ԱՂՔԱՏ Է ԱՅՆ՝ ՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՉՈՒՆԻ…

Աղքատութիւնը միայն նիւթական չգոյութեան մէջ փնտռել սխա՛լ է. բարոյական արժէքներու չգոյութիւնն ալ աղքատութիւն է։ Այս ուղղութեամբ՝ այն մարդը՝ որ բարեկամ չունի, աղքա՛տ է։ Անշուշտ, այս բարեկամը ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամի մասին է։ Ուստի, կան բարեկամներ՝ սուտ եւ կարծեցեալ, որոնք թշնամիներէ աւելի՛ թշնամի՛ են։ Ուրեմն կեղծ եւ սուտ բարեկամներ չունենալ՝ հարստութիւն է։

Աղքատ է այն՝ որ զինք հակակշռող եւ դատապարտող խիղճ չունի։ Արդարեւ, խիղճը հարստութիւն է։

Աղքատ է այն անձը՝ որ ինքզինք զսպելու կարողութիւնը չունի։ Աղքատ է նաեւ այն՝ որ անձնասէր է, ինքնակեդրոն եւ միայն ինքզինք կը խորհի։

Աղքատ մարդ է այն՝ որ նկարագիրը փոխած է դրամի հետ։ Բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներ կը գերազանցեն նիւթական արժէքները։

Աղքատ է այն մարդը՝ որուն ընտանիքին անդամները զինք չեն սիրեր։ Սիրոյ պակասը, արդարեւ, ամենախոր աղքատութիւնն է։

Աղքատը հոգեւոր կեանքի մէջ այն մարդն է՝ որ յոյսը եւ հաւատքը կորսնցուցած է։ Առանց յոյսի եւ հաւատքի ապրիլ կարելի չէ՛…

Աղքատ է հոգւով այն մարդը՝ այն հաւատացեալը, որ Յիսուսը իրեն բարեկամ չէ ընտրած։

Աղքատ է այն մարդը՝ որ իր գրադարանին մէջ Սուրբ Գիրք չունի եւ անկէ չի մխիթարուիր։

Իսկական աղքատ մըն է այն՝ որ երկինքը գանձ չէ դիզած։ Եւ այն՝ որ մաքուր սիրտ չունի։ 

Աղքատ է այն՝ որ ուրիշին տալիք բան մը չունի, քանի որ աւելի երանելի է տալը՝ քան առնելը։

Այն որ անկարող է չարին յաղթելու բարիով, աղքատ մարդ մըն է…

Եւ ան՝ որ քաղցր է տան մէջ, հաւատարիմ է իր գործին եւ պաշտօնին, քաղաքավար է ընկերութեան մէջ, խղճամիտ՝ առեւտուրի մէջ. ան որ գթասիրտ է դժբախտներուն հանդէպ, խնդակից է բարեբախտներուն հետ, ձեռք կ՚երկարէ տկարներուն եւ կարօտեալներուն, կը ներէ չզղջացողներուն, յարգանք եւ անկեղծ սէր ունի ամէնուն հանդէպ, սրտանց կը ծառայէ ամենակարող, ամենատես Աստուծոյ, համեստ եւ թափանցիկ կեանք մը կ՚ապրի, համբերող եւ յաղթող է փորձութիւններու, շնորհքի մէջ կ՚ապրի, կ՚աճի եւ կը հասուննայ հոգեւորապէս, սիրոյ մէջ հաւատարիմ է եւ ճշմարտասէր եւ անկեղծ, յարատեւ կը հնազանդի եւ կը հպատակի Աստուծոյ կամքին եւ կը վստահի Անոր, Աստուծոյ կը նայի օգնութեան համար, հեռու կը փախչի չարէն, ընկերը կը սիրէ իր անձին պէս, պատրաս՛տ է Յիսուսի անունով խօսելու, գործելու եւ քարոզելու, հաւատքով կը քալէ եւ չի տարակուսիր, նոյնիսկ կեանքի խաւար եւ մութ պարագաներուն, յօժարակամ կը զոհէ եւ կը զոհուի Տէրոջը սուրբ անուանը համար… ա՛ն է ճշմարիտ քրիստոնեան։

Քանի որ առակախօսը կ՚ըսէ. «Հոգիներ վաստկողը իմաստուն է». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 30)։ Ուստի, սէրը կը յաղթէ ամէն դժուարութիւն եւ նեղութիւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2026