ԳՈՒԹ ԵՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Աստուծոյ համբերութիւնը աստուածային կատարելութիւններէն մին է, ինչպէս Անոր իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ սրբութիւնը։ Ճիշդ է, որ «համբերութիւն» բառին այնքան յաճախ հանդիպիլ կարելի չէ համաբարբառին մէջ, որքան միւսները։ Սակայն, այս աստուածային շնորհքին փառքը ակներեւ է Աստուածաշունչ մատեանին ամէն մէկ էջին վրայ։ Ընդհանրապէս դժուար կը թուի համբերութիւնը զանազանել՝ Աստուծոյ բարութեան, գութին, ողորմածութեան եւ երկայնամտութեան շնորհներէն։ Սակայն, Աստուծոյ համբերութիւնը Անոր միւս շնորհներուն ցուցաբերումը, արտայայտութի՛ւնն է։
Ճամբայ մը՝ ընթացք մը, ուր յաճախ կը բացայայտուին գութը եւ ողորմածութիւնը, բարութիւնը եւ երկայնամտութիւնը, որոնք կարելի չէ՛ ուրանալ։ Համբերութիւնը եւ շնորհքը մէկ են եւ ունին նոյն վեհութիւնը եւ պէտք չէ՛ բաժնուին. ուստի, կարելի չէ զանոնք աչառել եւ կամ խտիր դնել, Աստուծոյ Խօսքը կը վստահեցնէ մեզ, հաստատելով կարգ մը ճշմարտութիւններ մէկուն եւ միւսին մասին։
Աստուծոյ համբերութիւնը, արդարեւ, Անոր բարութեան եւ գութին մէկ մասն է, անբաժա՛ն, սակայն եւ այնպէս, կը տարբերի երկուքէն։ Աստուած՝ գերագոյն բարութիւնը, ունի մեծագոյն «հեզութիւն»ը։ Բարութիւնը որքան մեծնայ, նո՛յնքան կը մեծնայ հեզութիւնը։ Քրիստոս, այս մեծութեան ճշմարիտ տիպա՛րն է. «Ողորմած եւ գթած է Տէրը, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է։ Տէրը ամէնուն բարի է եւ Անոր ողորմութիւնները Իր բոլոր գործերուն վրայ են». (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 8-9)։ Ան նաեւ «դանդաղ բարկացող» է։ Գութը կը դատէ մարդը որպէս «ողորմելի թշուառական», իսկ համբերութիւնը՝ որպէս «օրինզանց»։ Գութը կը խղճայ մարդուն թշուառութեան, իսկ համբերութիւնը՝ կը կրէ մեղքը, որմէ յառաջ կու գան դժբախտութիւնը եւ յարակիցները, հետեւանքները։
Աստուածային համբերութիւնը կարելի է սահմանել որպէս Աստուծոյ ուժին արգիլումը, սահմանափակումը միջոցի մը համար։ Կերպով մը, Աստուած Ինքն Իր վրայ ուժ կը բանեցնէ, մարդուն չարութիւններուն համբերելով եւ երկայնամիտ գտնուելով երկար ժամանակ զայն պատժելու եւ հատուցում պահանջելու համար։ «Աստուած երկայնամիտ է եւ Անոր զօրութիւնը մեծ է, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր…». (ՆԱՒՈՒՄԱՅ. Ա 3)։
Մարդիկ եւ ընդհանրապէս, որոնք մեծ եղած են աշխարհի վրայ բարկացոտ եւ ոխակալ, վրէժխնդիր եղած են եւ երբե՛ք յօժար՝ ներելու կամ կրելու յանցաւորին։ Ուստի, զօրաւորին մէջ ուժը կիրարկելու ցանկութիւն մը յառաջ կու գայ, անոր հանդէպ՝ որ գրգռութիւն յառաջացուցած է։ Արդարեւ, իշխանաւոր մը՝ որ կրնայ սանձել, չափաւորել իր բարկութիւնը, «թագաւո՛ր» է ան իր վրայ եւ իր հպատակներուն վրայ։ Ուստի, Աստուած երկայնամիտ է, որովհետեւ Ան մե՛ծ է զօրութեամբ. Անոր զօրութիւնը Իր վրայ նո՛յնքան իրական է, որքան Անոր արարածներուն վրայ։
Եւ ո՜րքան քաղցր է համբերութիւնը…
Աստուծոյ համբերութիւնը յստակօրէ՛ն կը զանազանուի Անոր գութէն։ Թէպէտ եւ մարդը կ՚օգտուի այս վիճակէն եւ Աստուծոյ համբերութիւնը գլխաւորաբար կը զսպէ Ինքզինք, կը սահմանափակէ իր որոշումները Իր իսկ կամքով, քանի որ Աստուած «Անձ» մըն է՝ իմաստուն, խորհող, զգայուն, սիրող եւ բանականութեամբ դատող եւ որոշում տուող։ Ան՝ գերագոյն, գերադաս, բոլոր յատկութիւններով եւ շնորհներով բարձրագոյն եւ բացարձակ, անթերի կատարեալ Անձ է։ Իր արարածը՝ մարդն ալ Իր նմանութեամբ եւ պատկերով ստեղծած է՝ բանաւոր եւ կատարելութեան ձգտող անձ։ Եւ Աստուած, այս հանգամանքով՝ Իր շնորհքը լման վերջ կը դնէ արարած մարդուն։ Այս իմաստով, ահաւասի՛կ, մարդ կոչուած է կատարելութեա՛ն։
Աստուծոյ համբերութիւնը այն վեհութի՛ւնն է՝ որ զոհողութիւն կ՚ենթադրէ առանց Ինքզինք ժխտելու։ Ան համբերութեան զօրութիւնը ունի՝ որքան արդարութեան զօրութիւնը։ Եբրայերէն բառը «աստուածային երկայնամտութեան»՝ կը թարգմանուի որպէս «դանդաղ բարկանալու», ՆԷԵՄԵԱՅ. Թ 17 եւ ՍԱՂՄՈՍ. ՃԳ 8 համարներուն համաձայն…
«Համբերութեան Աստուածը». (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 5) Աստուծոյ տիտղոսներէն մէկն է։ Աստուածութիւնը այսպէս նշանակուած է՝ որովհետեւ Աստուած հաւատացեալին մէջ՝ շնորհքի համբերութեան թէ՛ հեղինակն է եւ թէ առարկան։ Նաեւ, այս Իր ինքնութիւնն է։ Համբերութիւնը, Աստուծոյ կատարելութիւններէն մէկն է։
Երբ կը վայրանանք մէկու մը, պէտք է մտաբերենք Աստուած, բաղդատենք մենքզմեզ Անոր անսահման համբերութեան եւ երկայնամտութեան հետ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 4, 2026, Իսթանպուլ