«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԻ՛ ԳԱՍ»
Մի քանի օրեր առաջ սփիւռքահայ տիկին մը Հայաստան ապրող իր ծանօթին զանգելով հետեւեալ հարցը կու տայ. «Ինչպէ՞ս է Հայաստանը. կ՚արժէ՞ հաստատուիլ ու ապրիլ»։ Իւրաքանչիւր տաքարիւն հայ, բնականաբար, բարձրաձայն «այո՛» մը պիտի ըսէ ինքն իր մէջ, սակայն, կեանքը շատ անգամ այդ արիւնէն տարբեր երեւոյթներ կը կարեւորէ, որովհետեւ մարդ պարտաւոր է տեղ մը կայսրինը տալ կայսրին: Բնականաբար, բոլորս պիտի ուզէինք, որ աշխարհի ամբողջ հայութիւնը համախմբուէր հայրենիքի մէջ (որուն երազով մահացան մեր նախնիները՝ ինչ որ պիտի շարունակէ երկար դարեր երազ մնալ), սակայն, այդ մէկը իրականացնելու համար պէտք է ստեղծել պայմաններ, որովհետեւ հայրենասիրութենէն անկախ, երկրի պայմաններն են որ կը ստեղծեն ներգաղթ ու արտագաղթ:
Նման հարցեր նոր չէ՛, որ հայ ժողովուրդը կը «տանջէ». տասնամեակներ շարունակ բազմաթի՜ւ հայեր բախուած են գալու-չգալու, մնալու կամ չմնալու լուրջ խնդիրին եւ որոշումին դիմաց, որովհետեւ պայմանները շատ անգամ երգերով իր կեանքը ազգին ու հայրենիքին «զոհաբերող»ն անգամ յաջողած է հեռու պահել իրեն համար այնքա՜ն սիրելի հայրենիքէն:
Այս երեւոյթը աւելի պարզ դարձնելու համար մեր դիմաց ունինք 1965 թուականին գրուած երկու տարբեր, երկու հակասական նամակներ. այս նամակները լաւագոյն բացատրութիւնն են մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող արտագաղթին եւ հիմնական պատճառը՝ ներգաղթի «արգելք»ին։ Նամակներէն մին գրուած է Աւստրալիա գաղթած հայու մը կողմէ, որ իր հարազատներուն կ՚ըսէր. «Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք. անմիջապէս աւստրալական դեսպանատունը գացէք, թուղթերնիդ վերջացուցէք եւ օր առաջ եկէք հոս. երկու-երեք տարուան մէջ տուն-տեղ եղանք, ձեզի կը սպասենք»: Անշուշտ, նամակին բովանդակութիւնը «զարմանալի» չի թուիր մեզի, որովհետեւ մինչեւ օրս Ամերիկա, Եւրոպա, Գանատա կամ այլ «զարգացած» երկիրներ գացած հայրենակիցներու կողմէ նոյն յանկերգն է, որ կը լսենք, անշուշտ, ի տարբերութիւն անցեալին, «զարգացած» այդ երկիրներուն «համը առնող»ները շատ ալ «ձեզի կը սպասենք»ի տրամադրութեան մէջ չեն այսօր:
Ի տարբերութիւն վերոյիշեալ նամակին, նոյն թուականին՝ 1965-ին, այլ հայրենակից մը Հայաստանէն սփիւռքի մէջ ապրող իր բարեկամին կը գրէ. «Չըլլայ որ գաք. սպասեցէ՛ք. այս կողմերը մի՛ գաք, գացէք ուրիշ տեղեր»:
Ահաւասի՛կ, ներգաղթի ու արտագաղթի տարբերութիւնը պարզող երկու հակառակ նամակներ, որոնք ունին հասարակաց մէկ գիծ. հրաւէր դէպի պանդխտութիւն, հրաւէր դէպի օտարութիւն: Անշուշտ, ցաւ ի սիրտ գիտենք, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Միջին Արեւելքի մէջ տիրող վերջին տասնամեակը պատճառ եղաւ, որ շատ մը հայորդիներ անցեալի օրինակով «տուն-տեղ» ըլլան օտարութեան մէջ. դէպի Հայաստան ներգաղթ մը տեղի ունեցաւ, սակայն ընդհանրապէս Հայաստան հաստատուեցան անոնք, որոնք այդ «զարգացած» երկիրները երթալու «բախտաւորութիւն»ը չունեցան եւ Հայաստանը չարեաց փոքրագոյնը նկատելով կայք հաստատեցին:
