ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

«Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի». (ՄԱՐԿ. Բ 5)։ Ներողամտութեան այս խօսքերը՝ անժամանակ եւ տիեզերական, այսօր ալ կը հնչեն համայն մարդկութեան համար։ Արդարեւ, Աստուած, մարդը կոչած է Իր ստեղծագործութեան ծրագին գործադրութեան եւ գործակցելու անոր իրագորման։ Ուստի, մարդ պէտք է անդրադառնայ իր այս սկզբնական կոչումին եւ ըստ այնմ վարուի եւ կառավարէ իր ամբողջ կեանքը։

Վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին մէջ բժշկութեան խնդրանքի մը եւ այդ խնդրանքին կատարման կը վկայենք Յիսուսի կողմէ։

Բայց, նկատելի է, որ երբ Յիսուս հրաշք մը, բժշկութիւն մը կատարէ, նախքան հրաշքին կամ բժշկութեան կատարումը, ենթակային կը հարցնէ. «Կը հաւատա՞ս որ կրնամ կատարել այն ինչ որ կը խնդրես…»։ Ուրեմն, երբ մարդ կ՚աղօթէ եւ կ՚ուզէ բան մը Աստուծմէ, նախ պէտք է հաւատայ, թէ Ան կարո՛ղ է կատարել զայն։ Հաւատքը առաջնակարգ եւ անհրաժեշտ պայմանն է մեր աղօթքներու կատարման. «Ինչ որ աղօթքով խնդրէք, եւ հաւատաք թէ պիտի ստանաք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 24)։

Բայց, հաւատքը պէքտ է ըլլայ հաստատ, աներկբայ, առանց երկմտութեան եւ կասկածի։

Հրէական մտայնութեամբ ամէն չար պատահար, ինչպէս հիւանդութիւն, մեղքի հետեւանք էին, պատի՛ժ յանցանքներու։ Ուրեմն, հեռու մնալ մեղքէ։ Բայց, քանի որ այս աշխարհի վրայ առանց մեղքի ապրիլ կարելի չէ, անմեղ ըլլալ անհնարին է, քանի որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ ըսենք.- Մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ…». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8), եւ ուրեմն հիւանդութիւնը անխուսափելի է մարդկային կեանքի մէջ այս աշխարհի վրայ. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի՛». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ադամ երբ մեղանչեց, յանցանքը Եւային վերագրեց, բայց Դաւիթ, սաղմոսերգուն, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս եւ ուրիշներ խոստովանեցան իրենց մեղքերը եւ ընդունեցին, որ իրենք են յանցաւորը, եւ թէ մեղքը՝ յանցանքը անձնական է։ Ուստի, եթէ մեղքը կամ յանցանքը ուրացուի կամ ուրիշին վերագրելու փորձեր կատարուի, այս պատճառ կ՚ըլլայ, որ ենթական աւելի հեռանայ Աստուծմէ եւ մեղքը կամ յանցանքը աւելի եւս խորանայ եւ արմատանայ։ Ուստի, անտեսելով, ուրանալով կամ գաղտնելով եւ կամ յանցանքը ուրիշին վերագրելով կարելի չէ արդարանալ։

Մեղքէ եւ անոր հետեւանքներէն փրկուելու համար կորով եւ զօրաւոր կամք պէտք է ունենայ մարդ, պէտք է պայքարի մեղքին դէմ։ Բայց, ներուելու համար նախ պէտք է ներել գիտնալ, ներողամիտ ըլլալ. «Թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։ Գրեթէ ամէն օր գոնէ երկու կամ երեք անգամ կը կրկնենք Տէրունական աղօթքի՝ «Հայր մեր»ի այս խօսքերը։ Բայց չի բաւեր խօսքը, այլ պէտք է գործի վերածուի ան, որպէսզի արժէք մը ներկայացնէ։ Այս կերպով մարդ պէտք է զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ կեանքին մէջ՝ Անոր ամենակարողութիւնը, ամենազօրութիւնը։ Ուստի, Աստուած միշտ պատրա՛ստ է մեզ լսելու, մեր խնդրանքը կատարելու, ներելո՛ւ եւ բարին առաջնորդելու։ Մեր հայեացքը ուղղենք դէպի Յիսուս՝ հետեւինք Անոր, ուղղուինք դէպի բարին, ներող ըլլանք մեր շուրջիններուն նկատմամբ՝ քաղցր եւ գթասիրտ, այն ատեն պիտի հեռանանք ամէն չարութենէ։

Աղօթքի մէջ, ըսինք, անհրաժեշտ է զօրաւոր եւ աներկբայ հաւատքը։ Բայց զօրաւոր հաւատքի համար անհարժեշտ է սէ՛րը. սէր, քանի որ Աստուծոյ մօտենալու ամենէն ապահով միջոցն է սէրը, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է։ Մարդ սիրոյ մէջ կը միանայ, կը միաբանի Աստուծոյ հետ։

Բայց զօրաւոր հաւատքի համար կայ ուրիշ կարեւոր պայման մը եւս. հասկնա՛լ։ Իմաստութիւնը ունենալ հասկնալու։ Ինչպէս յաճախ կը յիշենք Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէտք է հաւատալ հասկնալով եւ հասկնալ հաւատքով։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը, ասոր համար պէտք է մարգարէական շնորհք ունենալ, այսինքն՝ Աստուծոյ աչքով դիտել ինքզինք եւ շուրջինները։ Աստուծոյ աչքով դիտել կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը տեսնել, ճշմարտութիւնը խօսիլ, ճշմարտոութեան վկայել եւ ճշմարտութեան համաձայն վարուիլ եւ ապրիլ։

Ի՜նչ փոյթ, թէ ճշմարտութիւն սիրողներ, ճշմարտութիւնը խօսողներ շատ չեն սիրուիր… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 29, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026