ՄԻ ՔԱՆԻ ՏԱՍՆԵԱԿ ՔԱՐԵՐ

Մեր թուականէն քսանհինգ տարիներ առաջ՝ 2001 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ, ոմն Ճորճ Բամպակեան կը ստորագրէ ամօթալի «բաց նամակ» մը՝ ուղղուած նախկին հոգեւորական Հայր Թորգոմ վրդ. Փօսթաճեանին։ Բաց նամակին առիթը այն է, որ այլ յօդուածով մը նախկին հոգեւորականը պաշտպանած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքները: Ճորճ Բամպակեան միամտութիւնը կ՚ունենայ իր բաց նամակին մէջ գրելու հետեւեալ տողերը. 

«Մտածա՞ծ ես երբեք, թէ դուն որպէս երբեմնի կուսակրօն վարդապետ, որ քու ուխտդ դրժած ես եւ կարգաթող ես, ինչպէ՞ս կրնաս եկեղեցիի մը պաշտպանը ըլլալ, երբ անոր հանդէպ հաւատարմութիւն չես ունեցած: Ըստ իս, իր եկեղեցին սիրողն ու պաշտպանողը իր հաւատարմութեամբ ցոյց կու տայ»: («Նոր Կեանք», ԻԳ. տարի, թիւ 13, մարտ 15, 2001, էջ 3): 

Կարգաթող Թորգոմ վարդապետը չե՛մ ճանչնար. ո՛չ ալ Ճորճ Բամպակեանը կը ճանչնամ, սակայն, որպէս կարգաթող եկեղեցական, վերջինիս այս հարցումին պատասխանելու իրաւունքը անձիս մէջ կը գտնեմ. այնպէս, ինչպէս երկիրն ու իշխանութիւնը տարբեր բաներ են, տարբեր են նաեւ եկեղեցին եւ զայն գլխաւորող կաթողիկոսն ու միաբանութիւնը. եւ այնպէս, ինչպէս իշխանութիւնը չսիրելը հայրենիքը ատել չի նշանակեր, նոյնպէս եկեղեցական միջավայրէն, անոր ներքին կեանքէն հեռանալը եկեղեցին ատել չի՛ նշանակեր: Ես այս երկու տարբերութիւնները թէ՛ բաց նամակ գրող հեղինակին եւ թէ ընթերցողին համար յստակ են՝ ապա կրնանք շարունակել: Եկեղեցական մը եկեղեցական կարգը ձգելով անաստուած չի՛ դառնար եւ ո՛չ ալ իր Քրիստոնէական կրօնէն կը հրաժարի։ Կարգաթողութեան պատճառը կրնայ անձէ անձ տարբերիլ. մին կրնայ կաթողիկոսին հետ խնդիրներ ունեցած ըլլալ, ուրիշ մը կրնայ այդ միջավայրը առողջ չնկատել եւ հեռանալ, սակայն, այդ բոլորը պէտք է եկեղեցիէն տարանջատել, որովհետեւ եթէ հեղինակին տրամաբանութեամբ առաջնորդուինք, ապա պէտք է ըսենք, որ ինք ալ անհայրենիք անձ է՝ պարզապէս այն պատճառով, որ հայրենիքէն հեռու կը գտնուի։ Աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ հայրենիքը անկախացաւ եւ անձի մը վերադարձը արգիլող ո՛չ մէկ հանգամանք գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը պարզապէս մանկապարտէզի տրամաբանութեան մաս կը կազմեն: 

Մեր իրականութեան մէջ կարգաթողութիւնը մարդասպանութեան պէս կը դիտուի. շատեր մինչեւ իսկ կը յանդգնին ըսել, որ Աստուծոյ դիմաց իր խոստումը դրժածը անպայմանօրէն գեհենի կ՚արժանանայ։ Յանկարծ բոլորը դատաւոր կը դառնան եւ Աստուծոյ փոխարէն դատաստան ալ կը կատարեն: Եթէ կարգաթողութեան ինչ ըլլալը կ՚ուզէք հասկնալ, կրնաք ուսումնասիրել Պետրոս առաքեալի կեանքը, որ նոյնպէս Աստուծոյ Որդիին տուած խոստումէն շեղելով՝ զինք ուրացաւ երեք անգամ.  անձ՝ որ դարձաւ քրիստոնէութեան մեծագոյն առաջնորդներէն մին։ Պետրոս Առաքեալի պարագային պարզ էր, որ մեծ դեր ունէր մարդկային բաժինը. Պետրոս ո՛չ թէ սրտանց իր Տէրը ուրացաւ, այլ ժամանակի եւ պայմաններու պահանջներով, մարդկային վախերով ու մտածողութեամբ պահը այդ մէկը ստիպեց. ուրացման համար Քրիստոս զինք գեհենի չարժանացուց, այլ օրհնելով զինք դարձուց քրիստոնէութեան մեծագոյն առաջնորդներէն մին: Եթէ այլ օրինակ մը կ՚ուզէք, որպէսզի կարգաթողը համեմատէք՝ վերցուցէք իսրայէլացի ժողովուրդը, որ Աստուծոյ տուած խոստումները բազմիցս մոռնալով, կուռքեր պաշտելով, անհնազանդութիւններ ընելով հանդերձ արժանացան Աստուծոյ խոստումին. Աստուած մէկ մէկ պատժեց, խրատեց, դատեց, խղճաց ու ներեց: 

