ՉՀԶՕՐ ՍՓԻՒՌՔ - ՉՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Իւրաքանչիւր ազգի համար սփիւռքը ունի տարբեր նշանակութիւն. ոմանց համար կարեւոր է, իսկ ոմանց համար կորուսեալ։ Սակայն, կան ազգեր, որոնց պատմութիւնը մեծագոյն պատասխանն է այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքով ստեղծել հզօր Հայաստան մը: Այսօր մենք կ՚ուզենք, որ հայկական սփիւռքը որպէս վերջին հանգրուան ունենայ հայրենիքը, սակայն, բոլորը այդպէս չի մտածեր:

Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ 1994 թուականին հայկական մամուլի մէջ հրատարակուեցաւ Կերի Գասպարովի մէկ հարցազրոյցը։ Մտաւորականին ուղղուած հարցը հետեւեալն էր. «Ի՞նչ է Հայաստանի օգնութեան մէջ սփիւռքի դերը»։ Ամբողջութեամբ կը մէջբերենք Գասպարովի պատասխանը. «Ես տարբեր սփիւռքներ կը ճանչնամ: Դժբախտաբար հայկական սփիւռքը այնքան մեծ չէ, որքան հրէական սփիւռքը եւ գլխաւորը բաժանեալ է եւ ենթաբաժանեալ: Ի վիճակի չէ միակ կեցուածք որդեգրելու Հայաստանի հանդէպ: Երբ Իսրայէլ վտանգի մէջ է, աշխարհի բոլոր հրեաները կը միանան: Երբ Հայաստանի մէջ է, ժամանակը կը վատնուի գտնելու համար, թէ ո՞վ, ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ»: Այնպէս մը չէ, որ հրեայ ժողովուրդը վէճեր ու հակառակութիւններ չ՚ունենար, պարզապէս հրեայ ժողովուրդը գիտէ, թէ ե՛րբ պէտք է մէկ ամբողջութիւն դառնալ եւ երբ ոչ։ Հայկական սփիւռքը այս մէկն է, որ չի գիտեր։ Եթէ կ՚ուզենք «հզօր սփիւռք» ունենալ, ապա պէտք է նոր սերունդին մէջ սերմանել այն գիտակցութիւնը, որ հայրենիքը բարձրագոյն սրբութիւն է եւ դժուարութեան պահուն նոյնիսկ արեան գնով պէտք է երթալ ու պաշտպանել զայն։ Հրեայ ժողովուրդի «յաղթանակ»ը պատահական չէր, անոր մէջ իրապէս դեր ունէր սփիւռքը, սակայն, իրենց պարագային նիւթական ու բարոյական աջակցութենէն անդին կար նաեւ իրական գետնի վրայ կատարուածը, որուն շնորհիւ յաջողեցան ստեղծել այն երկիրը, զոր այսօր որպէս հայրենիք կ՚ընդունին: Հրեաներ յաջողեցան հայրենիք ունենալ, որովհետեւ հաւատացին, որ որքան ալ օտարութեան մէջ գտնուին՝ գոյութիւն ունի տեղ մը, ուր պէտք է ապրիլ, ստեղծագործել ու արարել։ Հրեան յաջողեցաւ՝ որովհետեւ կրցաւ մէկ բռունցք եւ մէկ կամք դառնալ։ Մենք սփիւռքի մէջ նոյն այդ ոգիով ապրելու փոխարէն բաժնուեցանք եւ աւելին՝ հակառակեցանք: «Հզօր սփիւռք» ըսողները երբեւէ կը մտաբերե՞ն, թէ ինչ աղէտներ, եղբայրասպան ի՜նչ կռիւներ տեղի ունեցաւ հայկական սփիւռքին մէջ։ Հզօր ըլլալու համար միութիւնը անհրաժեշտ է. միութիւնը անհրաժեշտ է՝ մա՛նաւանդ դժուարութեան ժամանակ։ Մենք հակառակութեան մէջ էինք թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ դժուարութեան ժամանակ: 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը երբ կը յայտարարէր Սփիւռքի տարի, իր հռչակագրին մէջ սփիւռքին հիմնական հարցերը կը նկատէր հետեւեալները. կուսակցական բաժանումներ, կառոյցներու միջեւ մրցակցութիւն (ոչ-դրական իմաստով), սերունդներու օտարացում, մամուլի, դպրոցներու լուրջ տագնապ եւ տակաւին բազմաթի՜ւ ուրիշներ։ Լուծում. լսեցէ՛ք. վերակազմակերպում, վերանորոգում, բարեկարգում, ախտաճանաչում, գործընթաց, ռազմավարութիւն եւ նման բազմաթի՜ւ բառեր՝ որոնք կան ու կը շարունակեն մնալ բառ: Այս բոլոր խօսքերը աւելորդ կը նկատենք, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ հայրենիքին համար մեծագոյն հզօրացման աղբիւր պիտի ըլլար, եթէ վերջին տասնամեակին յաջողէին Լիբանանէն եւ Սուրիայէն դէպի «զարգացած» երկիրներ գացող հայերու հայեացքները ուղղուէր դէպի հայրենիք։ Ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ կուսակցութիւնները նիւթական պակաս ունին (փա՜ռք Աստուծոյ), սակայն, իրենց այդ ուժերը երբեք ի գործ չդրին հայրենադարձութիւնը զարգացնելու եւ դէպի օտարութիւն եւ կորուստ գացող այդ հայերը հայրենիք վերադարձնելու համար։ Վերանորոգում, բարեկարգում եւ նման բառեր բառարանային են, որովհետեւ գործն է, որ արդիւնք ցոյց կու տայ եւ պէտք է ընդունիլ, թէ հայկական սփիւռքը այդ կողմէ ձախողեցաւ: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հռչակագրին մէջ կը յիշէ հայ աշակերտին օտար վարժարաններ յաճախելը, պատերազմներէն ետք երիտասարդութեան ունեցած յուսալքումը, տնտեսական պատճառով դէպի օտար գաղութներ դիմելը, օտար լեզուի օգտագործումը եւ տակաւին բազմաթի՜ւ ոչ-դրական երեւոյթներ… Այս բոլորով հանդերձ կարելի՞ է սփիւռքը «հզօր» նկատել։ Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է սփիւռքի վերակենսաւորումը մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ»։ Իրականութեան մէջ վերակենսաւորումէն աւելի անհրաժեշտ է այդ կառոյցներուն նպատակները վերատեսութեան ենթարկելը, որովհետեւ պէտք է յստակեցնել. այդ կառոյցներուն նպատակը հայը օտարութեան մէջ հայ պահե՞լն է՝ թէ ոչ հայը իր սեփական հողին վրայ հզօր Հայաստան մը ունենալու տեսլականին քարոզչութիւնն է։ «Սփիւռքի վերակենսաւորում» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ. կենսաւորել՝ որ դարձեալ ապրի ու ծաղկի հայկական սփիւռքը… իսկ ինչո՞ւ այդ սփիւռքը չվերադարձնել հոն՝ ուր պէտք է ըլլայ: 

