ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԱՂԱՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾԸ
Քասունիին գրութեան մինչեւ այս մասը, կրնայ ըլլալ շատերու համար «ենթադրութիւն» կամ անձնական վերլուծութիւն նկատուի։ Գուցէ շատեր դիտել տան, որ Կաղանդ պապային ուղղուած այս նամակը Աստուծոյ հետ ո՛չ մէկ աղերս ունենայ, սակայն, Քասունիի յաջորդ տողերը քիչ մը կրնան հարցականի տակ դնել անոնց կարծիքը. կարդանք.-
«Ալ ձանձրացած եմ քեզմէ: Եթէ իրաւունք չունիմ, փորձէ համոզել զիս: Բայց նախ ըսէ, թէ գոյութեանդ առաջին օրէն ասդին, ի՞նչ կրցած ես բերել մեզի, որ ըլլար մնայուն եւ յաւիտենական: Քանի՞ օր կրցած են տոկալ բերած խաղալիքներդ եւ անուշեղէններդ մեր ձեռքերուն եւ ակռաներուն տակ»: Աստուած հայ ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին պարգեւեց որոշ յաղթանակներ՝ որոնցմով մինչեւ այսօր կը հպարտանանք, սակայն, այդ ուրախութիւնները՝ յաղթանակները կարճ կեանք ունեցան։ Հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը անկախութենէն աւելի գերութեան մէջ անցաւ։ Այլ խօսքով՝ Աստուծոյ պարգեւած այդ «խաղալիքներ»ը մնայուն եւ յաւիտենական չկրցան ըլլալ։ Վստահաբար, Քասունի իր Կաղանդ պապայէն չկոտրուող խաղալիք մը պիտի չուզէր։ Կաղանդ պապան պարզապէս միջոց է իր բողոքը բարձրանցելու, որովհետեւ Լիբանանի այդ պայմաններու մամուլին մէջ Աստուծոյ դէմ քննադատութիւն բարձրացնելը կրնար մեծ աղմուկ բարձրացնել: Ի դէպ, յատկանշական է նաեւ «խաղալիք» ու «անուշեղէն» բառերու գործածութիւնը։ Մարդկային կեանքին մէջ խաղալիքն ու անուշեղէնը շատ անգամ մանուկին կը տրուին՝ անոր լացին վերջ տալու համար։ Անոնք պարզապէս մոռացում կու տան եւ ժամանակաւոր ուրախութիւն կը պատճառեն հայուն. օրինակի համար, 1990-ական թուականներու յաղթանակը՝ որ տեւեց մօտաւոր երեսուն տարի. դարաւոր գերութիւն, կարճ յաղթանակ ու այժմ դարձեալ հին իրավիճակը։ Հետեւաբար, Քասունի կը քննադատէ ո՛չ միայն պարգեւատուն, այլ նաեւ պարգեւի տեսակը: Այստեղ կայ նաեւ ինքնաքննադատութիւն. խաղալիքն ու անուշեղէնը կը կորսուին մեր ձեռքերուն եւ մեր ակռաներուն տակ։ Մենք որպէս հայ ժողովուրդ այդ կարճ ուրախութիւնները չկրցանք մեր ձեռքը պահել։ Հետեւաբար, այստեղ կայ մեղաւորներու շարք մը. մեղաւոր է Կաղանդ պապան՝ Աստուած, մեղաւոր է խաղալիքն ու անուշեղէնը՝ իր ժամանակաւոր ըլլալով ու մեղաւոր է նաեւ մանուկը՝ այս պարագային հայ ժողովուրդը այդ ժամանակաւոր պարգեւին տէր չըլլալով:
Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ շարունակենք կարդալ Քասունիի «Կաղանդ պապային» ուղղած նամակը. «Ըսի, թէ ձանձրացած եմ քեզմէ: Ձանձրացած եմ, մանաւանդ ճերմակ մօրուքէդ եւ անիմաստ ժպիտէդ: Որքա՜ն կեղծ է սա ժպիտդ: Դիմակի կը նմանի ճիշդ: Եւ դուն տակաւին չե՞ս հասկցած, որ մարդիկ թափանցած են էութեանդ խորքը եւ քեզ կը ծաղրեն քու ժպիտովդ, որ աւելի դիմակի կը նմանի: Ժամանակ մը կը կարծէի, թէ դուն տէր ես արժանապատուութեան եւ պիտի ըմբոստանաս այս բոլորին դէմ. բայց մնացի յուսախաբ: Բնաւ չըմբոստացար: Հիմա կը հասկնամ, թէ չես կրնար: Ծե՜ր ես ծե՛ր...: Կը վախնաս մահէն ու գոյութիւնդ պահելու համար յօժարած ես մինչեւ իսկ մարդոց ծաղրին. միայն թէ դուն կարենաս շնչել... ի՜նչ ողբայի է այս վիճակդ»:
Քասունի իր նամակին ուժգնութեան ու իմաստին գիտակցութիւնը ունէր։ Լաւապէս գիտէր, որ շատեր պիտի վշտանան այս նամակին ճշմարիտ բովանդակութիւնը հասկնալով. «Գիտեմ պիտի ջղայնանաս այս նամակէս: Մեր մէջ ալ ծերուկներ կան, յաճախ կը ջղայնանան այս տեսակի նամակներէն...: Բայց մենք շատ համբերեցինք քեզի. լաւ է որ քիչ մըն ալ դուն համբերես եւ կարդաս յաջորդող տողերը նամակիս»:
Իր նամակին մէջ տեղ մը Քասունի կը խօսի Կաղանդ պապայի ժառանգորդներուն մասին եւ զանոնք կ՚որակէ «երիտասարդ, կորովի, յանդուգն, քաջ եւ գեղեցիկ»։ Գուցէ այստեղ խօսքը եկեղեցականներուն մասին է, որոնք կու գան Կաղանդ պապային «բարութիւն»ը տարածելու։ Քասունի կը հաւատայ, որ այդ ժառանգորդները պէտք է լուրջ աշխատանք տանին եւ շա՛տ բան քանդեն. «Ինչե՜ր կան քանդուելիք: Ի՜նչ ատելութեան պատուարներ, այդ զգայուն սիրտերուն կողմէ բարձրացած, ի՜նչ նախանձներ, ոխեր, քէներ, այդ սիրտերուն կողմէ սերմանուած, փտած աթոռներ, այդ սիրտերուն կողմէ զգայուն կերպով պահուած եւ դեռ՝ փուճ բարքեր ու փառքեր...»: Սակայն, Քասունի կը հաւատայ, որ այդ բոլորը քանդելը ինքնին լուծում մը չի բերեր. պէտք է քանդուածին տեղը շինել:
Այս բոլոր քննադատութիւններէն ետք Քասունի իր նամակը կը վերջացնէ խնդրանքով մը. «Հրաժարէ՛, եւ ալ մի՛ գար գալիք տարի: Քեզի պիտի չսպասենք: Կը սպասենք սեւ պեխ մօրուքով, խստադէմ, քաջ, յանդուգն եւ երազներով յղի ժառանգորդներուդ: Կը սպասենք անոնց, որոնք գան ու քանդեն ինչ որ հին է, եւ սկսին կառուցանելու նորը»:
Քասունիի ստորագրութիւնը նամակի վերջաւորութեան. «Քեզի չկարօտցող եւ չսպասող՝ Անունս չգրեմ, դուն լաւ կը ճանչնաս զիս... վստահօրէն՝ տակաւին չես մոռցած այդ պզտիկ եւ խոշոր գնդակներուն պատմութիւնը...»:
•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մինչեւ որ աշխատանքը սիրով չկատարուի ու չվերածուի հաճոյքի, չի տար սպասուած արդիւնք. մինչեւ որ օրէնքներու հնազանդութիւնը գիտակցական չդառնայ՝ դաստիարակիչ դեր խաղալու տեղ կը խաթարէ թարմ հոգիները՝ բռնակալ ուժերու ճնշումին տակ:
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան