ՍԻՐԱՀԱՐԻԼ՝ ՍԻՐԵԼ ԸՍԵԼ ՉԷ

Մօտաւորապէս 20-րդ դարու կէսերուն, հրապարակ դուրս եկաւ սիրոյ նոր տեսակ մը՝ «կայծակնային սէր» անուան տակ։ Այս անունը ընտրողները անգիտակցաբար ի յայտ բերին այնպիսի անուն մը, որ երեւոյթի մը թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը բացատրելու համար բաւարար եղաւ։ Անոնք սկզբնական շրջանին փորձեցին անունը կապել կայծակին ակնթարթի մը մէջ յայտնուելուն եւ հետեւաբար չսպասուած ու անակնկալ սէրը կոչեցին կայծակնային, սակայն, ետքը նկատեցին, որ կայծակնային սէրը նոյն յայտնուելու արագութեամբ անհետանալու յատկութիւնն ալ ունի իր մէջ: Եթէ վէպերուն ու գիրքերուն մէջ մարդ մէկ անգամ կը սիրահարէր ու այդ սիրոյն համար ամբողջ կեանք մը կը տառապէր, ապա «կայծակնային սիրոյ» պարագային վիճակը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ։ Երիտասարդը սկսաւ տարին, մինչեւ իսկ ամիսը մի քանի անգամ սիրահարիլ, որովհետեւ սիրոյ եւ կապուածութեան զգացողութիւնը մարդուն մօտ որակազրկուեցաւ: Անցեալին սէրը ունէր դասական հասկացողութիւն մը, որ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ գրողներու մօտ։ Անոնց աշխատութիւններուն մեծամասնութիւնը ողբերգական վախճան կ՚ունենար, պարզապէս ցոյց տալու համար այն ճշմարտութիւնը, որ որեւէ դժուարութեան պարագային սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ։ Վէպերու մէջ տեղ գտած ողբերգութիւնները կարեւոր են։ Անոնք որպէս դաս կրնան ծառայել մերօրեայ երիտասարդ ընտանիքներուն, որոնք որեւէ պարզ ու անկարեւոր դժուարութեան դիմաց յուսահատելով սէրը վերջացնել կ՚որոշեն, մոռնալով, որ սիրոյ զգացումը մոռնալն ու չմոռնալը ո՛չ թէ մարդուն որոշումէն, այլ ներքին յոյզերէն կախեալ է եւ դժուար թէ մարդ կարենայ իշխել անոնց վրայ: 

Գերմանացի հոգեբան Էրիք Ֆրոմ իր «Սիրելու արուեստը» աշխատութեան մէջ յստակ տարբերութիւն կը դնէ սիրելուն եւ սիրահարուելուն միջեւ. տարբերութիւնը հետեւեալն է. սիրելը մարդուն մօտ կը պատահի կամքէ։ Մարդ սիրահարուիլը կ՚ընդունի որպէս «պատահար» մը. վիճակ մը, որ շատ անգամ կամք չ՚ենթադրեր։ Ան վիճակ մըն է, որ սկիզբ կ՚առնէ մարդու կամքէն անկախ եւ շատ անգամ մարդու կամքէն անկախ վերջ ալ կը գտնէ։ Այս մէկը սիրելէն պէտք է զատորոշել, որովհետեւ այս զգացումը շատ անգամ կապուած է անծանօթին հանդէպ մեր ունեցած հմայքին եւ սեփական մենութեան։ Սակայն, սիրելը սիրահարելուն ամբողջութեամբ հակառակ կամք ու աշխատանք կը պահանջէ. սիրելը հոգեկան վիճակ, գիտակցութիւն, համբերութիւն եւ այլ արժէքներ կը ներառէ։ Սիրելը պատահական ու կամքէ անկախ առաջացած զգացում մը չէ մարդուն համար. որոշում մըն է, որ օրական դրութեամբ աշխատանք ու արդիւնք կը պահանջէ. զգացում մըն է, որ մարդ իր կամքով կ՚ընտրէ: Այս տարբերութիւններու լոյսին տակ «կայծակնային» սէրը իրականութեան մէջ սիրահարիլն է։ Մարդ կը յափշտակուի սկզբնական զգացումէն, կ՚ապրի այդ քաղցր ցնցումը, սակայն, չ՚անցնիր հիմնական հանգրուանը՝ սիրելուն, ուր պէտք է ի գործ դրուի կամքն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: 

Այնպէս ինչպէս ամէն բան, նոյնպէս սէրը մարդուն մօտ արագ կը սկսի սպառիլ, որովհետեւ ժամանակակից աշխարհը մարդուն կը սորվեցնէ արագ ապրիլ, մինչ սէրը կարգապահութիւն ու համբերութիւն կ՚ենթադրէ: Մերօրեայ սիրահարութիւնները երիտասարդական գրգիռներ են պարզապէս. զգացում, որ սկիզբը հաճոյք կը պատճառէ մարդուն, սակայն, ժամանակ մը ետք կ՚անհետանայ: 

Այլ մտածողներ դիտել կու տան, որ անցեալի սէրերը շատ աւելի զօրաւոր էին, որովհետեւ մարդիկ կը բախուէին ամբողջութեամբ անծանօթ, տարբեր ներաշխարհ ունեցող անձի մը հետ եւ կը փորձէին միատեղ ապրելով հասարակաց գիծեր ստեղծել, մինչ մերօրեայ սերունդը անոնց հակառակ, նախապէս որոշուած «ապրանք» մը զատելու պէս կ՚ընտրեն իրենց նմանը։ Նոյն մտածելակերպի տէր անձ մը, ուր սպառումն ու զոհողութիւնը շատ աւելի քիչ պէտք է՝ քան անցեալինը, որովհետեւ մերօրեայ մարդը կը փորձէ կայացնել դիւրին յարաբերութիւններ, ուր պատասխանատուութիւնը աւելի քիչ է։ Մեր օրերուն «սէր»ը կ՚ընտրուի այնպէս՝ ինչպէս ապրանքը խանութներուն մէջ։ Այս մէկուն լաւագոյն օրինակը վերջին տասնամեակներուն յատուկ համացանցային ծանօթութեան հարթակներն են, ուր մարդիկ զիրար կ՚ընտրեն պարզապէս արտաքինը տեսնելով՝ առանց կարեւորութիւն տալու ներաշխարհին, համոզումներուն, զգացումներուն ու խառնուածքին։ Սովորական նկար մը պատճառ կ՚ըլլայ, որ անձը «ընդունուի» որպէս սիրոյ ապագայ թեկնածու կամ «մերժուի»։ Այսքան պարզ ու հասարակ:

Մենք կը կարծենք, որ ճշմարիտ սէրը կիրքով ու սիրահարութեամբ լեցուն սէրն է։ Սակայն, շատ մը մտաւորականներ կրքոտ սէրը եւս ժամանակաւոր կը նկատեն, որովհետեւ սէրը եթէ որպէս հիմք ունենայ պարզապէս կիրքը՝ ապա ժամանակաւոր կը դառնայ։ Կրքոտ սէրը անշահախնդիր, զոհողութեամբ լեցուն սէրէն ամբողջութեամբ տարբեր է. կիրքն ու ցանկութիւնը անպայման չէ, որ սիրոյ սկիզբ կրնան դառնալ։ Կիրքը մարդու կամքէն անկախ ծնած զգացողութիւն մըն է, մինչ սէրը ընտրութիւն է, կամքը կարեւոր է այդտեղ։ Աշխարհը գովելով հանդերձ այդ ճշմարիտ սէրը, կը փորձէ հեռու մնալ, որովհետեւ սէրը կապուածութիւն կը ստեղծէ մարդուն մէջ եւ մերօրեայ մարդը կը հաւատայ, որ կապուածութիւն ստեղծող ամէ՛ն բան՝ ներառեալ սէրը, վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, որովհետեւ սիրոյ խորտակուած զգացումն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ ցաւ ու վիշտ եւ մերօրեայ մարդը ամէն հնարաւոր միջոցներ կը ձեռնարկէ հեռու մնալու համար այդ երկու բացասական երեւոյթներէն:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ինչպէս յայտնի է՝ ընդհանրապէս խելացի բան չէ, երբ մարդս կ՚ըսէ՝ ինչ որ ինք կը մտածէ: Աշխարհիս երեսին խաղաղ ապրելու համար մարդս պէտք է ըսէ՝ ինչ որ դիմացինը կը մտածէ:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026