ՍԻՄՈՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Աստուծոյ առաջին պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը. խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելու արարքը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։ Սիմոնականութիւնը (ԳՈՐԾՔ. Ը 9-24) կը սահմանուի իբրեւ գնումը կամ վաճառքը հոգեւոր իրականութիւններու։ Սիմոն մոգը կ՚ուզէր գնել այն հոգեւոր զօրութիւնը՝ զոր գործադրուած կը տեսնէր առաքեալներուն կողմէ։ Պետրոս անոր կը պատասխանէ. «Կորսուի՛ դրամդ եւ դո՛ւն ալ հետը, որովհետեւ կարծեցիր դրամով գնել Աստուծոյ պարգեւը». (ԳՈՐԾՔ. Ը 20)։
Պետրոս այսպէս կը հետեւէր Յիսուսի խօսքին. «Ձրի առի՛ք, ձրի ալ տուէք». (ՄԱՏԹ. Ժ 8), (ԵՍ. ԾԵ 1)։ Անկարելի՛ է սեփականացնել հոգեւոր բարիքները եւ անոնց հանդէպ վարուիլ իբրեւ անոնց սեփականատէրերը, քանի որ անոնց ակունքը Աստուծոյ մէջ է։ Կարելի է զանոնք Աստուծմէ միայն ձրիաբար ընդունիլ։
Կռապաշտութիւնը չի հայիր միայն հեթանոսութեան թիւր պաշտամունքներուն։ Ան կը հանդիսանայ հաւատքին դէմ յարատեւ փորձութիւն մը։ Ան կը կայանայ աստուածացնելու մէջ, ի՛նչ որ Աստուած չէ՛։ Մարդ կռապաշտութիւն կը գործէ, երբ փոխանակ Աստուծոյ՝ արարած մը կը պատուէ եւ կը մեծարէ, ըլլա՛ն անոնք չաստուածներ կամ դեւեր. զոր օրինակ՝ դիւապաշտութիւն, ըլլա՛ն անոնք իշխանութիւն, հաճոյք, ցեղ, նախահայրեր, դրամ, արծաթ եւ այլն։ «Չէ՛ք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Զ 24)։ Բազմաթիւ մարտիրոսներ՝ վկաներ նահատակուեցան, չուզելով պաշտել «Գազան»ը. (ՅԱՅՏ. ԺԳ-ԺԴ), մերժելով անոր նոյնիսկ կեղծ պաշտամունքը։
Կռապաշտութիւնը կը դրժէ Աստուծոյ միատիրութիւնը. ան հետեւաբար բոլորովին անհաշտ է աստուածային հաղորդութեան հետ։
Հոգեւոր կեանքը կը մերժէ դրամատիրութեան գործելակերպին պատկանող անհատապաշտութիւնը եւ «շուկայի օրէնք»ին բացարձակ գերիշխանութիւնը մարդկային աշխատանքին վրայ։ Որովհետեւ միմիայն կեդրոնացած ծրագրաւորումի միջոցով տնտեսութեան կանոնաւորումը իր հիմէն կը զեղծանէ ընկերային կապերը միմիայն դրամատիրական շուկայի օրէնքին համեմատ անոր կանոնաւորումը թերացում է ընկերային արդարութեան դէմ, որովհետեւ մարդկային բազմաթիւ կարիքներ կան, որոնք գոհացում չեն կրնար գտնել միայն շուկայի օրէնքով։ Ուստի, հարկ է տնտեսական նախաձեռնութիւններուն խոհական կանոնաւորում մը, ըստ արժէքներու արդար դասաւարումին եւ ի շահ հասարակաց բարիքին եւ օգտին։ Այս իմաստով անյագութիւնը վնասակար է, ինչպէս եւ երկրաւոր բարիքներուն սեփականացումի անյագուրդ բաղձանքը, ինչ որ կ՚ենթադրէ անկարգ ընչաքաղցութիւնը, ծնած՝ հարստութիւններուն եւ անոնց զօրութեան անյագ կիրքէն։ Ապա կ՚արգիլուի նաեւ անարդարութիւն մը գործելու բաղձանքը, ի՛նչ որ մերձաւորին ունեցածներուն վնաս պիտի հասցնէր։
Վերջապէս, պէտք է ընդունիլ, որ դրամը ինքնին ո՛չ չար, ո՛չ բարի է եւ ոչ ալ վնասակար կամ օգտակար։ Ան միայն առարկայ մը, միջոց մըն է, որ երբեք պէտք չէ՛ նպատակ ըլլայ դրամը չար կամ վնասակար եւ բարի կամ օգտակար կ՚ըլլայ զայն գործածողին ձեռքը։ Բարեգործին ձեռքին՝ դրամը բարի միջոց մըն է, իսկ չարագործին ձեռքը՝ չար առարկայ մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