ՅԱՆՑԱՊԱՐՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐ
Շահան Նաթալի, որպէսզի աւելիով փաստէ հայ եկեղեցականներուն մեղապարտ կեանքը, կ՚որոշէ առանց անուն տալու խօսիլ հայ եկեղեցականի մը մասին, որ եղած է Արմաշական վարդապետ մը, յետոյ Արաբկիրի առաջնորդ, ապա Ատանայի առաջնորդ եպիսկոպոս եւ ետքը դարձած է թափառաշրջիկ մը՝ Եգիպտոսէն Կովկաս, Փարիզ, Լիվըրփուլ եւ ապա Պոսթոն: Այս բոլորը ըսելով հանդերձ, Շահան Նաթալի չ՚ուզեր եկեղեցականին անունը յիշել՝ վստահ ըլլալով, որ իր ժամանակաշրջանի հայը լաւապէս պիտի ճանչնայ եկեղեցականը:
Շահան Նաթալի այս եկեղեցականի կեանքը ներկայացնելու համար կը մէջբերէ իրեն ղրկուած նամակի մը բովանդակութիւնը.
«Աղջկանց դպրոցի վարժուհիներուն հետ միշտ սիրային յարաբերութեան մէջ էր: Արաբկիրի մէջ Եօս… Հաճի Կիւլը եւ երեք աղջիկները՝ Զապէլ, Սովիկ, Մարիցա, որոնք նշանաւոր պոռնիկներ են Արաբկիրի մէջ, մէկիկ մէկիկ կը բերէ մայր վարժարանի տակի յարկը կը բնակեցնէ, իբր թէ ուղղութեան բերելու համար զանոնք: Այճոնց Մարտիրոս էֆէնտիի տղային հարսնիքին հազիւ կրցած են առանձնացած սենեակէն դուրս հանել, ուր Թագուհիին հետ թամզարա կը խաղար: Մէկ գիշեր, այցելութենէ վերադարձին, քանի մը պատուախնդիր արաբկիրցիներ զինք կը բռնեն Թափան Թարլասի ըսուած տեղը եւ պիտի սպաննեն եղեր, բայց փոքրաւորը՝ Մանուկ Չ…եան ազատած է զայն: Այս մարդուն կինը մշտական այցելուն է եղեր անոր, որովհետեւ փոքրաւոր Մանուկին տունը միակ տունն էր առաջնորդարանին մօտ եւ փոքրաւորը միշտ դուրսերը ղրկուելով՝ կինը աչքէ հեռու իր ուզածը կ՚ընէր վարդապետին հետ»:
Շահան Նաթալի կը շարունակէ գրել. «Ծովքը ամառնային հաճոյավայրն էր անոր, ուր գինովութիւնն ու լրբութիւնը առօրեայ կեանքը կը կազմէին: Կը պատմուի, թէ օր մը այս ծայրագոյն վարդապետը - այն ատեն դեռ վարդապետ էր - այնքան գլուխը տաքցուցած է եղեր, որ նոյն գինիէն խմցուցեր է նաեւ իր ձիին ու միասին թամզարա խաղցած են»: Շահան Նաթալի կը շարունակէ թուել եկեղեցականին մեղքերը. ըստ անոր՝ վերջանականապէս Պոսթոն հաստատուելով սիրուհիներ կ՚ունենայ եւ որոշ ժամանակ ետք եկեղեցականին հարազատ քոյրը կը բողոքէ՝ չուզելով իր եղբօր ապօրինի սիրուհիներուն ծառայել։ Եկեղեցականը իր քոյրը դուրս կը դնէ տունէն։ Նոյն միջոցին ոչ-օրինական պսակադրութիւններ կը կատարէ գաղութին մէջ. եկեղեցական պաշտօնէն անդին իր սիրուհիներուն ճամբով առեւտուրով կը զբաղի:
Անշուշտ, արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Շահան Նաթալի իր նկարագրութեան մէջ կը չափազանցէ։ Նախքան եկեղեցականին կենցաղին մասին խօսիլը՝ այնպէս կը նկարագրէ, որ բանտի մէջ գտնուող ոճրագործը շատ աւելի ազնիւ ու բարի կեանք ունի՝ քան եկեղեցականը, սակայն, մեղքերը երբ կը թուէ, իրականութեան մէջ այնքան ալ աներեւակայելի մեղքեր չեն։ Անշուշտ, եթէ նկատի ունենանք, որ այդ բոլորը եկեղեցականի մը կողմէ կը կատարուի, իրավիճակը կը փոխուի։ Սակայն, այս «պարզ» մեղադրանքներով Շահան Նաթալի կ՚ուզէ ըսել, որ այդ վարդապետը պարզապէս մէկն է նման բազմաթի՜ւ հայ եկեղեցականներու, որոնք մերթ իրենց «ճարպիկութեան» եւ մերթ ժողովուրդի «ամօ՛թ է, օտարը ի՞նչ կ՚ըսէ» համոզումով յաջողած են շատ մը մեղքեր թաքուն պահել:
