի առանց կշռելու, առանց քննելու հաւատալ այն բոլորին, որ կ՚ըսուի։ Այսօր ունինք հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք յաջողած են օգտուիլ մարդոց հաւատքի հանդէպ ունեցած տկարութենէն եւ այդ մէկը ի շահ իրենց լաւապէս կ՚օգտագործեն։ Ի տարբերութիւն որոշ այլ կրօններու, մեր կրօնը մեզի իրաւունք կու տայ սերտելու, հարցադրելու, հասկնալու եւ քննադատելու՝ աւելի լաւ հասկնալու եւ վերլուծելու համար, այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ եկեղեցւոյ մէջ տրուած քարոզը եւս «գոց» դասի պէս չընդունիլ։ Մեր հայ հոգեւորականներուն մէջ ալ կան բազմաթի՜ւ անձեր, որոնք ակամայ իրենց քարոզներուն մէջ հերետիկոսութիւն անգամ կ՚ընեն, սակայն, ժողովուրդը առանց հարցադրելու կը շարունակէ մտիկ ընել։ Կը հաւատանք, որ այն հաւաքականութեան մէջ, որ հարցադրելու մշակոյթը վերացած է՝ պէտք է հեռու մնալ անկէ։ Օրինակի համար, նոյն վիճակը կը տեսնենք մեր կուսակցութիւններուն մէջ. կուսակցականներ շատ անգամ կը խորշին քննադատելէ կամ հարցականի տակ դնելէ այս կամ այն մեծաւորին որոշումը եւ կամայ ակամայ կը «հնազանդին». այդ հնազանդութիւնը, սակայն, ինչքան ալ դրական ըլլալ թուի, ամբողջութեամբ բացասական է: 

Այլ խօսքով՝ անձեր, պետութիւններ լաւապէս գիտեն ինչպէս գործածել մարդու զգացումները, ազդել անոնց յուզական կեանքին վրայ եւ մարդկային հաւատքը եւս վերածել սեփական շահի, որ այս պարագային նիւթական շահէ աւելի բարոյական յաղթութիւն կը պատճառէ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Լեզուի եւ գրի վերանալով՝ ազգն եւս, որու իմանալի կենդանութիւնը սերտ ու կուռ կապուած է հարազատ դպրութեան՝ անկարող է գոյութիւն պահպանել:

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2026