ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐՈՂ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ

Դրամասիրութիւնը Աստուածաշունչին կողմէ մեղք կը նկատուի, սակայն, իրականութեան մէջ, ունի իր հոգեբանական պատճառները։ Ոմանց համար դրամասիրութիւնը դրամին հանդէպ ունեցած սէրն է, իսկ ուրիշներու համար աղքատութեան, կախուածութեան եւ անզօրութեան վախը։ Դրամը մարդոց համար անորոշութիւնը ապահովելու միջոց մըն է, սակայն, այդ մէկը երբեք սահման ու աւարտ չունի։ Հազարամեակներ առաջ ապրած յոյն փիլիսոփայ Էպիկուրոս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ բան բաւարար է անոր համար՝ որուն համար բաւարարը քիչ է»։ Մարդ արարած կը կարծէ, թէ ինչքան դրամ ունենայ, այնքան աւելի բարձր, այնքան աւելի իմաստուն ու «սիրուած» անձնաւորութիւն կրնայ դառնալ։ Բազմաթիւ հոգեբաններ դրամասիրութիւնը կը մեկնաբանեն որպէս ինքնավստահութեան պակաս, որովհետեւ մարդ երբ շատ գումար ունի՝ ունի նաեւ ինքնավստահութիւն, երբ աղքատ է եւ կախուածութիւն ունի ուրիշէն՝ ինքնագնահատականը ոտնակոխ ըլլալ կը կարծէ։ Փիլիսոփայութեան մէջ կայ այսպիսի հարցադրում մը. «Աթէ ես այն եմ՝ ինչ ունիմ, ապա եթէ ունեցածս կորսնցնեմ, ի՞նչ կ՚ըլլամ»։ Այս «ինչ կ՚ըլլամ»ի վախն է, որ մարդը դրամասիրութեան կ՚առաջնորդէ՝ նոյնիսկ երբ ինք ունենայ այնքան բաւարար գումար, որով բարեկեցիկ կեանք մը ապրի: 

Դրամասիրութեան մեղքի հիմնական պատճառներէն մէկն ալ համեմատութիւնն է ուրիշներու հետ։ Մարդ արարած ժամանակ մը ետք սկսաւ իր կեանքը ապրիլ ուրիշներու կարծիքներուն մէջ։ Այդ համեմատութիւնը մարդուն մէջ բաւականութիւն չզգալու ախտը արթնցուց։ Մէկ ունեցողը երկու ունենալ կը ցանկայ, երկու ունեցողը՝ չորս, չորսը՝ ութ կամ տաս եւ այսպէս շարունակ… Այս մէկը չունի սահման, որովհետեւ մէկ ունեցողը երբ երկուքը ձեռք բերէ, ինքզինք պիտի համեմատէ երեք կամ չորս ունեցողին հետ եւ այժմ իր նպատակը երկքուէն պիտի բարձրանայ չորսի: 

Մերօրեայ ընկերութեան համար դրամը առաջնահերթ կարեւորութիւն է, որովհետեւ մարդ կը հաւատայ դրամի ուժին. ինչպէս Քարլ Մարքս կ՚ըսէ. «Դրամը ունի ուժ. կրնայ տգեղը գեղեցիկ դարձնել, իսկ տկարը՝ հզօր»։ Շատերու համար դրամը բացասական երեւոյթներէ, բացասական զգացումներէ փրկուելու միջոց մըն է: Դրամասիրութիւնը չարութիւններու մեծագոյններէն է, որովհետեւ վերջ չունի։ Փիլիսոփաներ դրամը կը նմանեցնեն ծովու ջուրի. ծարաւը յագեցնելու համար ինչքա՛ն մարդ խմէ՝ այնքան աւելի կը ծարաւնայ: 

Վտանգաւորը հո՛ն է սակայն, որ մերօրեայ ընկերութիւնը դրամասիրութիւնը մեղք ու սխալ նկատելու փոխարէն՝ «յաջողութիւն» կը նկատէ։ Յաջողած է ան՝ որ շատ դրամ ունի։ Դրամը այսօր ո՛չ թէ մեղքի ցուցանիշ, այլ յաջողութեան վերափոխուած հոմանիշ բառ մըն է:

Դրամասիրութեան ախտը եւս հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ այդ մէկը կը նմանեցնէ կռապաշտութեան՝ մանաւանդ երբ մարդ անկէ ապահովութիւն, արժէք եւ «փրկութիւն» կ՚ակնկալէ: Այս տարբերութեան համար է, որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ՝ մարդ չի՛ կրնար թէ Աստուծոյ եւ թէ դրամին ծառայել. որովհետեւ ո՛ւր որ է մարդուն գանձը, այնտեղ կ՚ըլլայ նաեւ մարդուն սիրտը։ Մերօրեայ աշխարհին մէջ ամէն մարդ իրենց որպէս ապահովութիւն ու փրկութիւն ունի դրամը: Եկեղեցւոյ հայրերը յաճախ խօսած են հարուստներու դէմ, սակայն, ո՛չ երբեք հարստութեան, որովհետեւ ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ ալ ըսինք, դրամը ինքնին բացասական արժէք մը չէ։ Բարսեղ Կեսարացի մարդուն տրուած հարստութիւնը կ՚ընդունի որպէս պարգեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած՝ որ կը պատկանի կարիքաւորներուն եւ ուրիշներուն: Հոգեւոր գետնի վրայ դրամասիրութեան դարմանը երախտագիտութիւնն ու գոհունակութիւնն է: 

Յիշեցնենք, որ Յիսուս Քրիստոս աղքատ կնոջ լուման շատ աւելի մեծ նկատեց՝ քան հարուստին մեծ նուիրատուութիւնները, որովհետեւ հոգեւոր գետնի վրայ նուիրաբերուած գումարէն աւելի կարեւոր է նպատակը։ Շատ շատեր կը կարծեն, թէ պէտք է մեծահարուստ ըլլալ աղքատները կերակրելու համար։ Մի քանի պնակ ճաշը մեծ հարստութիւն չի պահանջեր։ Պարզապէս մարդ պէտք է հասկնայ, որ կարեւորը կատարուած բարիքին մեծութիւնը չէ, այլ նպատակն ու դիպուածութիւնը՝ որ պէտք է ըլլայ փաստացի եւ մաքուր: 

Մարդու դրամասիրութիւնը հասկնալու համար կ՚արժէ կարդալ ռուս գրականութեան գլուխ գործոցներէն Թոլսթոյի «Մարդուն ինչքա՞ն հող պէտք է» պատմուածքը, որուն հերոսը աւելի ձեռք բերելու համար անդադար կ՚աշխատի, կը պայքարի, այնքան՝ որ ուժասպառ կը մեռնի։ Պէտք է պարզապէս հասկնալ, թէ ինչ է բաւականը, իսկ իւրաքանչիւր անձի համար բաւականը տարբեր չափանիշ ունի: 

Հետեւաբար, այս երկու մեղքերը՝ եսասիրութիւնն ու դրամասիրութիւնը մեծագոյն չարիքն են։ Մեր օրերուն շատ մը ընտանիքներ կը քանդուին այս պատճառով, որովհետեւ դրամը կը դառնայ առաջնահերթութիւն եւ միւս բոլոր սրբազան արժէքները մէկդի կը դրուին:

•​շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Շատ կռանուած երկաթները կարծր կ՚ըլլան, կարծրութեամբ մը՝ որ դիմադրական ուժի յատկանիշ է:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2026