ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԵՔԵՆԱՆ

Աշխարհի երեսին եղած են մտաւորականներ, որոնք փորձած են մարդոց համոզել, որ այլասերումն ու յառաջընթացը իրարու հակառակ ու տարբեր երեւոյթներ չեն. անոնք նոյն գործընթացին երկու տարբեր կողմերն են, որովհետեւ մարդկութիւնը ինչքան ալ ուզէ աւելիով նուաճել, ստեղծել ու ապահովել, այնքան աւելի կը վտանգուի իր գոյութիւնը՝ որուն համար յաւելեալ մտածումի ու պայքարի կը մղուի: Յաճախ յառաջընթաց ըսելով «դրական» պատկերացում մը կ՚ունենանք, սակայն, մտաւորականներ կու գան բացատրելու, որ մարդուն յառաջդիմութեան մէջ դրականէն աւելի գոյութիւն ունի բացասականը, որովհետեւ յառաջդիմութիւնը պէտք է մարդը կատարելագործէ, սակայն, մարդկութեան յառաջդիմութեան պարագային կը տեսնենք, որ անոնց մէջ թուլութիւն, դատարկութիւն եւ անօգնական վիճակ մը կը ստեղծէ:

Այդ տարբերութիւնը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. Պատկերացուցէք, որ բախտաւորութիւնը ունիք տեսնելու 800-ական թուականները։ Կեանքը շատ աւելի մաքուր եւ բնական էր՝ քան այսօր. հիւանդութիւնները, ապականութիւնը շատ աւելի քիչ էին։ 800-ական թուականներուն համեմատած մենք յառաջդիմած ենք, սակայն, իրականութեան մէջ, տեղ մը նահանջի մէջ ենք, որովհետեւ չունինք այն բոլորը, որ ժամանակ մը նախանձելի էր եւ հետեւաբար յառաջդիմութիւնը պարտէր շատ աւելի դրական արդիւնք ունենար՝ ինչ որ յաջողած չէ: Այո, այդ ժամանակ ալ կար հարուստի եւ աղքատի տարբերութիւն, սակայն, մարդիկ այսօրուան նման բազմազան դասակարգերու չէին բաժնուած: 

Մտաւորականներ կը հաւատան, որ յարմարաւէտութիւնը մարդուն մէջ թուլութիւն ու ծուլութիւն կը յառաջացնէ։ Մարդ կը պայքարի այնքան յառաջդիմել, որքան վերջաւորութեան իր ծուլութեան մէջ պիտի խեղդուի։ Անոր ամենէն պարզ արդիւնքը արհեստական բանականութիւնն է, որ այս օրերուն մարդու փոխարէն կը կատարէ գրեթէ ամէն պարտականութիւն։ Իրականութեան մէջ, նորարարութիւնները գնահատելի ու գովելի են, սակայն, մարդու էութեան մէջ հիմնական ու մեծ փոփոխութիւններ կը յառաջացնեն։ Այդ նորարարութիւնները մարդուն «հանգստութիւն» տալով անոր ուղեղը թոյլ ու ծոյլ վիճակի մէջ կը ձգեն եւ անկէ կը խլեն երկարատեւ մտածելու կարողութիւնը: Աւելի քան հարիւր տարի առաջ գրուած գիրքի մէջ մէջ, օտար հեղինակը աշխարհի ապագան հետեւեալ ձեւով կը տեսնէր. «Աշխարհի մարդոց կատարեալ ապահովութիւնը զանոնք հասցուցած էր այլասերման դանդաղ գործընթացի՝ չափի, ուժի եւ բանականութեան ընդհանուր նուազեցման»։ Իրականութիւն է, որ մերօրեայ մարդը շատ աւելի քիչ կը մտածէ, շատ աւելի քիչ կը մտահոգուի՝ քան անցեալին ապրողը։ Մարդիկ անապահովութեան մէջ միշտ աւելի կը մտածեն, աւելի կ՚աշխատին ու աւելի կը ձգտին, սակայն, աշխարհը մարդուն վարժեցուց ապահովութեան եւ այդ ապահովութիւնը մարդէն խլեց իմաստութիւնը։ Այնքան ատեն՝ երբ դժուարութիւն գոյութիւն չունի, մարդու միտքը հանգիստ է: Մարդ ուժի եւ քաջութեան կարիք կը զգայ միայն վտանգի պարագային։ Նոյն համեմատութեամբ ալ աշխարհի նորարարութիւնները ամէն հնարաւոր միջոց ի գործ կը դնեն, որպէսզի մարդ մտածելու կարիք չզգայ։ Անշուշտ, մտածելու կարիք ըսելով նկատի չունինք առօրեայ մտահոգութիւնները, որովհետեւ մարդ ինչքան յառաջդիմէ, այնքան այդ մտահոգութիւնները աճ կ՚արձանագրեն եւ այդ մէկն է, որ կասկածի տակ կը դնէ այդ յառաջդիմութիւնը, որովհետեւ յառաջդիմած ընկերութեան մը մէջ մարտահրաւէրները պէտք է նահանջ արձանագրեն եւ ո՛չ աճ: 

Աշխարհի յառաջդիմութիւնը հարցական է, որովհետեւ նոյն այդ յառաջդիմութիւնը ոմանք դէպի շքեղութիւն եւ ոմանք դէպի թշուառութիւն կ՚առաջնորդէ։ Մերօրեայ նորարարութիւնները ոմանց կեանքը դիւրացնելով՝ այլոց կեանքը դժուարութեան կը մատնէ։ Այս երեւոյթը շատ պարզ ձեւով կրնանք բացատրել Հայաստանի օդանաւակայանի օրինակով։ Հայաստանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանի կայանատեղին ունէր չորս պատուհան եւ օրուան ընթացքին երեք տարբեր հերթափոխով ընդհանուր 12 անձ իր ապրուստը կը հոգար այդտեղ աշխատելով։ Նորարարութիւնը եկաւ փոխելու ընթացքը. չորս պատուհաններն ու 12 աշխատողները փոխարինուեցան գործիքներով։ Այս մէկը նիւթական շահ ապահովեց տնօրէնութեան, սակայն, միւս կողմէ 12 անհատներու անգործութեան պատճառ դարձաւ։ Նորարարութիւնը նոյնն է՝ արհեստական բանականութիւն, սակայն արդիւնքներն են տարբերը: 

Սակայն, այս բոլորին մէջ վտանգաւորը այն է, որ մարդ կը յարմարի բոլոր այս երեւոյթներուն։ Այս աշխարհի մէջ մեծագոյն չարիքը մարդոց յարմարուող ըլլալն է, որովհետեւ մարդ երբ յարմարի՝ ո՛չ կը պայքարի, ո՛չ կը բարձրաձայնէ եւ մերօրեայ վատ երեւոյթները այդ վատ սովորութեան հետեւանքն են։ Բազմաթի՜ւ երեւոյթներ, որոնք անցեալին դատապարտելի էին, այսօր մեզի համար բնական կը սկսին թուիլ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ մարդ սկսած է համոզուիլ, որ անոնք տրամաբանական են, այլ պարզապէս յարմարած են երեւոյթին: Յարմարիլը մարդուն մէջ կը սպաննէ բանականութիւնը։ Նորարարութիւնը պէտք է, սակայն, մտաւորականներ կը վախնան, որ աշխարհի վրայ ըլլայ այնպիսի ժամանակ, երբ մարդ ամբողջութեամբ ձեռք ձգած ըլլայ իր երազները։ Երբ պայքարը վերջ կը գտնէ, երազները կ՚իրագործուին, մարդկային բանականութիւնը անիմաստ կը դառնայ:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Քաջ ըլլալ բաւական չէ: Քաջութեան հետ խոհեմութիւն ալ ունենալու է: Մեռնիլ յիմարաբար, անօգուտ տեղ՝ քաջութիւն չէ:

ԾԵՐԵՆՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2026