ԿԻՆ, ՈՐ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ ՏՈՒԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ
Մեր թուականէն հինգ տարիներ առաջ՝ 31 Օգոստոս 2021 թուականին ստացայ նամակ մը, որ կը կրէր անոր ստորագրութիւնը: Պարզ ու համեստ բառերու մէջ ամփոփուած էր ամբողջ կեանք մը. «Քառասուն տարիէ աւելի կը ծառայեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին»: Ինքզինք որպէս պարզ աշխատակից մը չէր տեսներ, որովհետեւ ըստ իր սկզբունքներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այնքան վե՜հ ու բարձր դիրքի մը վրայ էր, որ ինքզինք լոկ որպէս անոր ծառան կը տեսնէր: Ի դէպ, ծառայել բառը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ մերօրեայ «բացասական» իմաստը ստացաւ՝ չենք գիտեր, սակայն, մենք ծառայել ըսելով կը հասկնանք Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանի «Հայոց Լեզուի Բառարան»ին մէջ «ծառայել» բառին դիմաց տուած հետեւեալ բացատրութիւնը. «Նուիրուիլ՝ օգտակար, պիտանի բանի մը (հայրենիքին, ազգին)»:
Նոյն նուիրումով նամակը կը շարունակէր. «Քառասուն տարիէ ի վեր ամէն օր կը կարդամ ամէն մէկ տողը»: Եթէ նկատի ունենանք, որ ան իր ծառայութեան սկիզբ տուած է 1980 թուականին՝ ապա պէտք է արձանագրենք, որ այդ թուականէն մինչեւ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ բացի իր բացառիկներէն, հրատարակած է աւելի քան 13 հազար 280 թիւ թերթ եւ այդ բոլորը քառասուն տարի սրբագրելու, անոր ամէն մէկ տողը մէկ առ մէկ կարդալու համար մարդ կա՛մ «խենթ» եղած պիտի ըլլայ կամ ալ պիտի ըլլալ նուիրեալ, որուն հոմանիշն է տիկին Նատիա Գօչունեանը:
Մինչեւ վերջին քանի մը տարիները տիկին Նատիան կը ճանչնայի լոկ անունով ու գրութեամբ: Գիտէի, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, շաբաթ, 27 մարտ 2010 թուականի իր թիւով (9163) «Դարադարձի Հերոսը» խորագիրին տակ զինք կը ներկայացնէր՝ որպէս աշխոյժ, համարձակ, հաղորդական, կազմակերպչական կարողութիւններով օժտուած, վճռական, աշխատասէր եւ շատ անգամ անզիջող ու յամառ անձնաւորութիւն մը: Հակառակ այս բոլոր յատկութիւններուն՝ թերթը կը յայտնէր, որ ան ինքզինք կ՚ընդունի՝ որպէս ամենէն պարզ ու համեստ աշխատողը: Թէեւ թերթի գոյութիւնը ապահովելու սրբազան պայքարին մէջ անոր դերը անուրանալի է, բարեբախտաբար, առեղծուած-հանելուկը վերջին քանի մը տարիներուն վերջ գտաւ եւ կեանքը տուաւ բախտաւորութիւնը՝ անձնապէս ծանօթանալու այն անձին, որու ուսերուն վրայ կը գտնուէր հայկական ամենէն հին օրաթերթի գոյութեան հեղինակութիւնը: Կեանքը այդ բախտաւորութիւնը տուաւ եւ փաստեց, որ ան շատ աւելին է՝ քան գրուածները. նուիրում, որ վճարուած է սեփական կեանքի գնով՝ առողջութեամբ ու դժուարութիւններով:
Նախապէս աշխատած եմ այս կամ այն կուսակցութեան օրաթերթերու մէջ: Այդտեղ կայ կուսակցական պարտաւորութիւն մը, պաշտօն մը՝ թերթի ընթացքը ապահովելու, սակայն, տիկին Նատիայի պարագային վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է: Այդտեղ կայ դարաւոր ժառանգութեան մը տէր կանգնելու պատասխանատու գիտակցութիւնը, հայրենասիրութեան ուրոյն դրսեւորում մը, զոր հասկնալ ու բացատրել հնարաւոր չէ: Անշուշտ, այդ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը լոկ թերթ մը հրատարակել եւ ամէնօրեայ աշխատանքը շարունակել չէ: Պարտք մըն է անցեալի հիմնադիրներուն, ինչպէս նաեւ սեփական ազգին, լեզուին հանդէպ: Կեանքի մէջ կան գործեր, որոնք ժամանակ մը ետք կը յոգնեցնեն, ձանձրալի կը դառնան, սակայն, թերթը ամբողջութեամբ տող առ տող կարդալ, սխալ նկատել, ուղղել եւ քառասուն եւ աւելի տարիներ առանց հրաժարելու նոյնը կրկնել ամէն օր՝ պարզապէս նուիրում է եւ նուիրում մը բառերով կարելի չէ չափել ու բացատրել:
Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն. «Որո՞ւ համար կը գրէք, ո՞վ կը կարդայ»: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պարագային սա յստակ պատասխան մը ունի. կը գրենք, որովհետեւ գիտենք, որ տիկին Նատիան ամբողջութեամբ կը կարդայ: Քանի՞ անձ կը կարդայ՝ կը շարունակէ մնալ հարցական, սակայն, յստակ փաստ է, որ ունինք մնայուն ընթերցող մը եւ այդ մէկ նուիրեալ ընթերցողին համար նոյնիսկ կ՚արժէ գրել ու գրել: Անշուշտ, այս եւ նման բազմաթի՜ւ յօդուածներ անկարող են նկարագրել տիկին Նատիան, որովհետեւ անոր մարդ տեսակը իրականութեան մէջ շա՛տ աւելի մեծ ու նուիրեալ է՝ քան գրուածը:
Եկեղեցւոյ մէջ կիները կը խոստանան «հաւատարիմ» մնալ իրենց կողակիցներուն: Քառասուն եւ աւելի տարիներ առաջ տիկին Նատիան խոստում տուաւ հաւատարիմ մնալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին եւ անոր գոյութեան համար զոհեց եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ զոհել մարդու համար կարեւորագոյնը՝ ժամանակը: Նուիրումի եւ հաւատարմութեան այս օրինակը երանի՜ թէ համաճարակ դառնար եւ այդ հայրենասիրութեամբ, այդ հայերէնասիրութեամբ վարակէր բոլորը:
Եթէ մերօրեայ ուսումնասիրողներ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը յաջողեցաւ այսքան ժամանակ իր գոյութիւնը ապահովել, ապա թող ուսումնասիրեն տիկին Նատիայի կեանքը, թող վերլուծեն անոր հոգին, կամքն ու վճռականութիւնը: Մեր հայկական իրականութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք թերթ կը տպեն, կան մարդիկ, որոնք թերթ կը պահեն, անդին կան նաեւ քիչեր, որոնք թերթով կ՚ապրին ու թերթ կը շնչեն. այդ անմահներու շարքին է նաեւ տիկին Նատիան, որու վաստակին առջեւ պարզապէս պէտք է խոնարհիլ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան