ՎԻՇՏՆ ՈՒ ՍԷՐԸ ՈՐՊԷՍ ԱՄՕԹ

Ամբողջական դար մը մարդկութեան մէջ շա՜տ բան կրնայ փոխել, սակայն, շատ անգամ մեզի զարմանք կը պատճառէ այն իրողութիւնը, որ վերջին մէկ դարը յաջողեցաւ մարդկութեան մէջ փոխել այնքան բան՝ ինչքան չէր կրցած փոխել մի քանի տասնեակ դարեր։ 19-րդ դարէն մինչեւ 21-րդ դար անցումը շատ մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը կը ներառէր իր մէջ։ Փոփոխութիւն բառը շատ անգամ իր մէջ բարեփոխութիւն կը նշանակէ, սակայն, այս պարագային այդ փոփոխութիւնները միշտ չէ, որ կարելի է դիտել որպէս դրական փոփոխութիւններ։ Դրականի անուան, «զարգանալ» խորագրին տակ մարդը յաջողեցաւ փոխել շատ մը արժէքներ, սակայն, բարելաւելու փոխարէն վատթարացուց եւ հասցուց իր մերօրեայ վիճակին: 

Ալտըս Հաքսլի եւս իր աշխատութեան մէջ կը խօսի փոխուած այդ արժէքներէն մի քանիին մասին եւ տակաւին 1932 թուականին դիտել կու տայ, թէ որոշ արժէքներ, որոնք անցեալին սրբազան էին, արդէն իսկ կամաց կամաց ամօթ կը նկատուին։ Այդ փոխուած արժէքներէն են, օրինակի համար, վիշտն ու սէրը, որ անցեալին մարդկային զգացական կարեւորագոյն զգացումը ըլլալով հանդերձ՝ մեր օրերուն կը դիտուի որպէս «ամօթ», «նուաստացում» ու տկարութիւն: Անշուշտ, շատ մը մտաւորականներ ու հոգեբաններ կը փորձեն այս երեւոյթը բացատրել։ Բազմաթիւներ այս երեւոյթը կը բացատրեն հետեւեալ ձեւով. մերօրեայ մարդը ինքզինք զգացականէ աւելի կը փորձէ տեսնել որպէս «ապրանք»։ Այլ խօսքով՝ կ՚ուզէ ինքզինք հանրութեան ներկայացնել որոշ պիտակով մը՝ որով կրնայ շահ ապահովել եւ կամ պաշտպանուիլ։ Վիշտի մէջ թաթխուած ըլլալը, սիրոյ տառապանքին տակ տանջուիլը այնքան ալ դրական ազդեցութիւն կրնան չունենալ մերօրեայ ընկերութեան մէջ (հակառակ անոր, որ մարդկային ամենէն պարզ ու բնական զգացողութիւններէն մէկն են)։ Մարդիկ զգացական ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուին, իրենք զիրենք պարտաւոր կը զգան քօղարկել այդ պարզ զգացումները. օրինակի համար, կարօտնալը մարդկային ամենէն պարզ զգացումն է. երիտասարդ մը կրնայ կարօտնալ իր նախկին սիրելին՝ որմէ կամայ թէ ակամայ պատճառներով հեռացած է, սակայն, այդ երիտասարդը պարտաւոր է հանրութեան դիմաց մերժել կարօտցած ըլլալը, որովհետեւ այդ մէկը ինքնապաշտպանութեան վիճակ ստացած է։ Տկար է ան, որ կը կարօտնայ ու այդ կարօտին պատճառով կը տխրի, մինչ քաջը «անհոգ»ութեամբ կը շարունակէ իր կեանքը ապրիլ։

Մերօրեայ մարդկութիւնը ունի համոզում մը, որ յաջողակ մարդու կեանքին մէջ պարտաւոր է ամէն բան ըլլալ դրական։ Բոլորը կ՚ուզեն իրենք զիրենք հոգեպէս առողջ վիճակի մէջ ներկայացնել, կ՚ուզեն շրջապատին տալ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած ըլլալու զգացողութիւնը: Մարդիկ կը սկսին սէրը որպէս տկարութիւն սահմանել, որովհետեւ կը հաւատան, որ սիրելով մարդ ինքզինք կը յանձնէ ուրիշին։ Այլ խօսքով՝ սէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան խորտակէ իր քաջ կեցուածքը եւ սիրոյ ազդեցութենէն տարուած ունենայ ոչ-քաջ մարդու վայել վերաբերմունք: 

Հեղինակը կը գրէ, որ ապագայ աշխարհին համար կիրքն ու սէրը նուաստացուցիչ արժէքներ պիտի դառնան։ Սէրը կապուածութիւն կը ստեղծէ, իսկ կապուածութիւնը ինքնին խոցելի է մարդոց համար։ Այդ իսկ պատճառով, ընկերութիւնը կը փորձէ վերացնել սիրոյ երեւոյթը, որպէսզի վերացնէ ուրիշին կապուածութիւն ունենալու երեւոյթը։ Այս տարածուած համոզումն է, որ պատճառ կը դառնայ, որ երիտասարդներ իրենց զգացումներն ու ներքին ապրումները ստիպուած ըլլան լռութեան մատնելու։ Մերօրեայ մարդը կը փորձէ այդ զգացումները քօղարկել, սակայն, հեղինակը կը հաւատայ, որ շատ աւելի հեռու ապագային մարդիկ ո՛չ թէ պիտի քօղարկեն, այլ ընդհանրապէս պիտի չունենան այդ զգացումները: Դաստիարակութեան ճամբով ծնողքը կը փորձէ իր զաւակը հեռու պահել կապուածութիւններէն։ Այսօր կը լսենք ծնողներ, որոնք կ՚ըսեն. «իմ տղաս չի վախնար», «իմ տղաս չի լար» եւ նման բազմաթի՜ւ արտայայտութիւններ։ Այդ պարզ թուացող նախադասութիւնները, իրականութեան մէջ, այնքան ալ պարզ չեն, որովհետեւ մանուկին մէջ կը ստեղծեն լալը ամօթ է, վախնալը ամօթ է մտածողութիւնը եւ մանուկը ստիպուած կը պայքարի մարդկային այդ պարզ զգացումներուն դէմ: Ո՞վ տուաւ հետեւեալ սահմանումները՝ չենք գիտեր, սակայն, արմատացան հետեւեալ համոզումները. վախը տկարութեան ու վախկոտութեան նշան է եւ մարդ արարած պէտք չէ վախնայ. պէտք է վստահի իր սեփական ուժերուն եւ պայքարի. եթէ իր վրայ զգայ վախը, սարսափը ապա աշխարհի մէջ պարտուած դուրս կու գայ, որովհետեւ յաղթանակը անորն է, որ վախնալու փոխարէն կը պայքարի: Սիրելը ամենէն սուրբ ու մաքուր զգացումն է, սակայն, սէրը չէ, որ մարդուն վրայ կ՚իշխէ՝ այլ բանականութիւնը։ Տարօրինակ ձեւով մարդիկ նոյնիսկ շատ անգամ իրենց ծնողներուն, իրենց հարազատներուն չեն կրնար «քեզ կը սիրեմ» արտայայտութիւնը ունենալ։ Աշխարհը մարդը կը փորձէ մեքենայ դարձնել՝ հեռու ամենէ տեսակի զգացումներէ։ Մարդիկ կը համոզուին, որ սիրոյ գերին դառնալու, վախնալու, վիշտի կամ ընկճուելու փոխարէն՝ պէտք է աշխատին, պէտք է արտադրեն ու այդպիսիով «յառաջդիմեն» դէպի ապագայ։ Վիշտի տակ ընկճուիլը վերապահուած է հին բանաստեղծներուն, որոնք առանց «ամչնալ»ու բարձրաձայն կ՚երգէին իրենց վիշտը, կարօտն ու սէրը:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երբ ուժգին սիրենք մէկը, կը կորսնցնենք մեր տեսողութիւնը ու կը դառնանք կոյր: Սիրողին համար յաճախ տգեղն ալ գեղեցիկ է:

ԱՆՅԱՅՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2026