«Հզօր սփիւռք - հզօր Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը մասամբ սխալ կը նկատենք, որովհետեւ իրական գետնի վրայ ո՛չ սփիւռքը հզօր վիճակ մը ունի եւ ո՛չ հայրենիքը՝ մանաւանդ վերջին մի քանի տարիներու ձեռք բերած իր ամօթանքներով: 

Որպէս եզրակացութիւն եւ լուծում կը հաւատանք, որ պէտք է բարոյական կապ մը ստեղծել սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ։ Այսօր Հայաստանի մէջ սփիւռքը չունի իր խօսքն ու կարծիքը. Ազգային ժողովին ու քաղաքականութեան մէջ երբեւէ նկատի առնուած չեն սփիւռքի հայութեան կարծիքն ու մօտեցումը. Հայաստան իր ապագային ու որոշումներուն մէջ մասնակից չի դարձներ հայկական սփիւռքը, սակայն, միւս կողմէ, կը սպասէ, որ սփիւռքը ըլլայ Հայաստանի հետ, Հայաստանի քով։ Երբեք հզօր կարելի չէ դառնալ, եթէ սփիւռքի հայն ու հայաստանաբնակ հայը տարբեր տեսլականներ, նպատակներ ու երազներ հետապնդեն։ Հրեան այդ կողմէ բախտաւոր էր, որովհետեւ սփիւռքի հրեան կը մտածէր ու կը գործէր այնպէս՝ ինչպէս իրական գետնի վրայ պայքարողը։ Մեր պարագային բոլորը պարզապէս բառեր ու սահմանումներ են՝ իրականութենէ եւ գործէ հեռու:

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը յայտնաբերելու ամենէն իրական պատմութիւնները հեքիաթներն են: Հեքիաթները ծնունդ կ՚առնեն պատմութենէն եւ ոչ թէ հակառակը:

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2026