Շահան Նաթալի կը գիտակցէր, որ նման աշխատութիւն մը իր ժամանակաշրջանի համար քննադատական էր։ Ժողովուրդը եկեղեցականներու հակառակ ամէն տեսակ թերութիւններուն՝ անոնց հանդէպ ունէր յարգանք մը։ Այդ մէկը գիտակցելով է, որ Շահան Նաթալի կը գրէ. «Գիտեմ ընթերցողներուս մեծամասնութիւնը պիտի հայհոյէ ինձ այս տետրակը գրած ըլլալուս համար» ու անոնց որպէս պատասխան կը գրէ. «Հայհոյեցէք, որքան որ կ՚ուզէք նոյնիսկ հրապարակի վրայ, բայց ձեր առանձնութեան մէջ վայրկեան մը միայն խորհրդածեցէք եւ արդէն փրկութեան ճամբային վրայ էք»:
Շահան Նաթալի իր «ուսումնասէր» ուղեղը աւելի հեռուն տանելով իր աշխատութեան մէջ կը խօսի հետեւեալին մասին. Հայ Եկեղեցւոյ «Զղջում»ի աղօթքին մէջ գրուած են այնպիսի մեղքեր, որոնք ըստ անոր՝ աշխարհականի մը միտքէն չ՚անցնիր։ Այլ խօսքով՝ ըսել կ՚ուզէ, որ բոլոր այն մեղքերը, որոնք տեղ գտած են «Զղջում»ի աղօթքին մէջ, հայելին են եկեղեցականի կեանքին. եկեղեցականները իրենց կեանքին մէջ կը գործեն այնպիսի մեղքեր, որոնք սովորական հաւատացեալի մը միտքէն չ՚անցնիր եւ ըստ Շահան Նաթալիի՝ այդ է պատճառը, որ շատ մը մեղքերու ետին «եւ մասամք նորին» արտայայտութիւնը կը դրուի, որովհետեւ մնացածը մարդկային միտքէն եւ երեւակայութենէն վեր են:
Շահան Նաթալիի այս ատելութիւնը իր իսկ բառերով որպէս հիմք ունի հիմնական մի քանի պատճառներ.- ԿԵՂԾԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ.- անոր համար հայ եկեղեցականները կեղծաւորներ են.- արտաքինով սուրբ են, սրբութեան մասին կը խօսին, բայց, իրականութեան մէջ, հեռու են այդ սրբութիւններէն եւ «հաւատացէ՛ք» ըսելով հանդերձ իրենք չեն հաւատար՝ այլ հաւատացեալ կը ձեւանան: ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՂ են.- ըստ Շահան Նաթալիի՝ անոնք կ՚օգտուին հայ ժողովուրդի տգիտութենէն, աւանդապահութենէն եւ կրօնականներու հանդէպ ունեցած ծայրայեղ յարգանքէն: ՍԵՌԱԿԱՆ կեանքի մոլիներ են.- մեծ մասը կիներու եւ աղջիկներու հետ ունի սիրային կապեր. ատակ բռնութեան եւ բռնաբարութեան, անբարոյական յարաբերութիւններու եւ պոռնկութեան մէջ մնալու սէր ունին: ԴՐԱՄԱՍԷՐ են.- կը գողնան, կը յափշտակեն, կը կեղծեն, խարդախութիւն կ՚ընեն: Այս բոլորը կ՚ընեն այն «բախտաւորութեամբ», որ ունին իրենց մեղքերը ծածկող ժողովրդական ամօթ մը եւ հետեւաբար իրե՛նք մեղք գործելու մէջ ամօթ զգալու փոխարէն, ժողովուրդը այդ բոլորը բարձրացնելու ամօթը կը զգայ:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Հարուստը՝ անիկա չէ, որ շատ ստացուածքներ ունի, այլ անիկա է, որ ո՛չ մէկ բանի պէտք ունի:
Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան