ՍՈՒՏ ԵՒ ԻՆՔՆԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ
Վերջերս մեր կարդացած հոգեբանական գիրքերէն մէկը կը յայտնէր, որ ինքնարդարացումը իրականութեան մէջ շատ աւելի վտանգաւոր է՝ քան սուտը։ Երկուքին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով. սուտ խօսող մարդը ընդհանրապէս գիտակցութիւնը կ՚ունենայ, թէ ինք կը ստէ։ Ստողը ճշմարտութիւնը գիտէ, սակայն, իր անձնական շահերու հաշւոյն կը փորձէ վիճակ մը ստեղծել՝ ուրկէ նուազագոյն վնասով կրնայ դուրս գալ: Ի տարբերութիւն սուտին՝ ինքնարդարացումը անձը եւս կը համոզէ իր սխալներուն։ Սուտ խօսող անձ մը կարելի է սրբագրել անոր դիմաց դնելով ճշմարտութիւնը։ Սուտ խօսող անձը ճշմարտութիւնը չի կրնար մերժել, սակայն, ինքզինք արդարացնել փորձողը այդ ճշմարտութիւնը եւս կը փորձէ խեղաթիւրել եւ անոնցմէ արդարացում ստեղծել:
Սուտը մարդուն մօտ ընդհանրապէս գիտակցուած արարք մըն է. ունի սրբագրուելու կողմ, որովհետեւ կայ անփոփոխ ճշմարտութիւնը, սակայն, ինքնարդարացումը այդպէս չէ։ Անձ մը, որ չի տեսներ իր սխալները, համոզուած չէ իր սխալական ըլլալուն, ապա սրբագրութեան չի՛ կրնար դիմել, որովհետեւ անոր միտքին մէջ ինք անսխալական է եւ հետեւաբար անսխալականը սրբագրութեան չի կարօտիր: Ստողներու մօտ սրբագրութեան հաւանականութիւնը աւելի է, որովհետեւ շատ անգամ անոնք կը վախնան իրենց սուտերէն, որոշ ժամանակ ամօթ կը զգան։ Անշուշտ, սուտը ունի իր հիմնական պատճառները եւ այդ պատճառներու լոյսին տակ իւրաքանչիւր անձ, որ սուտ կը խօսի, պէտք չէ մեղադրել. ոմանք սուտին կը դիմեն իրենց արարքներուն հետեւանքներէն խուսափելու պատճառով։ Մարդ մի՛շտ կը վախնայ պատիժէն ու իր սխալ արարքներուն պատճառած հետեւանքներէն եւ հետեւաբար կը փորձէ զանոնք ծածկել։ Այս մէկը հոգեբանութեան մէջ կը կոչուի «պաշտպանողական սուտ» (defensive lying կամ avoidant lying)։ Շատեր այս մէկը արդար սուտ կը նկատեն իսկ ուրիշներ ո՛չ, սակայն, այս մէկը յարաբերական է։ Անշուշտ, այս սուտին մէջ եւս սրբագրութեան մեծ հակում գոյութիւն ունի, որովհետեւ այստեղ մարդ լաւապէս կը գիտակցի, թէ ինչ սխալներ կատարած է եւ հետեւաբար սուտով զանոնք ծածկելու ցանկութիւնը ինքնին ամօթի զգացողութեան արդիւնքն է, իսկ իր սխալը ճանչցող մէկուն համար սրբագրելը շատ աւելի դիւրին է:
Ինքզինք արդարացնողը սրբագրութեան կարիք չունի, որովհետեւ իր համոզումով սխալ չունի։ Ինքզինք արդարացնողը նման է հիւանդի մը՝ որ չի գիտեր, թէ հիւանդ է եւ երբ մարդ չի գիտեր իր հիւանդ ըլլալը, բնականաբար, բժիշկի չի դիմեր։ Ստողը ճշմարտութիւնը չի մերժեր, այլ պարզապէս կը պայքարի անոր դէմ, մինչ ինքզինք արդարացնողը ճշմարտութեան դէմ պայքար կը մղէ։ Պէտք է հասկնալ, թէ մարդ ինչո՛ւ իր սխալը ընդունելու ու սրբագրելու փոխարէն կը դիմէ ինքնարդարացումի:
Սխալը ընդունիլ ու սրբագրելը դրական ու պարզ բան ըլլալ կը թուի, սակայն, իրականութեան մէջ այդպէս չէ։ Ինքնարդարացումը կու գայ այդ սրբագրութիւնը արգիլելու, որովհետեւ մարդ կը փորձէ հնարաւոր բոլոր միջոցները գտնել նուազագոյն ցաւն ու վնասը մեղմելու։ Մարդ արարած ի՛նչ մակարդակի վրայ ալ գտնուի, ինքզինք բարի, խելացի ու ուրիշներէն իմաստուն ըլլալ կը կարծէ։ Ան կ՚ընդունի, որ գոյութիւն ունին իրմէ իմաստունները, սակայն, ան ինքզինք կը համեմատէ որոշ փոքրամասնութեան մը հետ։ Սեփական սխալը ընդունիլը մտաւորականներ որպէս դրական երեւոյթ կը ներկայացնեն, սակայն, մարդ այդ մէկը ամբողջութեամբ հակառակ կ՚ընկալէ՞ Սխալը ընդունիլը մեծութիւն է, սակայն, մարդ այդ մէկը կ՚ընկալէ որպէս «գէշ մարդ» ըլլալ։ Մարդ սխալելու մէջ ո՛չ թէ իր կատարած արարքները սխալ կը նկատէ, այլ այդ մէկը կը կապէ անձի սեփական արժէքներուն հետ եւ ինքզինք անարժէք կը զգայ։ Ինքնարդարացումը կատարուած արարք մը արդարացնելէ աւելի սեփական անձը պաշտպանել է՝ անկախ եղելութենէն։ Մարդ ունի ամօթի զգացում։ Հոգեբաններ կը յայտնեն, որ ինքնավստահ մարդիկ շատ աւելի դիւրին կ՚ընդունին իրենց սխալները՝ քան անոնք, որոնք տակաւին ինքնահաստատման կարիք ունին։ Վերջինները ինքնարդարացման կը դիմեն, որովհետեւ կը վախնան ուրիշներու յարգանքը կորսնցնելէ, կը վախնան պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, կը վախնան ուրիշներու առջեւ տկար երեւելէ:
Միւս պատճառներէն մէկը մարդու ինքնասիրութեան եւ ինքնասիրութենէն անդին ջանքին ու զոհողութեան կորուստի վախն է. օրինակի համար, մարդ երկար ջանք, զոհողութիւն ու ժամանակ կը տրամադրէ աշխատանքի մը համար եւ այդ բոլորը պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի անոր ձախողումը դիւրութեամբ չընդունի։ Ան կը փորձէ գտնել պատճառաբանութիւններ այդ ձախողութիւնը արդարացնելու համար, որովհետեւ այդտեղ եւս ամօթի զգացումը իր դերը կ՚ունենայ:
Հետեւաբար, սուտը եւ ինքնարդարացումը երկու տարբեր մակարդակներու վրայ գործող երեւոյթներ են։ Մեր կեանքը ամբողջութեամբ սուտի եւ ճշմարտութեան միջեւ մղուած պայքար մըն է. գոյութիւն ունի կատարեալ ճշմարտութիւն մը, սակայն, մեր սեփական շահերը զանոնք կը խեղաթիւրէ։ Սուտը եւ ինքնարդարացումը շատ աւելի վտանգաւոր կը դառնան, եթէ անոնց ետին վատառողջ նպատակներ գոյութիւն ունենան։ Սուտը ինքնին մեղք է, յոռի երեւոյթ է, սակայն, հոգեբանական վիճակ մը ըլլալով պէտք է լաւապէս սերտել ու հասկնալ։ Մանուկներն ալ սուտ կը խօսին եւ վստահաբար չարիք մտածելով չէ, որ կ՚ընեն այդ մէկը։ Պարզապէս ամէն երեւոյթ ունի իր բացատրութիւնն ու ենթահողը եւ հետեւաբար թէ՛ ինքզինք արդարացնողը եւ թէ սուտ խօսողը պէտք է լաւապէս ուսումնասիրել ու հասկնալ՝ որովհետեւ միայն լաւապէս հասկնալով է, որ զինք դէպի սրբագրութեան կրնանք առաջնորդել:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մարդոց ներքին կենաց մասին հասարակաց կարծիք ըսուած բանն՝ ի բացակայութեան տրուած վճիռ մ՚է, որ առանց դատապարտելոյն հաղորդելու կը գործադրուի: Բաւ է որ զրպարտիչ բերան մը բացուի մէկուն դէմ ու դատապարտութիւնը ժամանակի խնդիր մ՚է միայն եւ որուն դէմ զրպարտեալը բողոքելու իրաւունք չունի:
ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան