ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Գ.)
Աշխարհի երեսին երբեւէ մէկը պիտի չյաջողի վերջնական հաստատում կատարել, թէ ի՛նչ է հարստութիւնը, որովհետեւ մեզի համար սխալ թուացածը ուրիշին համար ճիշդ, մեզի համար ծայրայեղ ու անհեթեթ եղածը ուրիշի մը համար տրամաբանական կրնայ ըլլալ: Մարդիկ իրենց որոշումները կը կայացնեն իրենց ունեցած գիտելիքներուն, իրենց շուրջ գտնուող կեանքին հիման վրայ. օրինակի համար, եթէ անձ մը նորարարութիւններով հետաքրքրուած է, լաւապէս կը սերտէ նոր ժամանակներուն մեր դիմաց բացած հնարաւորութիւնները, մինչ անձ մը, որ ընդհանրապէս հեռու է արհեստագիտութենէն, հեռու է ժամանակակից նորարարութիւններէն ու այդ մէկը «սխալ» կը նկատէ, սակայն, իրականութեան մէջ երկուքն ալ իրենց ապրելակերպին համապատասխան համոզումներով առաջնորդուած են:
Կեանքի մէջ որոշումները միշտ ալ բազմազան պիտի ըլլան, որովհետեւ մարդ միշտ ալ պիտի ունենայ յաջողելու երազանքը եւ այդ երազին հասնելու համար շատ անգամ զիրար հակասող բազմաթի՜ւ փորձերու մէջ պիտի գտնէ ինքզինք։ Օրինակի համար, ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ պատերազմներու մէջ գտնուած, նիւթապէս անապահով երկիրներու մէջ մարդիկ շատ աւելի վիճակախաղի կը մասնակցին՝ քան աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ ապրող երկիրներու քաղաքացիները։ Նիւթապէս անապահով ու աղքատ երկիրներու մէջ մարդիկ շատ աւելի բախտախաղով կը զբաղին՝ քան այլուր։ Երբ մարդ կը նկատէ, որ իր եկամուտը հազիւ առօրեայ ծախսերը կ՚ապահովէ, երբ կը նկատէ, որ իր երազած յաջողութիւնը գրեթէ անհասանելի է, երբ կը նկատէ, որ խնայելով գրեթէ անկարելի է հասնիլ նպատակներուն՝ կը փնտռէ այլ հնարաւորութիւններ։ Պայմաններն ու միջավայրը նիւթականի հանդէպ մարդոց սպասումը ամբողջութեամբ կը փոխէ. օրինակի համար, միջին դասակարգի մարդու մը համար գուցէ մի քանի հազար տոլարը այնքան մեծ գումար չթուի, սակայն, աղքատի մը համար այդ մի քանի հազարը մեծ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ որոշ չափով կրնայ բեռ թեթեւցնել։ Այս տարբերութիւնը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. անձ մը իր տարեդարձին համար իր գործատուէն նուէր կը ստանայ՝ 10 հազար հայաստանեան դրամ. շնորհակալ կ՚ըլլայ եւ այդ մէկը առօրեայ ծախսերու համար անհրաժեշտ կը նկատէ, իսկ ուրիշ մը նոյն գումարը կը քննադատ է եւ «քիչ» կը նկատէ։ Այս երկու անձերէն ամբողջութեամբ հեռու այլ անձ մը ժամացոյցի համար ուզուած մի քանի միլիոն դրամը «աժան» կը նկատէ։ Հետեւաբար, չափանիշ մը գոյութիւն չունի. մարդ ի՛նք կը ստեղծէ իր չափանիշը՝ հիմնուելով իր շրջապատին ու առօրեայ կեանքին վրայ: Այդ չափանիշներն են, որ մարդոց միջեւ կը ստեղծեն դասակարգի տարբերութիւններ, որովհետեւ մէկու մը ձեռք բերել երազածը միւսը արդէն իսկ ունի եւ այդ միւսը իր կարգին կը ցանկայ իր չունեցածին՝ որ անդին ուրիշը ունի եւ այդ պայքարն է, որ կ՚ապրի մարդկութիւնը: Անշուշտ, յաճախ կը քննադատենք, որ մարդ այս բոլորը կ՚ընէ իր դրամասիրութեան պատճառով։ Աղքատի պարագային դրամասիրութիւն չէ այդ մէկը։ Ապագայի անորոշութիւնը մտահոգութիւն է աղքատին համար եւ ան նիւթական դիզելու փոխարէն՝ իր եւ իր զաւակներուն, հարազատներուն կեանքը բարելաւելու փափաք մըն է պարզապէս։ Մարդկային բնազդին մաս կը կազմէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրելու փափաքը: Այս բոլորին վրայ պէտք է նկատի ունենալ, որ շատ մը երկիրներու մէջ սեփական գործ սկսիլն ու հնարաւորութիւններ ստեղծելը այնքան ալ դիւրին պայմաններ չունին։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մարդիկ բանտուած են իրենց աշխատավարձերով եւ ընտրութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են։ Հետեւաբար, թէ՛ աշխատանքը, թէ՛ վիճակախաղը, թէ՛ բախտախաղը յոյսի մը, նոր հնարաւորութեան մը ետեւէն երթալու ցանկութիւնը կը պարունակէ իր մէջ, անշուշտ, շատ անգամ ոչ-դրական արդիւնքներով:
Ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, որ նիւթական հարստութիւն ապահովելը որոշ կարգապահութիւն կը պահանջէ, սակայն, բոլորը չեն, որ կրնան կատարեալ կարգապահութեամբ ապրիլ այս աշխարհին վրայ։ Օրինակ, քիչերն են, որ ծրագրուած, գրուած ու գծուած աղիւսակի մը հիման վրայ կը շարժին։ Եթէ հնարաւոր ըլլար պատրաստ աղիւսակի մը հիման վրայ ապրիլ, ապա շատ աւելի մեծ թիւով հարուստներ պիտի ունենայինք մեր շուրջ (հակառակ անոր, որ այս օրերուն եւս անոնց թիւը պակաս չէ):
Հետեւաբար, իւրաքանչիւրս ունինք նիւթականի հանդէպ տարբեր ըմբռնում, նիւթական տարբեր վիճակ, որովհետեւ ունինք տարբեր փորձ, ունինք տարբեր անցեալ, ունինք տարբեր մանկութիւն, տարբեր միջավայր եւ այդ տարբերութեան մէջ շա՜տ մեծ անդունդ կրնայ յառաջանալ՝ նոյնիսկ եթէ երկու անհատներ կ՚աշխատին նոյն վայրը, կը ստանան նոյն աշխատավարձը:
Հետեւաբար, նիւթականին ինչութեան վերջին սահմանումը հիմնական ու վերջնական սահմանում մը չունենալն է։ Ի դէպ, հարստութիւն ըսելով պէտք չէ հասկնալ լոկ նիւթական առատութիւնը։ Շատեր հարստութիւն ըսելով կը հասկնան ապահովութիւնը, ազատութիւնն ու հանգստութիւնը եւ մեր օրերուն այդ հիմնական արժէքները ձեռք բերելու համար նիւթականը մեծ տեղ ու դեր ունի։ Ականջ մի՛ տաք բոլոր այն հարուստներուն, որոնք կ՚ըսեն «դրամը ուրախութիւն չի բերեր»։ Եթէ այսօր ձեր մայրը կամ հայրը հիւանդանայ՝ այդ գումարն է, որ զանոնք բժշկութեան կ՚առաջնորդէ, երկրի անապահովութեան պարագային այդ գումարն է, որ ընտանիքին գոյութիւնը կ՚ապահովէ։ Գուցէ քարէ դարի ժամանակ էր, որ մարդ կ՚օգնէր մարդուն. ներկայիս պայքարին մէջ մարդ մինակ է եւ պաշտպանութեան վահանը նիւթականն է:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Սիրտը, որ ճանաչող սիրտ է, այնքան բնականօրէն կը ձգտի ազատութեան, որքան բանտարկուած թռչունը:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան