ՔԱԼԵԼ ԲԱՅՑ ՉՅԱՌԱՋԱՆԱԼ
Ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ, շատ անգամ դէպի առաջ կը քալենք, բայց երբեք չե՛նք յառաջանար։
Արդարեւ, յառաջանալու համար անհրաժե՛շտ է նպատակ մը ունենալ։ Առանց նպատակի դէպի առաջ քալել մեզ չի յառաջացներ։ Կ՚ըսուի, թէ երկու կէտի միջեւ ամենէն կարճ ճամբան ուղիղ գիծն է։ Այդպէ՞ս է արդեօք։ Մեկնակէտէն դէպի դիմացի կէտ կարելի՞ է առանց արգելքի, առանց խոչընդոտի քալել եւ հասնիլ անոր։ Ուրեմն, միշտ երկու կէտի միջեւ գիծը կարճ ճամբայ չէ՞։ Դիմացի կէտին հասնելու համար պէտք է երբեմն շրջիլ՝ ճամբան երկարել, բայց նպատակին հասնիլ ապահո՛վ։
Կարգ մը տուեալ հաստատումներ կրնան չհամաձայնիլ եւ յարմարիլ իրականութեան հետ։ Ուրիշ խօսքով՝ տարբեր է ենթադրուածը, կարծիքը կամ վարկածը եւ տարբեր՝ իրականութիւնը։ Տարբեր է ներքինը եւ տարբեր՝ արտաքինը։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, մարդ պէտք է քննէ, քննարկէ եւ ուսումնասիրէ երեւոյթ մը, թափանցէ անոր իմաստին եւ նպատակին, եւ յետոյ եզրակացութեան մը յանգի։
Գալով «կարճ ճամբայ» ըմբռնումին։ Կարճ ճամբան՝ մեզ ապահով կերպով եւ դիւրութեամբ նպատակին հասցնող ճամբան է։ Ուրեմն, «կարճ» հասկացողութիւնը պէտք է հասկնալ «դիւրին» եւ «ապահով» իմաստներով։
Մարդ երբ կը քալէ, պէտք է նկատի ունենայ քալած ճամբուն վրայ հաւանական արգելքները եւ խոչընդոտները եւ ըստ այնմ զգոյշ ըլլայ եւ կարելի չափով նախազգուշութեամբ վարուի։ Եւ ասիկա կը պահանջէ գիտութիւն, փորձառութիւն եւ հմտութիւն։
Նպատակը՝ կարելի եւ լաւագոյն գործ մը կատարելու ազատ կամքն է։ Ան պատասխանատուութեան գիտակցութեան հարց մըն է, պէտք է գործադրուի առաքինութեան տիտղոսով։ Մարդ եթէ նպատակ մը չունի, որքան ալ քալէ, չի յառաջանար, քանի որ չի գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ եւ կը քալէ անորոշութեան մէջ։
Նպատակը՝ որպէս լաւագոյն բարի գործ մը կատարելու կամքը, բարեպաշտութեան արարք մը՝ իրաղութիւն մըն է։ Նպատակով մարդ ինքզինք կը նուիրէ բարի, օգտակար գործ մը կատարելու։ Նպատակը մարդը կը զարգացնէ, կ՚ազնուացնէ։ Մարդ պէտք է նախանձախնդիր ըլլայ նպատակին հասնելու եւ իրականացնելու զայն։
Արդարեւ, «կարճ ճամբան» նաեւ ուղիղ ճամբան է։ Ուղիղ է այն՝ որ արդար է։ Արդարութիւնը՝ այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ յարատեւ եւ հաստատ կամքով տալու Աստուծոյ եւ մարդուն՝ ի՛նչ որ պարտական է անոնց։ Արդարութիւնը տրամադիր կ՚ընէ մարդը՝ յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքները եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը։ Արդար մարդը անաչառութեամբ կը վարուի եւ միշտ ուղղամիտ է իր արարքներուն մէջ…
*
Մինչ երբ վերջացուցի գրութիւնը, մեր շատ սիրելի վաղեմի, ճշմարիտ իմաստով բարեկամի մը՝ Կարօ Օհանեանի մահուան գուժաբեր լուրը ստացայ։ Մօտաւորապէս 70 տարուայ երկարամեայ եւ մանաւանդ տեւական եւ անընդմէջ բարեկամութիւն մը կը հասնէր իր վախճանին… Արդարեւ, բարեկամութիւնը տարիներու թիւով կարելի չէ գնահատել, այլ անոր որակով, եւ այս իմաստով սիրելի Կարոյին բարեկամութիւնը իրապէ՛ս որակաւոր եւ արժէքաւոր բարեկամութիւն մըն էր։
Ան հասած էր ընտանիքէ մը՝ որ ճշմարիտ տիպարը եւ մարմնացումն էր այն իրականութեան, թէ՝ ընտանիքը առտնին Եկեղեցի՛ մըն է։ Բարութեան բոլոր յատկանիշները կարծես իր վրայ ամփոփած էր ան՝ համեստութիւն, խոնարհութիւն, մարդասիրութիւն, գութ, ծառայասիրութիւն, օգնութեան պատրաստակամութիւն, կարեկցութիւն եւ տակաւին առաքինութիւններ։ Եւ երանի ամէն անոնց՝ որոնք վայելած են անոր մտերմութիւնը եւ բարեկամութիւնը…
Մենք կը հաւատանք, որ երբ մէկը չկարենանք տեսնել մարմնաւոր աչքով, զայն միշտ կը տեսնենք հոգեւոր աչքով, քանի որ հոգին անմա՛հ է. ապա ուրեմն, ցտեսութիւն սիրելի՜ Կարօ։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 4, 2026, Իսթանպուլ