ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ՛

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան (շուրջ 347-407), տիեզերական եկեղեցւոյ ամենապայծառ դէմքերէն մին, կ՚ըսէ. «Սուրբ Հոգին մկրտութեան աւազանով վերստին ծնուածներուն իմաստութեան, թարգմանութեան շնորհները եւ կարողութիւնը կու տայ։ Այսպէս, մէկը շնորհ կ՚ընդունի աղօթելու համար, որպէսզի ուրիշներ ալ իրմէ աղօթել սորվին։ Հոգին անոնք կ՚առաջնորդէ դէպի բարին եւ աղօթքները կը մօտեցնեն Աստուծոյ…։ Նոյն Հոգին նաեւ մխիթարիչ՛ է…»։

Սուրբ Հոգին, արդարեւ, կենդանի ապացո՛յցն է Աստուծոյ զօրութեան, հաւատարմութեան եւ ամբողջովին ներկայութեան։ Այս իմաստով, Սուրբ Հոգին կը զօրացնէ հաւատացեալներուն սիրտերը եւ կ՚իմաստացնէ։ Այսօր հաւատքով կը զօրացնէ մեզ Սուրբ Հոգին եւ համարձակութիւն կը ներշնչէ՝ վախը կը վերածէ զօրութեան։ Այս զօրութիւնը, արդարեւ, խոնարհութեամբ ծառայելու կամք մը եւ կարողութիւն մըն է։ Այսպիսի ծառայութիւն մը կը բխի մարդասիրութեամբ։

Սուրբ Հոգին Աստուա՛ծ է։

Աստուծոյ պաշտամունքը միայն Աստուծոյ կը պատշաճի. «Միայն քու Տէր Աստուածդ պաշտէ եւ Անոր երկրպագէ՛». (Բ ՕՐ. Զ 13), (ՓԻԼԻՊ. Գ 3)։

Արդարեւ, «… Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը Իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 10)։ Ամէն տեղ ըլլալը միայն Աստուծոյ յատուկ է. «Ես կը լեցնեմ երկինքը եւ երկիրը, կ՚ըսէ ամենակալ Տէրը». (ԱՄՈՎՍ. Գ 13), «Որովհետեւ Տիրոջ Հոգին լեցուց Տիեզերքը». (ԵՐԵՄ. ԻԳ 24)։ Պետրոս առաքեալ Անանիային կը հարցնէ. «Ինչո՞ւ սատանան լեցուց քու սիրտդ՝ որպէսզի Սուրբ Հոգին խաբես». (ԳՈՐԾՔ. Ե 3)։ Ուրեմն Սուրբ Հոգին Աստուած է։

«Ճշմարտութեան Հոգին, որ Մխիթարիչ ըլլալով երբ գայ, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 26), ինչ որ կ՚ըսէ սաղմոսերգուն. «Որովհետեւ կեանքի աղբիւրը Քու քովդ է. Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք». (ՍԱՂՄ. ԼԶ 9)։

Եւ դարձեալ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան իր աղօթքին մէջ Սուրբ Հոգիին ուղղեալ կ՚ըսէ. «Դուն որ Տէր ես, եւ զօրութիւններու Տէրը եւ ճշմարիտ Աստուած, լոյսի եւ կեանքի աղբիւր, որ անքննելիօրէն կը բխիս Հօրմէն, հրաշագործ Սուրբ Հոգի, զոր շնորհել խոստացաւ սուրբ առաքեալներուն Քրիստոս Աստուած մեր, որ իր մահովը մահուան կապանքները քակեց, եւ սկզբնապատճառը, սատանան փակեց անմարելի կրակին մէջ՝ անքակտելի կապանքներով։ Արտաքին խաւարին մէջ ամրօրէն փակեց պիղծ վիշապը եւ անոր ապստամբ զօրքերը…։ Իբրեւ լրումը բոլոր խորհուրդներուն զքեզ, նորոգիչ եւ կենդանարար Սուրբ Հոգիդ, ղրկեց իբրեւ մխիթարիչ մեզի՝ տրտմութեան մէջ թաղուածներուս։ Դուն, իբրեւ Աստուած խոնարհեցար Հօր Աստուծմէ եւ վերնատուն եկար, դուն, զոր երկինքն անգամ չէր կրնար պարունակել։ Լեցուցիր անճառելի ուրախութեամբ եւ աստուածային շնորհներով Քու ընտրեալ աշակերտներդ, զորս իբրեւ կեանքի քարոզիչներ ամբողջ աշխարհ ղրկեցիր…

«Պենտեկոստէի մեծ տօնի օրը, քու փառաւոր գալստեամբդ վերնատուն, զուարճացուցիր քու անունովդ հաւաքուածները… սրբէ ծառաներուդ շրթունքները եւ լեզուները՝ հրեղէն լեզուներով։ Հոգեւորներուն հետ հոգեւոր օրհնութեամբ օրհնելու, սաղմոս երգելու եւ ըսելու, եւ ամէն ատեն աղօթելու…»։

Լեզուներու հարցին՝ Ծննդոց Գիրքին մէջ կ՚արժէ յիշել «Բաբելոն քաղաքը», քանի որ «բաբելոն» կը նշանակէ՝ «խառնակութիւն»։ «Տէրը ըսաւ.- Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են եւ ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան եւ հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։ Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնենք, որպէսզի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ։ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք եւ քաղաքը շինելէ դադրեցան։ Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, որովհետեւ Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք». (ԾՆՆԴ. ԺԱ 6-9)։

Ահա, Սուրբ Հոգին, Պենտեկոստէին՝ ցրուած լեզուները ժողվեց։ «Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։ Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին, թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի…». (ԳՈՐԾՔ. Բ 5-6)։

Այս դէպքերը կ՚ապացուցանեն Հին եւ Նոր կտակարաններու յաջորդականութիւնը եւ բանաւոր կապը։

Հաւատքը ապացոյցի, փաստի չի կարօտիր՝ ան միշտ կենդանի է եւ ներկա՛յ։ Ուստի, Սուրբ Հոգիին զօրացուցիչ կարողութիւնը մեր կեանքի ամէն մէկ պահուն զգալի է, մարդկային կեանքը եւ ամբողջ բնութիւնը վկաներն են Սուրբ Հոգիին, հարցը, արդարեւ, անդրադառնալու խնդիր է՝ մարդ եթէ անդրադառնայ, անմիջապէս կը զգայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը։ Արդարեւ, այն խօսքը՝ որ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած է, Սուրբ Հոգիէն կը բխի եւ կենսունակ կ՚ըլլայ։ Եւ Խօսքը վախը կը վերցնէ՝ համարձակութիւն կու տայ։ Ուստի, կենդանի հաւատքով լեցուինք եւ անդրադառնանք Սուրբ Հոգիին՝ մեր սրտերուն մէջ… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2026