Կարգաթող քահանայի մը անձը քննադատելէ առաջ լաւապէս աչքէ անցուցէք անոր կեանքը։ Կուսակրօնութիւնը ձգելը Աստուծոյ պատուիրաններէն հեռանալ չի նշանակեր, որովհետեւ սկզբնական շրջանին կուսակրօնութիւնը ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր. նոյնիսկ կաթողիկոսներ ունէին զաւակներ՝ ինչ որ հեռու է մեր այսօրուան նիւթէն։ Աստուածաշունչը կուսակրօնութեան եւ մանաւանդ՝ կարգաթող ըլլալու համար յստակ օրէնքներ չունի, սակայն, ունի յստակ օրէնքներ, որոնք ցոյց կու տան ճշգրիտ քրիստոնէական կեանքը։ Քննեցէ՛ք, թէ կարգաթողը այս օրէնքներէն քանիի՞ն դէմ գործած է. օրինակի համար, Աստուած ըսած է մի՛ սպաններ՝ եւ ինք սպաննա՞ծ է. Աստուած ըսած է «Ուրիշ աստուածներ չունենաս» եւ ինք գացած կուռքե՞ր պաշտած է: 

Իրականութեան մէջ, մեր մէջ ո՛վ որ «Աստուծոյ օրէնք»ները պաշտպանել կը փորձէ՝ բնականաբար կը մեղանչէ։ Այսպէս, ներկայիս որպէս կրօնական սկզբունքներու «տէր» կը փորձեն կաթողիկոսը հեռացնել. այդ հեռացնելու փորձին մէջ տեղ կը գտնէ մի քանի տասնեակ մեղքեր. օրինակ՝ զրպարտութիւն, բամբասանք։ Նոյնինքն քրիստոնէական օրէնքը կ՚ըսէ, որ եղբօրդ աչքին շիւղը մի՛ տեսներ, այլ աչքիդ գերանը հանէ։ Նոյն քրիստոնէական օրէնքը կ՚ըսէ, որ «ո՛վ որ անմեղ է, առաջին քարը ի՛նք թող նետէ»։ Քրիստոնէական օրէնքները պաշտպանելու անուան տակ մի քանի՜ տասնեակ մեղք կը գործեն՝ ուրիշի մը մեղքը մատնանիշ ընելու համար: 

Մի՛շտ մտածած եմ հետեւեալին մասին. եթէ Քրիստոս այս դարաշրջանին ծնած ըլլար ու ըսէ՛ «ով որ անմեղ է, առաջին քարը թող նետէ՛», վստահ կրնաք ըլլալ, որ նուազագոյնը մի քանի տասնեակ քարեր կը նետուէին… որովհետեւ այս օրերուն ամէ՛ն մարդ ինքն իր անձին համար սուրբ եւ ի պահանջել հարկին նաեւ Աստուած ու դատաւոր է:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Փոխանակ ուրիշներու հարստութեամբ հարստանալու եւ ուրիշներու լեզուն առաջ քաշելու, դեռ չունինք այնքան ինքնութիւն ու հպարտութիւն մենք մեր սեփական հարստութիւնը ունենալու, մեր լեզուն խօսելու, յղկելու ու նրբացնելու, մե՛ր կեանքը, մե՛ր հոգին ու մե՛ր պէտքերը պատկերելու ու արտայայտելու: Արհամարհելը, չհաւնիլը ու չձգտիլը երբեք ոչինչ ստեղծել չեն կրնար: Պէտք է սիրել ու գործածել լեզուն, եթէ կ՚ուզէք սրուի ու արժէքներ ստեղծագործ է:  

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026