ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՊԱԿԱՍԷՆ ՊԻՏԻ ՏԱՌԱՊԻՆՔ

Շատեր նման յօդուածներէ ետք «լուծում»ի մասին կը հարցնեն, եթէ իրապէս լուծումի մասին մտածող կայ, ապա ահաւասիկ լուծումները. 

Պէտք է գիտնալ, որ «լաւ» կուսակցական ըլլալ, լաւ տնօրէն, լաւ ուսուցիչ ու լաւ ազգային գործիչ ըլլալ չի նշանակեր։ Սփիւռքի մէջ կը տեսնենք, որ այս կամ այն կուսակցութեան «իշխանութեան» տակ գործող դպրոցներ, դպրոցին «գոյն»ը չկորսնցնելու համար տնօրէն ու ղեկավար կը նշանակեն անձեր՝ որոնք կրթութեան եւ դաստիարակութեան հետ ընդհանրապէս կապ չունին։ Ամէն բանէ առաջ դպրոցի մը գլուխը պէտք է նշանակել անձ մը՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ուսուցչութեան, գրականութեան, հայ միտքի դաստիարակութեան՝ անկախ անոր գոյնէն ու համոզումներէն։ Հայ դպրոցը «գոյն» ունենալու իրաւունք չունի. անոր միակ գոյնը պէտք է ըլլայ հայութիւնը եւ հայ դպրոցին մէջ ապագայ կուսակցականներ պատրաստելու փոխարէն ապագայ հայ երիտասարդը, հայ մայրն ու հայրը պէտք է պատրաստենք. կարելի չէ ունենալ առողջ դպրոց՝ առանց առողջ ղեկավարութեան: Նշանակուած այդ տնօրէնները պէտք է հասկնան, որ իրենք չգտնուող «աստուածներ» չեն. իրենց պաշտօնը «հրամայել»էն ու «իշխել»էն աւելի ծառայել է աշակերտներուն, ծառայել ուսուցիչներուն. անոնց համար ստեղծել զարգանալու լաւագոյն միջոցներ ու պայմաններ: Այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ դպրոցներու մէջ թէ՛ աշակերտները եւ թէ ծնողները տնօրէնի ընտրութեան մէջ պէտք է ունենան իրենց խօսքը, իրենց ձայնը, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ այդ մէկը կ՚ըլլայ մեծ ղեկավարներու նշանակութեամբ եւ այդ իսկ պատճառով ճիշդ մարդը մի՛շտ հեռու կը մնայ ճիշդ տեղէն: 

Պէտք է վերականգնել ուսուցչութեան հանդէպ հասարակութեան յարգանքը։ Անցեալին հայ ուսուցիչը աղքատ ու խեղճ վիճակ մը ունէր, սակայն, յարգանքի արժանի էր՝ նոյնիսկ հայերէն չգիտցող գաւառի հայուն կողմէ։ Այսօր ուսուցչութիւնը հասարակութեան կողմէ սկսած է դիտուիլ որպէս «գործ» եւ «աշխատանք»՝ օրուան ապրուստը ապահովելու համար: Մենք ունեցած ենք ուսուցիչներ՝ որոնք լոյս աշխարհ եկած են ուսուցիչ ըլլալու։ Նախապէս գրած ենք ուսուցիչի եւ դասատուի տարբերութեան մասին. մերօրեայ դպրոցները դասատուներ կը փնտռեն՝ որովհետեւ դպրոցը կը տեսնեն որպէս շահաբեր միջոց՝ կուսակցութեան գանձանակը հարստացնելու համար: 

