ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԸ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՏԸ
Կը պատմուի, թէ երկու հոգի՝ մէկը հաւատացեալ իսկ միւսը անհաւատ, միասին ինքնաշարժով կը ճամբորդէին։ Երբ քաղաքի մը աղքատիկ մէկ թաղէն կ՚անցնէին. Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացողը՝ որ սափրիչ մըն էր, կ՚ըսէ. «Եթէ ձեր ըսածին պէս սիրող Աստուած մը գոյութիւն ունի, ուրեմն ինչպէ՞ս կը թոյլատրէ Ան այսքան թշուառութիւն, անբարոյականութիւն, աղտոտութիւն, ցաւ, վիշտ, տառապանք, բռնութիւն… մարդոց մէջ։ Ինչո՛ւ մեզ չ՚ազատեր այս ամենէն»։
Ճիշդ այդ պահուն փողոցին մէկ կողմէն միւսը կ՚անցնէր թափառաշրջիկ մը՝ աղտոտ, մազերը երկար մինչեւ վիզը եւ բոլորովին խանգարուած. երեսը երկար ատենէ ի վեր չածիլուած։ Հաւատացեալը զայն ցոյց տալով կ՚ըսէ. «Դուք շատ լաւ սափրիչ մըն էք, ինչո՞ւ թոյլ կու տաք, որ այս խեղճ մարդը այսպէս թափառի փողոցէ փողոց՝ աղտոտ, անխնամ, առանց ածիլուելու եւ մազերը կտրելու»։
Սափրիչը իրեն ուղղուած հարցումին առջեւ անակնկալի եկած՝ թոթովելով կը պատասխանէ. «Բա՜- բա՜- բայց, ես ի՞նչ յանցանք ունիմ, ան երբեք ինծի գալով առիթ տուած չէ, որ սափրեմ զինք…»։
«Ըսածդ շատ ճիշդ է», կ՚ըսէ հաւատացեալը. «Աստուած տրամադիր է օգնելու, մաքրելու, փրկելու այն ամէնը՝ որոնք Իրեն կը դիմեն։ Բայց մարդիկ չեն գար Անոր՝ որպէսզի ազատին իրենց մարմնաւոր եւ հոգեւոր թշուառութենէն։ Կը մերժեմ զԻնք. այդ պատճառաւ կը կորսուին յաւիտենապէս։ Սակայն անոնք որոնք կը դիմեն Իրեն եւ կ՚ընդունին զԻնք, կը փրկուին յաւիտենապէս։ Պէտք է Աստուծոյ պատեհութիւն տալ»։
Ուստի, Յիսուս կ՚ըսէ. «Դուք, սակայն, չէք ուզեր ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար». (ՅՈՎՀ. Ե 40)
***
Կը պատմուի, որ աղջիկ մը շատ անառակ եւ մեղսալից կեանք մը կը վարէր։ Իր հօրը եւ մօրը խրատները մերժելով՝ օրէ օր մեղքի տիղմին մէջ կը մխրճուէր։ Օր մըն ալ որոշեց տունէն հեռանալ եւ աւելի ազատօրէն վայելել աշխարհը եւ անոր հաճոյքները, եւ գնաց ուրիշ քաղաք մը։ Հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց եւ թշուառութեան մատնուեցաւ…
Գիշեր մը, յուսալքուած մտադրեց անձնասպան ըլլալ. սակայն, նախքան իր մտադրութիւնը ի գործ դնելը ուզեց անգամ մը իր ծննդավայրը վերադառնալ եւ տեսնել իր սիրելի ծնողքը, նաեւ այն բնակավայրը, ուր ծնած էր եւ իր մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած։
Կէս գիշերին դրացիներու տուներուն առջեւէն անցնելով վերջապէս հասաւ իրենց տանը դուռը։ Մութ էր ամէն կողմ եւ մեծ եղաւ զարմանքը երբ տեսաւ, որ դուռը բոլորովին բաց էր։ Մայրը արթուն էր եւ ձայն տուաւ իր աղջկան։ «Մայրիկ, դուռը բաց գտայ», ըսաւ աղջիկը։
Ծերունի մայրը աղջկան պարանոցին վրայ ինկաւ, համբուրեց զանիկա եւ ըսաւ. «Սիրելի աղջիկս, երկար ատենէ ի վեր դուն այս տունէն հեռացած ես։ Եւ ես միշտ այս աղօթքը կ՚ընէի Աստուծոյ. «Ո՜վ Աստուած, սիրելի աղջիկս տուն ղրկէ»։ Այն օրէն ի վեր միշտ դուռը բաց կը ձգէի, որպէսզի գիշերը գաս կամ ցորեկը, դուռը միշտ բաց գտնես, ի նշան ջերմ ընդունելութեան»։
Այդ գիշեր աղջիկը մօրը թեւերուն մէջ սիրոյ եւ ներման արժանացաւ։ Եւ նոյն ատեն փրկութեան դռնէն ալ մտնելով՝ երկնային սիրոյ եւ մեղքերու թողութեան արժանացաւ Քրիստոսի շնորհքով։
Սիրելի՜ բարեկամներ, մենք ալ յաճախ Քրիստոսէ հեռու կ՚ապրինք եւ երբեմն ալ մեղքի անապատին մէջ կը թափառինք։ Ուստի, անդրադառնանք եւ մօտենանք Քրիստոսի, Անոր՝ որ բազկատարած մեզ կը սպասէ մեղքերու թողութիւն, քաւութիւն եւ փրկութիւն շնորհելու համար։ Քանի որ. «Եթէ ըսենք.- Մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։ Եթէ.- Մեղք չգործեցինք ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ Իր խօսքը չկայ», կ՚ըսէ Յովհաննէս առաքեալ. (Ա ՅՈՎՀ. Ա 8-10)։
Մեղաւոր ենք, բայց Յիսուս մի՛շտ պատրաստ է ներել մեր մեղքերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