Պատմութիւնը ամբողջութեամբ ինքզինք կը կրկնէ։ Մօտաւորապէս յիսուն տարիներ առաջ հայրենասէր մը կ՚ուզէր հայրենիք հաստատուիլ, բարեկամներէն մէկը խորհուրդ կու տայ այդ «սխալ»ին մէջ չիյնալ, սակայն, հայրենասէրը կը պնդէ, որ ինք հաստատ է իր որոշումին մէջ։ Հայրենիք հաստատուելէ մի քանի ամիս ետք դարձեալ կը վերադառնայ Միջին Արեւելք ու բարեկամին կ՚ըսէ. «Ներէ այդպէս ըսած ըլլալուս. գացի տեսայ հայրենիքը եւ որոշեցի չերթալ»: Գուցէ շատեր մեղադրեն վերադարձող այս հայրենասէրը, սակայն կը հաւատանք, որ արտագաղթին համար կարելի է մեղադրել միայն ու միայն պետութիւնն ու ղեկավարութիւնը, որովհետեւ ներգաղթը կանխելու միակ ու լաւագոյն միջոցը մարդկային կեանքի բարենպաստ պայմաններ ստեղծել է։ Կը հաւատանք, որ Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհէն շա՜տ հայեր ունին փափաքը հայրենիք հաստատուելու, սակայն, չունին թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական պայմանները. որպէսզի յստակ ըլլան պայմանները ըսելով ի՛նչ նկատի ունինք, տանք վիճակագրական տուեալներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աշխատող անհատ մը ընդհանուր 8-էն 12 տարի խնայողութիւն ընելով կրնայ համեստ բնակարան մը ձեռք բերելու բախտաւորութիւնը ունենայ։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ապրող անհատը այդ մարդկային պարզ «բախտաւորութեան» տէր դառնալու համար պարտի աշխատիլ 35-էն 55 տարի՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ տարիներու հետ միասին այդ «երազ»ը քայլ մը աւելի հեռու պահելով աճ կ՚արձանագրեն բնակարաններու արժէքները: Հայաստանի մէջ մարդուժը գնահատուած չէ՛. այո, Հայաստանի մէջ քիչ չեն նիւթապէս ապահով ապրողներուն թիւը, սակայն, անոնք փոքրամասնութիւն են։ Շատ մը օտար ընկերութիւններ իրենց գործունէութիւնը կը սկսին Հայաստանի մէջ ծաւալել եւ շատեր այս մէկը որպէս դրական երեւոյթ կը նկատեն, կը կարծեն, որ Հայաստան զարգացած երկիր մըն է եւ հետեւաբար համաշխարհային ընկերութիւններ կ՚ուզեն կայք հաստատել հոն։ Իրականութիւնը այդպէս չէ՛. Հայաստանի մէջ մարդուժը գնահատուած չէ եւ համաշխարհային ընկերութիւններ նոյն աշխատանքին համար «զարգացած» երկիրներու մէջ պարտաւոր են իրենց աշխատողներուն վճարել Հայաստանի մէջ աշխատող մարդուժի մի քանի անգամը։ Հայաստան կու գան, որովհետեւ, Եւրոպայի մէկ անձի աշխատավարձով իրենք կրնան մի քանի հոգի աշխատցնել:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ձախողած գործիդ կրկի՛ն սկսէ, կրկի՛ն փորձէ եւ պիտի յաջողիս: Յոռետեսութիւնը ոճրագործ մըն է, որ կը սպաննէ ամէն փափաք, ամէն ձեռնարկ:
ԱՆՅԱՅՏ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան