ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԵԼՈՒԿԸ (Դ.)
Աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց սկսելու. կ՚ուզեն յաջողիլ՝ առանց բան մը «վտանգելու» եւ գուցէ այդ սպասումն է պատճառը, որ կը շարունակեն մնալ հոն՝ ուր էին նախապէս։ Եթէ մարդ կ՚ուզէ վազքի մէջ ախոյենութեան հասնիլ, չի՛ կրնար արդիւնքը գիտնալ ու հասկնալ՝ մինչեւ վազքի դուրս չգայ։ Այս կապակցութեամբ բարեկամ մը կ՚ըսէր, որ երբեք բան մը չ՚ըներ, մինչեւ վստահ չըլլայ, որ յաջողութիւն կրնայ ձեռք բերել։ Իրականութեան մէջ նախապէս մտածելը լաւ բան է. պէտք է տասը մտածել ու մէկ կտրել, սակայն, յաջողութիւնը իր մէջ իմաստութենէն անկախ նաեւ բախտի բաժին մը ունի. օրինակի համար, նոյն բանը երկու տարբեր անձեր նոյնութեամբ կրնան կատարել, սակայն, առաջինինը յաջողի, իսկ երկրորդինը ձախողի։ Այդ իսկ պատճառով, յաջողելուն քոյրերէն մէկն ալ բախտն է, անշուշտ, բախտը առանձին չի կրնար վերջնական ճակատագիր որոշել:
Մարդկային հոգեբանութեան մէջ կայ հետաքրքրական հակասութիւն մը. երբ մարդ յաջողի՝ կը հաւատայ, թէ այդ յաջողութիւնը իր իմաստութեան, աշխատասիրութեան եւ ճիշդ որոշումներուն արդիւնքն են, երբ նոյն մարդը ձախողութեան հանդիպի՝ կը սկսի արտաքին պատճառ մը փնտռել. ժամանակը յարմար չէր, պայմանները նպաստաւոր չէին, ուրիշները խանգարեցին եւ կամ պարզապէս բախտը կողմնակից չէր: Իրականութեան մէջ, բախտը վճռորոշ դեր ունի։ Անձ մը կրնայ ամէն բան կատարեալ կատարել, սակայն, բացասական արդիւնք ձեռք ձգել, իսկ ուրիշ մը վատ որոշում կայացնելով պատահականութեամբ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ դրականին եւ թէ բացասականին պարագային մարդկային ուղեղը կը սիրէ պատմութիւն մը ստեղծել եւ այդ պատմութիւնը տրամաբանութեան սահմաններուն մօտեցնել։ Այդ պատմութեան անճշդութիւնը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք անձ մը ներդրում կատարելով լաւ արդիւնք ձեռք ձգած է. այս պարագային ինք պիտի գնահատէ իր «կարողութիւն»ները եւ շուկան հասկնալու հմտութիւնը եւ այդ մէկը վերագրէ իր իմաստութեան։ Ուրիշ մը եթէ իր ներդրումին մէջ ձախողի, նոյն անձը զինք անխոհեմ պիտի նկատէ, որովհետեւ մարդիկ առանց պատճառները ուսումնասիրելու արդիւնքին կը նային: Հետեւաբար, այս բոլորը կու գան հաստատելու հետեւեալը. արդիւնքը միշտ չէ, որ որոշման որակի չափանիշ կրնայ դառնալ: Մարդ այս բոլորը կը կարեւորէ, որովհետեւ կ՚ուզէ իր ձեռքերուն մէջ առնել իր ապագան. Կ՚ուզէ անոր վրայ իշխել, սակայն, կեանքը կու գայ սորվեցնելու, որ աշխարհի ամենէն իմաստուն մարդը նոյնիսկ շատ անգամ պարտաւոր կ՚ըլլայ կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։ Դժբախտութիւններն ու պատահարները շատ անգամ մեր ձեռքը չեն, սակայն, մեր ձեռքն է այն որոշումը, թէ ինչպիսի կեցուած կ՚ունենանք անոնց հանդէպ: Հետեւաբար, մարդիկ յաջողելէ աւելի պէտք է իրենք զիրենք պատրաստեն ձախողութիւններու, որովհետեւ յաջողութեան մէջ հոգեպէս պատրաստուելու այնքան ալ մարտահրաւէր գոյութիւն չունի՝ ինչքան ձախողութեան։ Մարդ կը յաջողի ո՛չ թէ միայն երբ յաջողութիւն արաձագրէ, այլ յաջողի ձախողութիւնը նուազագոյն վնասով դուրս բերելով կանխել յաւելեալ վնասները:
Զարմանալի չէ՞, որ շատ իմաստուն մարդիկ շատ անգամ թշուառ ու դժբախտ են, իսկ տգէտ անձեր շատ անգամ հակառակ դիրքի վրայ։ Պատճառը պարզ է. մենք ինչքան ալ ծրագիրներ կազմենք, պատրաստութիւններ ընենք, վերջնական արդիւնքը ամբողջութեամբ միշտ մեր ձեռքը չէ։ Հետեւաբար յաջողութիւնը, հարստութիւնը միայն ու միայն «իմաստուն» ու «խելացի» մարդոց տրուած մրցանակ մը չէ։ Մեր հայ ժողովուրդի մտաւորական ամենէն իմաստուն խաւը կազմող հանճարները մեծ մասամբ մահացան անօթի վիճակի մէջ: Յիշեցէք, որ մեծագոյն համալսարաններու դասախօսները նիւթապէս հարուստ մարդիկ չեն:
Մենք մեր միտքին մէջ մարդկութիւնը միշտ կը բաժնենք երկու մասի. յաջողներ ու անյաջողներ եւ այս երկուքին մէջ աւելի առաջնահերթ կը նկատենք յաջողութիւն ձեռք բերողը, սակայն, յաջողութիւնը եւս ինքնին վտանգաւոր է, որովհետեւ կրնայ հոգեբանական տեսանկիւնէն իր բացասական ազդեցութիւնը ունենալ։ Օրինակի համար, անձ մը մէկ կամ երկու գործին մէջ յաջողութիւն ձեռք ձգելով ինքզինք կրնայ ամենակարող նկատել եւ կարծել, թէ ինք կրնայ յաջողեցնել ցանկացած մտածում, սակայն, երրորդ կամ չորրորդ գործին մէջ ձախողութեան կը հանդիպի։ Այդ իսկ պատճառով, յաջողութիւն ձեռք բերելու չափ կարեւոր է նաեւ յաջողութեան հանդէպ մեր ունեցած ըմբռնումը։ Ինքնավստահ ըլլալը անկասկած լաւ բան է, սեփական կարողութիւններուն հանդէպ վստահութիւն ունենալը եւս, սակայն, այդ բոլորը իր չափին մէջ տրամաբանական վիճակ մը կը ստանան. ո՛չ յաջողութիւնները եւ ո՛չ ալ ձախողութիւնները կրնան անձի մը իմաստուն ըլլալ-չըլլալը ցոյց տալ։ Այսօրուան յաջողակը վաղուան ձախողածը կրնայ ըլլալ եւ հակառակը։ Աշխարհի մեծագոյն հարստութեան տէր մարդիկ իրականութեան մէջ եղած են նիւթապէս անապահով ընտանիքներու զաւակներ, որոնք բազմաթի՜ւ ձախողութիւններու կողքին յաջողութիւններ ձեռք բերած են՝ դասեր քաղելով բոլոր այն ձախողութիւններէն, որոնք իրենց յաջողութեան առաջնորդողը եղած է:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Կրօնքը այն է, ինչ որ մարդ ամենէն շատ արժէքաւորած է իր կեանքին մէջ:
ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան