ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՂԱՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

Կայ այն համոզումը, որ անցեալին ապրող հայը շատ աւելի հաւատացեալ ու Աստուածավախ էր՝ քան այսօր։ Այս հաստատումին ճշտութիւնը հարցականի տակ կը դնենք, որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ հասարակ ժողովուրդին մօտ հաւատքի արտայայտութիւնը աւելի վառ ու կենդանի էր, սակայն, կար դրամին հակառակ կողմը՝ մտաւորականութիւնը: Մտաւորականութեան մէջ քիչ չեն անոնք, որոնք հայ ժողովուրդի դժբախտութեան մէջ մեղադրեցին զԱստուած, եկեղեցին ու հոգեւորականութիւնը։ Շահան Շահնուր քննադատեց ու մեղադրեց Նարեկը՝ դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդը Նարեկը իր սիրտին մօտ պահեց եւ անոր տառապանքը, անոր ողբը երգեց՝ փոխանակ հայրենասիրութեամբ ինքզինք տոգորելու։ Շահան Նաթալի իր բանաստեղծութիւններով Խաչեալին դիմեց՝ որպէսզի տեսնէ հայ ժողովուրդի խաչելութիւնը ու այսպէս շարքը կարելի է երկարել: Սակայն, այսօր որպէս այդպիսին մեր դիմաց ունինք պատմաբան, մանկավարժ ու լեզուաբան Երուանդ Հ. Քասունին՝ իր «Բաց նամակ Կաղանդ պապուկին» խորագրեալ յօդուածով։ Քասունիի այս յօդուածը հրատարակուած է մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 1962 թուականին, յունուարի սկիզբը. նկատի ունենալով տարեսկիզբ ըլլալը, բնական է «Կաղանդ»ի մասին յօդուածներ՝ այս պարագային նամակներ գրելը, սակայն, Քասունիի նամակը կարծես իր մէջ ունի այլ իմաստ մը. Կաղանդ պապան՝ որուն գրուած կը կարծուի նամակը, կարծես Աստուած ըլլայ, կարծես նկատի ունենալով հասարակութեան հաւատքի հանդէպ ունեցած նրբութիւնը՝ Քասունի Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած քննադատութիւնը կատարած ըլլայ Կաղանդ պապայի քօղին տակ։ Քասունի կեանքի մէջ տեղի ունեցած անարդարութիւնները ձեւով մը կը վերագրէր այդ Կաղանդ պապային։ Հատուածաբար կարդանք Քասունի՛ն.

«Նոր տարուան առաջին օրն էր, ճիշդ տարին չեմ յիշեր, երբ բակ իջայ խաղալու. առաջին բանը զոր ուշադրութիւնս գրաւեց, Յակոբին գնդակին խոշորութիւնն էր: Գնդակը դուն բերած էիր իրեն: Ինծի ալ բերած էիր հատ մը. բայց իմ գնդակս որքա՜ն փոքր էր բաղդատած Յակոբի գնդակին: … Եթէ բնաւ բերած չըլլայիր ինծի, պիտի ըսէի, որ Կաղանդ պապան ճամբան կորսնցուցած է իմ գնդակս: Բայց չէիր կորսնցուցած: Ինչո՞ւ Յակոբը արժանի պիտի ըլլար աւելի խոշոր գնդակի մը: Երկուքս ալ ծնած էինք նոյն բակին մէջ, նոյն տարուան ընթացքին. դասընկերներ էինք նոյն դպրոցին մէջ եւ ինք ինձմէ աւելի աշխատասէր աշակերտ մը չէր… ինչո՞ւ իր գնդակը աւելի խոշոր պիտի ըլլար»:

