ՍԻՐԱՀԱՐԻԼ՝ ՍԻՐԵԼ ԸՍԵԼ ՉԷ

Ներկայ աշխարհը ինչքան ալ սէրը որպէս դրական երեւոյթ փորձէ ներկայացնել, ի ներքուստ կը խորշի անկէ, որովհետեւ սէրը մարդուն մէջ կախուածութիւն կը ստեղծէ։ Սէրը սկզբնական շրջանին ինչքան ալ դրական զգացումներ պարգեւէ մարդուն, աւարտին լուրջ եւ վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Հիմնական վտանգը այն է, որ սիրոյ պատճառած հաճելի ու դրական զգացումը կրնայ կարճ կեանք մը ունենալ, սակայն, բացասականին ազդեցութիւնը կրնայ ամբողջ կեանք մը ազդել։ Սիրոյ դրական զգացողութիւնը աշխարհի ամենէն դրական զգացումներէն մէկը կրնայ թուիլ մարդուն, սակայն, անոր կեանքը շատ աւելի կարճ ու ազդեցութիւնը սահմանափակ կ՚ըլլայ՝ քան պատճառած վիշտն ու տխրութիւնը, ինչ որ հոգեբանական հիմնական խնդիրները կրնայ ստեղծել մարդուն մէջ։ 

Մարդ միշտ կը փորձէ իր կողակցին կամ սիրած անձին մէջ տեսնել դրականը։ Սիրահարած վիճակը մարդուն մօտ կը ստեղծէ իտէալականացման ոչ-դրական վիճակ մը։ Սիրահարածը կը սկսի դիմացի անձին թերութիւնները չտեսնել։ Ան չի յաջողիր տեսնել իր սիրածը այնպէս՝ ինչպիսի իրականութեան մէջ կայ։ Սիրահարած ուղեղը իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ միայն ու միայն դրական յատկանիշներուն վրայ եւ բացասական կողմերը չի նկատեր եւ նոյնիսկ եթէ նկատէ, արդարացում մը կը փորձէ գտնել: Մարդ կը փորձէ միայն տեսնել այն փաստերը, որոնք իր սպասումները կ՚արդարացնեն ու գոհացում կու տան իրեն։ Շատ անգամ մարդուն ունեցած դրական համոզումները սիրահարութեան ժամանակ ապացոյցի կարիք չեն ունենար: Սակայն, մարդ հոգեկան տագնապներ կը սկսի ապրիլ, երբ իր սպասումներուն հակառակը սկսի տեսնել եւ կամ շրջապատը սկսի զգուշացնել. օրինակի համար, մայրը կամ հայրը թերի երեւոյթ մը կը տեսնէ եւ կ՚ուզէ իր զաւակը զգուշացնել, սակայն, զաւակը այդ վայրկեանին երեւոյթը վերլուծելու եւ հասկնալու փոխարէն՝ կը փորձէ պաշտպանողական վիճակ որդեգրել եւ պայքարիլ՝ ամէն գնով պաշտպանելու համար սիրածը։ Ան պարզապէս կը մերժէ փաստերը, կը փորձէ արդարացնել եւ այսպիսով կը պայքարի իրականութեան դէմ: 

Եթէ մարդկային յարաբերութիւնները կառուցուին ո՛չ թէ իրականութեան, այլ երեւակայութեան վրայ, ուշ կամ կանուխ յուսախաբութիւնը կը յայտնուի։ Անձը կը սկսի զգալ խաբուած ըլլալը, վստահութիւնը կը կորսնցնէ եւ նոյնիսկ կը սկսի իր սեփական անձը մեղաւոր ճանչնալ: 

Սիրոյ յարաբերութեան բացասական ազդեցութիւններէն մէկուն պատճառն ալ հետեւեալն է. դրական զգացողութիւնը մարդուն մէջ կապուածութիւն մը կը ստեղծէ եւ սիրահարը կը սկսի իր տրամադրութիւնը կապել սիրած անձին հետ։ Եթէ յարաբերութիւնները լաւ ընթանան, ան երջանիկ կ՚ըլլայ, եթէ այդտեղ խնդիր մը, վէճ մը գոյութիւն ունենայ՝ վատ։ Մարդ ինքզինք կը վարժեցնէ որոշ «ճիշդ»երու եւ միշտ այդ դրական «ճիշդ»երն են, որ կ՚ակնկալէ եւ անոնցմէ դուրս բացասական որեւէ երեւոյթ իրմէ կը խլէ ուրախութիւնը. օրինակի համար, մարդ ուրախ տրամադրութեան մէջ է, մէկէն ի մէկ կը տեսնէ իր սիրածին տխուր եւ անհանգիստ վիճակը, ինքնաբերաբար դուրս կու գայ իր ուրախ տրամադրութենէն եւ նոյնքան եւ աւելի ցաւ կ՚ապրի, որովհետեւ իր տրամադրութիւնը ամբողջութեամբ կապած է մէկ անձի: Այս մէկը իր աւելի խոր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ, երբ յարաբերութիւնը խնդիրներու հանդիպելով վերջ կը գտնէ։ Այս կէտին մարդ ինքզինք առանձին ու լքուած կը սկսի զգալ, որովհետեւ իր ուրախութիւնը, իր տրամադրութիւնը կը հեռանայ իր սիրածին հետ միասին: Այս է պատճառը, որ շատերու մօտ բաժանումէն ետք ի յայտ կու գան տխրութիւն, անհանգստութիւն, անքնութիւն, ախորժակի փոփոխութիւն, կեդրոնանալու դժուարութիւն եւ շատերու պարագային նոյնիսկ մարմնական ցաւի ազդեցութիւն: Այս ընթացքին մարդ տրամաբանութենէն աւելի կ՚առաջնորդուի իր յուզական վիճակով։ Այդ վիճակն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ անդադար արդէն իսկ իր նախկին սիրածը դարձած անձին պատահական հանդիպելու ցանկութիւնը. բաժանումէն ետք նոյնիսկ անձը կը շարունակէ ապրիլ անոր ոչ-նիւթական ներկայութեամբ: Շատեր այս պատճառով սիրահարութիւնը կ՚որակեն «թմրանիւթ»: 

Այս վիճակը մարդուն մէջ կը ստեղծէ վստահութեան պակաս։ Ան կը սկսի չվստահիլ նոյնիսկ վստահելի անձերու։ Ուղեղը ինքնաբերաբար կ՚ուզէ կանխել նման ցաւի մը կրկնութիւնը եւ այդ է պատճառը, որ յաճախ սիրոյ տագնապ ունեցող անձեր կը պնդեն, որ ա՛լ երբեւէ չեն ուզեր սիրահարիլ եւ կամ սիրահարութեան կեանքը վերջ գտած է իրենց համար։ Անոնք մարդկային սիրտը չեն կրնար սաստել ու կանխել, սակայն, այդ մէկը ինքնապաշտպանութեան ձեւ մըն է: Բացասական այս հոգեվիճակը պատճառ կը դառնայ, որ մարդ սկսի դրականին մէջ ալ բացասական մը փնտռել, որովհետեւ նախկին փորձառութեան հիման վրայ կը սկսի կասկածիլ իր կարծիքներուն ու համոզումներուն վրայ եւս, որովհետեւ իր դրական կարծածը բացասական դուրս եկաւ։ Նախկին փորձառութեան հիման վրայ միշտ նոր յուսախաբութեան մը դէմ դիմաց ըլլալ կը կարծէ: Այս հոգեվիճակը ո՛չ միայն սիրային, նոյնիսկ ընկերային եւ ընտանեկան յարաբերութիւնները կրնան խաթարել եւ վտանգել նաեւ առողջ յարաբերութիւնները:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երբեմն հասարակ, աննշան պարզ արկած մը կամ պատահմունք մը, ինչպիսի՜ մեծ հետեւանքներ կ՚ունենան մարդու կեանքին մէջ:

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2026