Կը խօսինք ուսուցիչի պակասի մասին, սակայն, միւս կողմէ կը մտածենք, որ կրնայ ըլլալ ուսուցիչի կարիք ընդհանրապէս չունենանք՝ եթէ սկսինք տառապիլ դպրոցի պակասէն։ Ականատես կ՚ըլլանք սփիւռքի մէջ մէկ առ մէկ փակուող դպրոցներուն. եթէ կան մարդիկ կը կարծեն մի քանի դպրոց փակելով «միացեալ» վարժարան բանալը դրական երեւոյթ է՝ թող լա՛ւ մտածեն. «միացեալ վարժարան» անուան տակ կամաց-կամաց դէպի նահանջ կ՚առաջնորդուինք։ Դպրոցները կը փակուին՝ որովհետեւ ունինք հայ աշակերտի պակաս. հայ աշակերտի պակասը բնականաբար իր հետ պիտի բերէ հայ ուսուցիչի պակասը։ Եթէ անցեալին գաղութին մէջ կար հինգ վարժարան՝ հինգ մայրենիի ուսուցիչով, այժմ «միացեալ» վարժարանը ունի մէ՛կ հայերէնի ուսուցիչ. ո՞ւր են միւս չորսը…. եթէ իրապէս նուիրեալ ուսուցիչ են եւ որոշած են իրենց կեանքը ուսուցչութեան նուիրել՝ այժմ ինչո՞վ կը զբաղին. եթէ ուսուցիչները հեռու կը մնան ուսուցչութենէն ինչպէ՞ս ակնկալել եւ սպասել, որ հայ երիտասարդը ուսուցիչ դառնալու երազով խանձուի: 

Այս բոլորը ցաւով կը գրենք, որովհետեւ լաւապէս գիտենք, որ թէ՛ եկեղեցիները, թէ՛ կուսակցութիւնները եւ թէ միութիւնները նիւթական դժուարութիւններ չունին։ Դանիէլ Վարուժանի ժամանակաշրջանին գրեթէ ամէն բան կար՝ նուիրեալ հայ երիտասարդ ուսուցիչներ, գրականասէր հանրութիւն՝ սակայն նիւթականը կը պակսէր։ Այսօր վիճակը ամբողջութեամբ հակառակն է. նիւթականը կայ, սակայն ո՛չ նուիրեալ երիտասարդութիւն գոյութիւն ունի եւ ո՛չ ալ հասարակութիւն: 

Անշուշտ, այս բոլորը գրելու ժամանակ հարկ կը նկատենք յիշել բոլոր այն հայ երիտասարդները, որոնք մինչեւ օրս կամաւորաբար Հայաստան գալով գաւառներու մէջ «ուսուցչութեամբ» կը զբաղին եւ արտերկրին մէջ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը փորձեն կիսել տեղի հայ պատանի-երիտասարդութեան հետ։ Թացը չորին հետ այրել չենք ուզեր, սակայն, այս անտարբերութիւնը մեզ պիտի հասցնէ այդ ցաւալի օրուան. հայ դպրոցը, օր պիտի գայ, աշակերտէն աւելի ուսուցիչի պակասէն պիտի տառապի. այդ պակասը լրացնելու համար գուցէ նիւթական զոհողութիւններ յանձն առնէ, սակայն, այդ պարագային ալ ուսուցիչի փոխարէն դասատուներ ապահովէ: 

Այս բոլորը գրած ժամանակ կը յիշեմ, թէ ինչպէս հիները մինչեւ այսօր հպարտութեամբ կը խօսին իրենց ուսուցիչներուն մասին.- ո՞վ չէր ուզէր Յակոբ Օշականին կամ Մուշեղ Իշխանին, Բիւզանդ Եղիայեանին կամ Գէորգ Գանտահարեանին աշակերտիլ։ Հիները չեն մոռնար, սակայն, միւս կողմէ նորերը չե՛ն յիշեր… որովհետեւ ուսուցիչը պարզապէս դասախօս մըն է իրենց համար՝ շատ անգամ ծաղրի արժանի:

Ահաւասի՛կ, հայ դպրոցին ապագայ վիճակը՝ եթէ շարունակենք մնալ այս անտարբերութեամբ: 

•​վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ամէն մարդու պատասխանատուութիւնը իր ազատ կամքովը ըրած գործերուն մէջ է. արժանաւորութիւն եւ անարժանաւորութիւն հոն փնտռելու է:

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026