ՊԱՐՏԱՃԱՆԱՉՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ ՄԸ
Մամլոյ մշակներու ծառայութիւնը՝ որքան գիտութիւն, լուրջ աշխատութիւն, կարգապահութիւն կը պահանջէ, նո՛յնքան պարտաճանաչութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ մանաւանդ՝ անձնուիրութիւն։
Անշուշտ, ամէն ծառայութիւն անձնուիրութեան արտայայտութիւն մը ունի իր մէջ։ Բայց, մամլոյ մշակներու ծառայութեան մէջ անձնուիրութիւնը, կարծեմ, քիչ մը աւելի յայտնի կը դառնայ: Մանաւանդ՝ օրաթերթի մը հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած մշակներ նոյնիսկ հիւանդանալու ազատութիւնը չունին, քանի որ օրաթերթը ի գին ամէն ինչի պէ՛տք է օրը օրին հրատարակուի եւ ընթերցողներուն ներկայացուի։ Օրաթերթի մը յապաղումը կամ ընդհատումը որեւէ արդարացում չի՛ կրնար ունենալ։
Եւ պարտաճանաչութեան, ինչպէս անձնուիրութեան տիպար մըն է Նատիա Գօչունեան, որ դարաւոր պատուաբեր աւանդութիւն մը կը շարունակէ նուիրական բարձր տրամադրութեամբ՝ հաստատակամ, առանց վհատելու, դիմադրելով ամէն դժուարութեան, ամէն նեղութեան՝ միշտ բարձր բռնելով իր մամլոյ մշակի պատուաբեր հանգամանքը։
Ո՜րքան դժուար է օրաթերթ մը ոտքի պահել, երբ կը նուազին հետզհետէ տպագիր մամլոյ ընթերցողները եւ այս դժուարութեան դիմադրել իրապէս քաջութիւն կը պահանջէ՝ անձնուիրութիւն եւ հաստատակամութի՛ւն… Եւ այսօր հայ թերթը կարծես մրրկայոյզ ծովու մը ջուրերուն մէջ կը տատանի եւ խաղաղ նաւակայք մը կը փնտռէ՝ առանց նաւաբեկուելու։ Իրապէ՛ս դժուար, նոյնիսկ եւ անկարելի գործի մը լծուած է Նատիա Գօչունեան։ Եւ մենք տարինե՜ր կենդանի վկան եղած ենք իր պարտաճանաչութեան, անխոնջ, անձանձիր եւ յամառ աշխատութեան՝ ի նպաստ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյապահպանման եւ սրբազան աւանդութեան գոյատեւման։ Ուստի, ան եղած է անձնուիրութեան տիպար մը եւ պարտաճանաչութեան վեհ զգացումին մարմնացումը։
Տարինե՜ր առաջ, Նատիա Գօչունեան անկումի մը պատճառով մէջքի ոսկորի բեկում մը ունեցած եւ վիրահատման ենթարկուած էր։ Հիւանդանոց այցելած էի զինք։ Եւ հոն զարմանքով տեսայ որ ան հիւանդ անկողնին մէջ գրութիւններու սրբագրութեամբ կը զբաղէր… Ասիկա իրապէ՛ս պարտաճանաչութեան եւ անձնուիրութեան մարմնացումը, պատկերացումն էր։
Այս պատճառով է, որ ահաւասիկ, մամլոյ մշակներու ծառայութիւնը անձնուիրութիւն կը պահանջէ եւ այս իմաստով Նատիա Գօչունեան տիպա՛ր մըն է։ Եւ մամլոյ մշակներու ընտանիքի մը մէջ հասած իւրաքանչիւր անձ շատ աւելի լաւ կը հասկնայ այս տիպարին կարեւորութիւնը, ընկերային-հասարակական արժէքը։
Դարձեալ չեմ մոռնար, տարիներ առաջ երբ անձամբ կը յանձնէի գրութիւններս, շաբաթ օր մը, կէսօրէ վերջ, ան ո՜րքան ուրախութեամբ ստացաւ գրութիւնս՝ որպէսզի սիւնակս լեցուի։ Ահաւասիկ, մամլոյ այս դժուար կացութիւններուն մէջ, մանաւանդ որեւէ յապաղում, ուշացում, երկարաձգում չընդունող օրաթերթի մը հրատարակութեան մէջ, գնահատելի են մամլոյ մշակներու ծառայութիւնը եւ անոնց կարգին՝ Նատիա Գօչունեանի անխոնջ եւ անձանձիր աշխատութիւնը։
Այս բոլորը կը պահանջեն հաստատակամ, հաստատ նկարագիր։ Ուստի, երբ այս գիտակցութեամբ ծառայութիւն մատուցուի, ապա գրիչներ, սիւնակներ, թերթեր ընկերութեան օգտակար տարրեր պիտի ըլլան՝ գիտակից, պայծառ եւ լուսաւոր միտքեր, սերունդներ պիտի հասնին։
Մամլոյ մշակներու մօտ ազնուական բան մը կարելի է նշմարել՝ բարձրօրէն գնահատելի եւ գովելի։ Ատիկա այն հաճոյքն է, զոր կը զգան ամէն օր հրաժարելով իրենց անձնական վայելքներէն, իրենց ժամերու մեծ մասէն եւ իրենց ժամերը կը տրամադրեն մամլոյ, ապա ուրեմն ընթերցողներու ծառայութեան։ Եւ երբ այդ օրն ալ հրատարակուի թերթը՝ անբացատրելի ուրախութիւն մը, գոհութիւն մը կը պատէ զիրենք եւ ի՜նչ ուրախութիւն…
Ահաւասիկ, տարիներէ ի վեր կ՚ապրի այդ ուրախութիւնը Նատիա Գօչունեանը՝ հակառակ այնքան դժուարութիւններու։
Երկա՜ր տարիներ, առողջ եւ արդիւնալի՛, սիրելի Նատիա Գօչունեան։ Վարձքդ կատար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