ԱՊԱՀԱՐԶԱՆ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

«Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ». (ՄԱՏԹ. ԺԹ 6)։ Արդարեւ, Աստուծոյ ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմուած ամուսնութեան միութիւնը՝ որ հաստատ հիմերու վրայ հաստատուած է, անլուծանելի՛ է, քանի որ Աստուծոյ ներկայութեամբ ապահովուած է ան։ Մովսիսական օրէնքով՝ «արձակման թուղթ»ով կարելի էր, որ լուծուէր այս միութիւնը՝ միակողմանի կամքով։ Բայց այր-մարդու եւ կին-մարդու փոխադարձ կամքով եւ հաւանութեամբ հաստատուած կենակցութիւնը պարզ միութիւն մը չէ՛, այլ՝ Քրիստոսով հաւատարմութեան եւ սիրոյ վրայ հաստատուած միութի՛ւն մը։

Արդարեւ, ամուսնութիւնը, յարաբերութիւն մըն է, որ այր-մարդ եւ կին-մարդ իւրայատուկ իրաւունք եւ պարտաւորութիւններ ունին։ Այս փոխյարաբերութեան մէջ այր-մարդու տրուած է «իշխանութեան» դերը, ուստի, այր-մարդը կը ստանձնէ իշխանութիւն մը՝ ընտանիքը ապահովութեան մէջ հոգալու, խնամելու։ Այս իշխանութիւնը կը ներշնչէ ապահովութիւն։ Բայց այս իշխանութիւնը երբեք չի՛ նսեմացներ կին-մարդուն եւ ընտանիքի միւս անդամներուն կարեւորութիւնը եւ ազատութիւնը։

Ահաւասիկ, այս փոխադարձ իրաւունքի, ազատութեան եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը՝ Աստուծոյ ներկայութեամբ, կը կազմէ եւ կը հաստատէ այն սուրբ միութիւնը ամուսնութեան կապով, որ կ՚անուանուի ընտանի՛ք։

Ինչո՞ւ լուծանելի ըլլայ այսքան հաստատ հիմերու վրայ հաստատուած միութիւն մը։ Ինչո՞ւ…

Արդարեւ, հին օրէնքով հաստատուած ապահարզանը՝ ամուսնալուծումը ներկայ իմաստով, ծանր մեղանչանք մըն է բնական օրէնքին դէմ։ Ան կը յաւակնի բեկանել ամուսիններուն՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու կողմէ ազատօրէն կնքուած համաձայնագիրը՝ միասին ապրելու մինչեւ մահ։ Ապահարզանը կը նախատէ փրկութեան ուխտը, որուն նշանն է խորհրդենական ամուսնութիւնը։ Նոր միութիւն մը կնքելու իրողութիւնը, նոյնիսկ եթէ ճանչցուած է քաղաքական իշխանութեան կողմէ, հոգեւոր կեանքի մէջ կը պահէ իր հանգամանքը։

Ամուսնութեան մէջ, ուր Աստուծոյ գոյութիւնը կը զգացուի, հաստատուն հիմերու վրայ հաստատուած կ՚ըլլայ։ Ուստի բաժանում՝ Աստուծմէ բաժնուիլ կը նկատուի։ Եկեղեցին Քրիստոսի մէջ՝ կերպով մը սուրբ խորհուրդն է, այսինքն միանգամայն նշանը եւ գործիքն է թէ՛ Աստուծոյ հետ իր սերտ միութեան եւ թէ համայն մարդկային ցեղին միասնականութեան։

Եկեղեցին եւ Քրիստոս խորհրդաբար կապուած են իրարու խորհրդաւոր կապով։ Ուստի, ամուսնութեան խորհուրդի կապով ապրողներ կ՚ապրին նաեւ Աստուծոյ հետ։ Եւ աղօթքի կեանքը կը հաստատէ եւ կը զօրացնէ այս կապը։ Հաւատքի կեանքը ապրողներ կը վայելեն Աստուծոյ ներկայութիւնը նաեւ ամուսնութեան միութեան մէջ։ Յիսուս շեշտը կը դնէ սկզբնական դիտաւորութեան վրայ Արարչին՝ որ կ՚ուզէ, որ ամուսնութիւնը ըլլայ անլուծանելի։ Ան չեղեալ կը նկատէ այն թոյլտուութիւնները՝ որոնք սպրդած էին «Հին Օրէնք»ին մէջ։

Հին Օրէնքի ապահարզանը իր անբարոյ հանգամանքը կը ստանայ նաեւ այն անկարգութեան պատճառով, զոր ան կը ներմուծէ ընտանեկան բջիջին եւ ընկերութեան մէջ։ Այս անկարգութիւնը իր հետ կը բերէ ծանր վնասներ. նախ կողակիցին, որ կը գտնուի լքուած, ապա զաւակներուն՝ որոնք իրենց ծնողներուն բաժանումով հոգեպէս կը ցնցուին, եւ յաճախ անոնց միջեւ քաշքշուած կը մնան, եւ վերջապէս վնաս՝ ապահարզանին պատճառած վարակիչ օրինակին համար, որ զայն ընկերային ճշմարիտ վէ՛րք մը կը դարձնէ։

Ամուսնական սէրը իր բնութեամբ իսկ ամուսիններէն՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, անբռնաբարելի հաւատարմութիւն կը պահանջէ. ասիկա հետեւանքն է իրենց անձերու պարգեւին՝ զոր ամուսինները՝ այր թէ՛ կին իրարու կը կատարեն։ Սէրը կոչուած է վերջնակա՛ն ըլլալու։ Ան չի կրնար տեւել «մինչեւ ցնոր տնօրինում»։ Ամուսնութեան այս սերտ միութիւնը՝ երկու անձերու փոխադարձ նուիրումը կը պահանջէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 29, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2026