Քասունի այս տողերը կը գրէր իր հասունացած տարիքին, սակայն, իր նամակով մանկանալով կ՚ուզէ բողոքել կեանքի անարդարութիւնը, որովհետեւ նոյն փողոցին մէջ ծնած, նոյն տարիքի երկու մանուկներ ինչպէ՞ս կրնային երկու տարբեր «ճակատագիր»ներ ունենալ։ Եթէ Կաղանդ պապան՝ գուցէ Աստուած, իրապէս բարի էր, ինչո՞ւ երկուքին նոյն չափի գնդակ չի բերեր։ Այդ գնդակը, անշուշտ, կը կարծենք խորհրդանշական ըլլալու է։ Մանուկի մը համար գնդակը ամբողջ աշխարհ կ՚արժէ, սակայն, խնդիրը գնդակը չէր. խնդիրը տեղ գտած անարդարութիւնն էր։ Քասունի իր այս բողոքը կը ներկայացնէ եղբօրը եւ եղբայրը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն՝ իրեն մեծ գնդակ մը կը բերէ։ Քասունի այս կապակցութեամբ կը գրէ Կաղանդ պապային. «Ես՝ այդ օրուընէ ասդին մեծ եղբայրս աւելի սիրած եմ՝ քան քեզ: Իսկ Կաղանդի գիշերներուն, աւելի անձկանօք սպասած եմ մեծ եղբօրս գալուն՝ քան քու»: 

Այստեղ կարելի է ընդարձակ վերլուծութիւն մը կատարել. Քասունի գնդակը խնդրեց վերացականէն, սակայն, չստացաւ. խնդրեց եղբօրմէն եւ եղբայրը յաջողեցաւ տալ այն՝ ինչ որ ամենէն բարին չկրցաւ։ Շատ մը մտաւորականներ կը հաւատային, որ հայ ժողովուրդի պարագան ալ նոյնն էր։ Հայ ժողովուրդը իր սեփական ուժերուն դիմելու փոխարէն միշտ դիմեց Աստուծոյ, դիմեց վերացականին, սակայն, երբեք չկրցաւ ստանալ այն՝ ինչ որ կ՚ուզէր։ Փոխանակ վերացականին՝ եթէ դիմէր իր սեփական ուժերուն՝ իր եղբօր՝ ինքնապաշտպանութեան, մեծ հաւանականութեամբ յաջողէր ձեռք բերել իր «երազած»ը… ու գուցէ Քասունիի հետեւեալ տողերուն մէջ այդ դժբախտութեան բողոքն է, որ կը բարձրանայ. «Յետոյ անցան տարիներ եւ ես ո՛չ մէկ անգամ բան մը խնդրեցի քեզմէ: Ինծի համար անիրաւ եւ անարդար էին դուն: Այսքան»: 

Այս բոլորէն ետք Քասունի դիտել կու տայ, որ այլեւս ինք չի հաւատար Կաղանդ պապային ո՛չ բարութեան եւ ոչ ալ արդարութեան, սակայն, լաւապէս գիտէ, որ տակաւին կան բազմաթի՜ւ «մանուկ»ներ, որոնք կը շարունակեն ունենալ այդ կեղծ հաւատքը։ Վստահաբար, այս տողերը տակաւին Աստուծոյ արդարութեան ու «բարութեան» վրայ վստահող հասարակութեան համար կը գրէ Քասունի. «Աշխարհի մէջ տակաւին որքա՜ն մեծ թիւով մանուկներ կան, որոնք կը հաւատան արդարութեանդ եւ բարութեանդ: Խե՜ղճ երախաներ…: Ես պիտի չկարենամ իրենց հաւատքը փոխել: Պիտի չուզեմ ալ: Բայց, անշուշտ, օր մը անոնք ալ երես պիտի դարձնեն քեզմէ եւ դուն գիտես, թէ ինչու»: Անշուշտ, յատկանշական է երեխայ բառին փոխարէն «երախայ» բառին գործածութիւնը, սակայն, յօդուածին շարունակութիւնը բացայայտ ձեւով զԱստուած կը մատնանշէ: «

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մանկավարժութեան գերագոյն ձգտումը կը մնայ, ամէն բանէ առաջ, մարդ անհատի բարոյական դիմագիծը կերտել:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026