ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

Տարիներու ընթացքին՝ կեանքը մեզի կը սորվեցնէ աւելի՛ իմաստուն ըլլալ. աւելի գիտութիւն հաւաքել, մասնաւորաբար հոգեւոր գիտութիւն, եւ կեանքի բազմատեսակ փորձառութիւններ՝ որոնք կեանքին ճշմարիտ երեսը ցոյց կու տան մեզի։

Եւ ո՞ւրկէ կու գայ այդ իմաստութիւնը՝ եթէ ո՛չ՝ երբ կը սկսինք Աստուած ճանչնալ, Աստուծոյ աւելի եւս մօտենալ, Աստուծմէ վախնալ, ակնածիլ. կարդալէ ետք Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի թարգմանած առաջին նախադասութիւնը՝ Աստուածաշունչ մատեանէն. «Իմաստութեան սկիզբը Աստուծոյ վախն է». (ԱՌԱԿ. Ա 7)։ Կեանքին այս խորհրդաւոր հանգրուանին, դժուար չ՚ըլլար համաձայնիլ, Յոբ նահապետին հետ, թէ՝ «իմաստութիւնը ծերերուն քով է, եւ հանճարը՝ օրերու շատութեան մէջ». (ՅՈԲ. ԺԲ 12)։

Արդարեւ, կարեւորը երկար ապրիլէն աւելի՝ իմաստուն ապրի՛լն է։ Այսօր, երբ կը դիտենք մեր շուրջը եւ կը տեսնենք իրենց երիտասարդութեան շրջանը սկսած մարդիկը՝ կ՚ուրախանանք, որ արդէն երկար ճամբայ կտրած ենք եւ պէտք չունինք մշուշի մէջ խարխափելու՝ հասունութեան հասնելու ճամբան գտնելու համար։

Ճի՛շդ է, թէ այսօր տարեցներու մազերը ճերմկած եւ կամ թափած են, եւ սակայն «հարստութիւն» մը ամբարած են. ամբարած են քրտինքով եւ վէրքերով, որոնք տրամադրելի են բոլոր նորելուկներուն, որոնք տակաւին կը ջանան աջը ձախէն զանազանել։ Եւ մենք, տարեցներ, անցեալ սերունդի ներկայ տարեցներ ամբարեցինք մեր ապագայ սերունդներուն համար եւ ինչպէս որ այսօր մենք կ՚ափսոսանք մեր անցեալի «կուրութիւն»ը եւ ժամանակաւոր անտարբերութիւնը, այսօր ալ կը տեսնենք մեր առջեւէն անցնող երիտասարդները՝ վաղուան տարեցները, որոնք եթէ իմաստութիւնը ունենային՝ իրենց ձեռքերը մեզի պիտի բանային՝ կեանքին մեզի տուած հոգեւոր եւ մտային բարիքներէն օգտուելու համար։ Թերեւս ոմանք առարկեն, թէ երիտասարդներ այսօր գիտութեամբ, հմտութեամբ եւ մտքի նուաճումով եւ արդի հնարքներով եւ ստեղծագործութիւններով, մշակոյթի, ճարտարարուեստի եւ այլն բնագաւառներու միջավայրի մէջ անցեալի նկատմամբ շատ աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ են… բայց պէտք չէ մոռնալ, որ իմաստութիւն եւ փորձառութիւն եթէ չընկերակցին այս բոլորին, մարդ չի կրնար կատարեալ ըլլալ։ Եթէ գիտութիւնը չմիանայ հոգեւորին հետ, միշտ թերի կը մնայ մարդուս կեանքը։ Այս առթիւ, արհեստական բանականութիւնը իրաւ է, որ հետզհետէ կը տիրապետէ մարդկութեան կեանքին, սակայն, ան խիղճ չունի, Աստուծոյ ճանաչութեան գիտակցութիւնը չունի, ապա ուրեմն ան կատարեալ չէ, քանի որ «մարդ» միայն մարմին չէ եւ ո՛չ ալ միայն միտք եւ բանականութիւն, այլ նաեւ՝ սիրտ եւ հոգի։ Այս պատճառով արհեստական բանականութիւնը երբեք չի կրնար փոխարինուիլ մարդու հանգամանքին։

Աստուած մարդը ստեղծեց բանականութեամբ, իմաստութեամբ, նաեւ՝ սիրո՛վ։ Եթէ սէրը կը պակսի, հոն կարելի չէ՛ «մարդ» համարել այդ ձեռակերտ շինուածքը՝ արհեստական կազմուածքը։

Անշուշտ որ ամէն գիւտ, ամէն նորութիւն ունի իր օգուտը, բայց անիկա կատարեալ սեպել եւ անոր բոլորովին հպատակիլ սխալ է։ Ուստի, պէ՛տք է նպատակը եւ միջոցը զանազանել իրարմէ եւ չշփոթել իրարու։ Արդարեւ, մարդ պէտք չէ գերին դառնայ իր ձեռագործին, այլ տիրապետէ անոր ե օգտագործէ զայն։ Մարդ, արդարեւ, կոչուած է տիրապետելու աշխարհին եւ ո՛չ թէ գերին դառնալու անոր։ Առարկան՝ պէտք է ծառայէ մարդուն եւ ո՛չ թէ մարդը՝ առարկային։ Եւ մարդ պէտք է «արհեստական բանականութեան» նայի որպէս «առարկայ» կամ «միջոց», որպէս պատճա՛ռ եւ ո՛չ թէ՝ նպատակ։

Մենք ամբարեցինք մեր ապագայ սերունդներուն համար, եւ ինչպէս որ մենք ըրինք՝ կը սպասենք նոյնը այսօրուան երիտասարդներէն… երիտասարդներ՝ որոնք իմաստութիւնը ունենային իրենց ձեռքերը մեզի պիտի բանային՝ կեանքին մեզի տուած հոգեւոր եւ մտային բարիքներէն օգտուելու համար։ Այսօր երիտասարդներ կը փնտռուին՝ ուժ եւ արժէք կը տրուի անոնց, առա՜նց անդրադառնալու, որ կան նաեւ տարեցներ, որոնք կեանքի հնոցէն անցած են եւ դիմացկուն դարձած, դարձած աւելի՛ խոհեմ, աւելի՛ փորձառու, աւելի՛ հեռատես եւ իմաստո՛ւն։ Կը կարծուի, թէ տարեցներ անօգուտ են, բայց Յովհաննէս առաքեալ իր ծերութեան տարիքին Պատմոս կղզին աքսորուեցաւ եւ հոն Յայտնութեան Գիրքը գրեց…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 3, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026