ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ
Սուրբ Գիրքը կը պարունակէ մօտաւորապէս 8 հազար խոստումներ՝ որոնք Աստուած խոստացած է Իր որդիներուն։ Այս խոստումներէն են, զոր օրինակ, Սաղմոս ԼԷ-ի մէջ 40 խոստումներ, ԵՍԱՅԻ մարգարէի Խ 31-ի մէջ 4 հատ խոստում կը գտնուի։ Եւ Աստուած միշտ հաւատարիմ է Իր խոստումին։
Իսկ Ծննդոց Գիրքին ԻԸ 15 համարին մէջ 4 խոստում կը գտնուի։ Աստուծոյ ներկայութեան, Աստուծոյ պահպանութեան, Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ Աստուծոյ հաւատարմութեան խոստումները։
Առաջինը, «Ահա ես քեզի հետ եմ»։ Յիսուս Իր մեծագոյն խոստումներէն մին տուաւ Իր աշակերտներուն։ «Եւ ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհիս վերջը». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։ Արդարեւ, այս խոստումը ուժ եւ զօրութիւն կը ներշնչէ հաւատացեալներուն։ Դարերու ընթացքին այս պատուական խոստումը բազմաթիւ հաւատացեալները մխիթարած, քաջալերած եւ զօրացուցած է՝ իրենց տխուր եւ տագնապալից պարագաներուն, վիճակներուն եւ պահերուն մէջ։ Ան խոստացած է մեզի հետ ըլլալ, մեր քովը։ Մեր ցաւերուն ցաւակից, մեր ուրախութեան՝ ուրախակից ըլլալու։ Մեր վիշտերը կրելու։ Մեծ բժիշկը մօտ է մեզի միշտ՝ գթած, կարեկից, Իր խօսքը կը բուժէ ամէն ցաւ եւ վիշտ, կը փարատէ հոգերը եւ վախերը, կ՚ուրախացնէ մեր հոգիները. «Ձեր ամէն հոգը անոր ձգեցէք, որովհետեւ Անիկա ձեզի համար կը հոգայ». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Այս խոստումը մարդուս բեռը կը թեթեւցնէ։ Ան Իր ներկայութեամբ մտքի, սրտի եւ հոգիի հանգիստ կը պարգեւէ. (ԵԼԻՑ. ԼԳ 14)։
Աստուծոյ պահպանութեան խոստումը. «Ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ»։ Յակոբ վայելեց Աստուծոյ ներկայութեանը խոստումը՝ Բերսաբէի, Խառանի, Բեթէլի մէջ, եւ ուր որ գնաց։ Ան պէտք ունեցաւ նաեւ Աստուծոյ պահպանութեանը եւ պաշտպանութեանը։ Եւ մենք ալ այս մեծ խոստումը կը վայելենք մեր կեանքերուն մէջ, Ան մեզի պահապան եւ պաշտպան է մեր կեանքի ամէն պահերուն։ «Տէրը քու պահապանդ է, Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։ Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։ Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, քու անձդ պիտի պաշտպանէ։ Տէրը քու ելլելդ եւ մտնելդ պիտի պահպանէ ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան». (ՍԱՂՄ. ՃԻԱ 4-8)։
Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խոստո՛ւմ է։ «Քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ»։ Յակոբին ամբողջ կեանքը պանդխտութիւն եւ ճամբորդութիւն եղած է. գիւղէ՝ գիւղ, քաղաքէ՝ քաղաք, երկրէ՝ երկիր։ Աստուած զայն ապահով առաջնորդած է մինչեւ իր վերջին կայանը՝ Եգիպտոս։ Տէրը առաջնորդեց իր քայլերը, իր խորհուրդները, ուղղեց իր սխալները՝ որոնք շատ էին։
Կեանքի ճամբորդութեան մէջ մենք ալ, որքա՜ն պէտք ունինք Աստուծոյ առաջնորդութեան. «Վասնզի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ». (ՍԱՂՄ. ԽԸ 14)։ Եթէ Իրեն յանձնուինք, Ան պիտի առաջնորդէ նաեւ մեր խորհուրդները, մեր խօսքերը, մեր գործերը, մեր ծրագիրները դէպի բարին, օգտակարը եւ ճշմարիտը։
Աստուծոյ Սուրբ Հոգին պիտի առաջնորդէ մեզ ամէն ճշմարտութեան. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։
Յաճախ շփոթութեան կը մատնուինք եւ չենք գիտեր ի՛նչ ընել, ի՛նչ ըսել կամ ո՛ւր երթալ։ Այսպիսի անել վիճակներու եւ պարագաներու մէջ դիմենք մեր անսխալ Առաջնորդին՝ ապաւինելով Իր խոստումին։
Եւ վերջապէս՝ Աստուծոյ հաւատարմութեան խոստումը. «Մինչեւ որ իմ քեզի խօսքս չընեմ, Քեզ պիտի չթողում»։ Աստուած բացարձակապէս հաւատարի՛մ է Իր խօսքին եւ խոստումներուն մէջ։ «Արդ գիտցի՛ր որ քու Տէր Աստուածդ Ի՛նքն է Աստուած՝ հաւատարիմ Աստուածը…». (Բ ՕՐԻ. Է 9)։ Ան երբեք մեզ պիտի չթողու եւ բնաւ մեզ երեսէ պիտի չձգէ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 13)։ Մեր ամէն պարագաներուն մէջ Իր հաւատարմութեանը խոստումը կ՚ընկերանայ մեզի։ Վստահինք եւ ապաւինինք Իր խոստումներուն եւ «անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, քանի որ հաւատարի՛մ է Ան՝ որ խոստացաւ». (ԵԲՐ. Ժ 23)։
Եւ մե՛նք ալ Իրեն հաւատարիմ մնանք, քանի որ Ան հաւատարիմները կը պահէ. (ՍԱՂՄ. ԼԱ 23)։
Հաւատարմութիւնը պիտի փրկէ մեզ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 25, 2026, Իսթանպուլ