ԽՈՆԱՐՀ ՍԻՐՏԸ

«Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած եւ խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր». (ՍԱՂՄ. ԾԱ 17)։ Խոնարհութիւնը աստուածահաճոյ առաքինութիւն մըն է, որ մարդս աւելի եւս կը մօտեցնէ Աստուծոյ։

Կը պատմուի, թէ վարպետ մը աման մը կը փնտռէր, որպէսզի կարենար գործածել։ Անոր առջեւ բազմաթիւ անօթներ կային։ Ան կը խորհէր. արդեօք ո՞րը ընտրելու էր։ «Զիս գործածէ», գոչեց ոսկի ամանը. «ես փայլուն եմ եւ արժէքաւոր, եւ ամէն բան շիտակ եւ գեղեցկօրէն կ՚ընեմ։ Իմ փայլս եւ գեղեցկութիւնս բոլոր միւսները կը գերազանցեն։ Եւ… քեզի պէս փորձառու վարպետի մը համար, ոսկին լաւագոյնն է»։

Վարպետը առանց խօսելու անցաւ եւ նայեցաւ արծաթէ նեղ եւ երկար բաժակի մը։ Արծաթէ բաժակը ըսաւ. «Քեզի կրնամ ծառայել, սիրելի վարպետ։ Քու գինիդ կրնամ պահել սեղանիդ վրայ, երբ որ ճաշես։ Իմ գիծերս շնորհալի են եւ փորագրութիւններս նուրբ։ Արծաթը, ի հարկէ, քեզի կը վայելէ…»։

Իմաստուն եւ հմուտ վարպետը անցաւ պղինձէ անօթին, որ լայն բերանով տափակ աման մըն էր, փայլուն եւ գեղեցիկ։ «Հոս եմ, հո՛ս», պոռաց պղինձէ անօթը. «գիտեմ զիս կրնաս գործածել։ Սեղանիդ վրայ դիր, որպէսզի ամէն մարդ զմայլի ինծի…»։

Այդ պահուն, «Հոս նայէ, հո՛ս» ըսելով միջամտեց բիւրեղ սրուակը. «թէեւ փխրուն եմ, սակայն զգուշութեամբ կրնմ քեզի ծառայել»։

Ապա վարպետը մօտեցաւ փայտէ ամանին, որ յղկուած էր եւ քանդակուած եւ ծանր կեցուածք մը, տեսք մը ունէր։ «Կրնաս զիս գործածել, սիրելի վարպետ», ըսաւ փայտէ կլոր ամանը եւ շարունակեց. «բայց կը նախընտրեմ, որ զիս օգտագործես որպէս պտղաման եւ ո՛չ թէ հացաման»։

Վարպետը ժպտեցաւ եւ շարունակեց իր փնտռտուքը։ Յանկարծ տեսաւ մէկդի շպրտուած կաւէ աննշան աման մը, որ կոտրած էր եւ պարապ։ Կաւէ ամանը բնաւ յոյս չունէր, որ վարպետը զինք կրնար նկատել, ընտրել, շտկել, լեցնել եւ գործածել…

«Ո՜հ, ա՛յս է անօթը, որ կը փնտռէի», ըսաւ վարպետը գոհունակութեամբ։ «Զայն կրնամ նորոգել, շտկել եւ բոլորովին ի՛մս ընել, որպէսզի գործածեմ ուզածիս պէս։ Պէտք չունիմ հպարտութեամբ լի ամանի մը, ո՛չ ալ մեծբերան գոռացողի մը։ Չեմ ուզեր այդ մէկը, որ ինքզինք պարծանքով կը պարտադրէ կամ կը ցուցադրէ»։

Ապա ան իր սիրոյ ձեռքերով զգուշութեամբ վերցուց կաւէ փշրուած ամանը. մաքրեց, նորոգեց եւ լեցուց զայն եւ քաղցրութեամբ խօսեցաւ անոր ըսելով. «Քեզի համար գործ ունիմ ընելիք։ Ուրիշներուն փոխանցէ, ինչով որ քեզ կը լեցնեմ…»։

«Աստուածային Բանը մարդկային հոգիին կամովին խոնարհութիւնը եւ հոգիով հրաժարումը կը կոչէ հոգիով աղքատութիւն, իսկ առաքեալը Աստուծոյ աղքատութիւնը մեզի օրինակ կու տայ երբ կ՚ըսէ.- Աղքատացաւ մեզի համար». (Բ ԿՈՐՆԹ. Ը 9), եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։ Յիսուս իր չարչարանքէն ժամանակ մը առաջ՝ Ան իր աշակերտներուն օրինակ տուաւ Երուսաղէմի աղքատ այրին՝ որ իր չքաւորութեան մէջ տուաւ ի՛նչ որ ունէր իբր ապրուստ. (ՂՈՒԿ. ԻԱ 4)։ Խոնարհութիւնը, արդարեւ, պարտաւորիչ է երկինքի Արքայութիւնը մտնելու համար։ Ուստի, երբ կ՚աղօթենք, մենք ո՞ւրկէ կը խօսինք. մեր հպարտութեան եւ մեր կամքին բարձունքէ՞ն, թէ խոնարհ սրտի մը խորութիւններէն։ Ան որ ինքզինք կը խոնարհեցնէ, կը բարձրանայ։ Ուստի, խոնարհութիւնը նախահիմն է աղօթքին։

«Մենք չենք գիտեր աղօթել ինչպէս որ պէտք է». (ՀՌՈՄ. Ը 26)։ Խոնարհութիւնը պահանջուած տրամադրութիւնն է աղօթքին պարգեւը ձրիաբար ընդունելու համար. «մարդը Աստուծոյ մէկ մուրացիկն է», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Արդարեւ, վստահալից խոնարհութիւնը նախ մեզ կը վերահաստատէ Հօր եւ Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ հաղորդութեան լոյսին մէջ, ապա մեզ իրարու հետ. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 7-2, Բ) եւ այն ատեն «ի՛նչ որ խնդրենք Անկէ, պիտի ընդունինք». (Ա ՅՈՎՀ. Գ 22)։

Խոնարհութիւնը հոգեւոր հարստութի՛ւն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 27, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026