ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՒՐԷ ՄԱՔՈՒՐԸ

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ զանազան դէպքեր ցոյց կու տան, թէ մոլութիւններ ինչպէս կ՚աւրեն մաքուր սիրտեր, մաքուր դէմքեր, եւ ցեխի մէջ թաթխուած հոգին ինչպէս կը քանդակուի հոն։ Արդարեւ, ոճրագործներու, գողերու եւ քսակահատներու դէմքերուն վրայ յաճախ փորագրուած է անոնց ահազդեցիկ, անգութ բնաւորութիւնը, եւ սպաննելու եւ յափշտակելու իրենց վարժութեան արդիւնքը եղող վայրագ եւ գրեթէ տմարդկային արտայայտութիւնը։ Հիները կ՚ըսէին, թէ մարդուս նկարագիրը իր դէմքին վրայ կը ցոլանայ։ Եւ կամ՝ մարդուս այցետոմսակը իր ճակտին վրայ քանդակուած է։ Դէմքը հայելին է մարդուն ներաշխարհին՝ հոգիին եւ միտքին…

Այս իրողութեան ճիշդ հակառակն ալ նոյնքան ճշմարիտ է. կը տեսնուի անձ մը, թերեւս առաջին անգամ, իր դէմքին վրայ այնքան հանդարտ՝ բարի եւ զուարթ արտայայտութեամբ մը, որ անմիջապէս կը խորհուի եւ ինքն իրեն կ՚ըսուի.- Ահա մէկը, որ որեւէ չարութիւն խորհելու եւ գործադրելու անկարող է… եւ այս դատողութիւնը ընդհանրապէս ուղիղ է, եթէ այդ անձը կեղծ դիմակ կրելու վարժութիւն չունի։ Սուրբ Եփրեմ Ասորի իր զօրաւոր աղօթքին մէջ այս պարագային կ՚ակնարկէ, երբ կ՚աղօթէ. «…ինքզինքս անմեղ ցոյց կու տամ բայց մեղքով լեցուն եմ… սուրբ կը կարծեն զիս բայց չար եմ…» կը խոստովանի։

Եւ որքա՜ն դժուար է ճանչնալ մարդը…

Սրտին մէջ լայն տեղ գրաւող բարկութեան, ատելութեան, ոխակալութեան, նախանձի, վրէժխնդրութեան, գութի, բարութեան, երկայնամտութեան, հանդուրժողութեան նման ազնիւ զգացումներ, կամ՝ յափշտակելու, սպաննելու եւ կամ իր նմաններուն օգնելու, զոհուելու անոնց համար սեւեռուն գաղափարներ իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը կը դրոշմեն դէմքին վրայ, ասոնց շարունակական գործունէութիւնը դէմքին մկաններուն եւ ջիղերուն նոյնօրինակ կերպով պրկումին հետեւանքով որոշ արտայայտութիւններ կը ձեւաւորէ եւ կը կաղապարէ, կը փորագրէ հոն։ Ասիկա բնախօսական եւ հոգեբանական օրէնքներու արդիւնքն է։

Բարձր նկարագրի տէր՝ զօրաւոր անհատականութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսանձ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերուն վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ եւ ահաւոր։

Արդարեւ, հաստատուած «գեղեցկութեան սրահներ»՝ ուր զանազան միջոցներով դէմքերուն կը տրուին զանազան երեւոյթներ, որոնք «գեղեցկութիւն» կը կոչուին։ Նաեւ վիրաբուժական գործողութիւններու վրայ՝ որոնց նպատակն է դէմքերը գեղեցկացնել։ Արդարեւ, ո՛չ բնութիւնը, ո՛չ ժամանակը եւ ոչ ուրիշ որեւէ ազդակ կրնայ դէմքը այնքան տգեղցնել կոշտ խորշոմներով, բիրտ գիծերով կամ ուրիշ տեսքերով եւ երեւոյթներով, որքան մարմինի, սրտի եւ հոգիի վատթար ունակութիւններ եւ մոլութիւններ։

Ո՛չ մէկ «Գգեղեցկութեան սրահ» կամ վիրաբուժական գործողութիւն, ո՛չ մէկ շպար կրնայ դէմքը գեղեցկացնել, եթէ հոգին, սիրտը տգեղցուցած է զայն, բայց միայն բարի, ազնիւ միտումներու սիրալի տրամադրութեան արտայայտութիւնը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ապրիլ 2, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2026