ԱՆՀԱՒԱՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Աստուծոյ չհաւատացողներէն ոմանք «անհաւատ» են, ո՛չ թէ մտաւորական դժուարութիւններու պատճառով, այլ դժկամութեան պատճառով՝ ընդունելու բարոյական պահանջները հաւատքին։ Այսպիսի մարդոց կը պատկանի Friedrich Nietzsche-ի (1844-1900) տրմադրութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Աստուած մեռած է եւ ամէն բան արտօնուած է»։ Սա յստակ է, որ անկարելի՛ է փաստել որեւէ բան անոր՝ որ չ՚ուզեր հաւատալ։

Հաւատքը՝ որ մարդուն կը պատկանի, Աստուծոյ հանդէպ Անոր յայտնութեան ուղղուած պատասխա՛նն է։ Աստուծոյ ինքնայայտնութեան՝ որ հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Հնազանդութեան մէջ կա՛յ նուիրումի եւ ազատ կամքի, ազատ ընտրութեան իրականութիւնը։ Աստուծոյ հաւատալը բանաւոր վստահում մըն է, որ գիտութեան պէս քննութիւններէ անցնելով Օրէնքներու եւ առաջարկներու, փաստերու հիմնադրութիւններով հաւատալու եզրակացութեան չի հասնիր, այլ՝ հաւատքը կը ծնի ա՛յն արարքին մէջէջ, որ Աստուած մարդուն կը հանդիպի Իր Աւետարանին հռչակումներով։

Արդարեւ, հաւատքը փաստի չի՛ կարօտիր, քանի որ ան արդէն մարդուն մէջ հաստատուած, ընդոծին զգացում մըն է։ Իսկ անհաւատութիւնը կարելի չէ՛ փաստել, քանի որ չգոյութիւնը փաստ չունի։

Շատ հետաքրքրական է տեսնել, որ Աստուածաշունչ մատեանը երբեք չ՚աշխատիր Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու։ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ իրականութիւնը (=réalité) արդէն իբր ճշմարտութիւն (=vérité) ընդունուած կը յառաջանայ։

«Աստուած սկիզբէն երկիրը եւ երկինքը ստեղծեց» որ կ՚ըսուի, առանց Աստուծոյ գոյութիւնը փաստելու կը խօսուի Աստուծոյ մասին։ Իսկ երբ սաղմոսերգուն Սաղմոսաց Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ.- Աստուած չկայ։ Ապականեցան եւ պիղծ գործեր ըրին, մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ». (ՍԱՂՄ. ԺԴ 1)։ Կը կարդանք այս հատուածը, թէ «անմիտ»ը իր սրտին մէջ ըսաւ, որ Աստուած գոյութիւն չունի, կը հասկնանք, որ այս «անմիտ»ը վարկածային մտածողութեամբ չ՚արտայայտուիր, այլ՝ գործադրական մտածողութեամբ, քանի իր մտքին մէջ չէ՛ որ կ՚ըսէ, այլ՝ իր սրտի՛ն մէջ։

Հին կտակարանին մէջ. «Քահանաները չըսեն թէ. Տէրը ո՞ւր է եւ օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։ Մարգարէները բահաղով մարգարէութիւն ըրին եւ անօգուտ բաներու ետեւէն գացին». (ԵՐԵՄ. Բ 8)։ Անոնք, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար, դատապարտուած են, ո՛չ թէ բանաւոր գիտութեան պակասին համար, այլ՝ բարոյական իմաստով՝ Աստուծոյ մասին անհոգ եւ անտարբեր կեցուածք որդեգրելուն համար։

Նոյն դիրքաւորումը Նոր կտակարանի մէջ ալ կարելի է տեսնել։ Աստ-ւած այնպիսի քայլեր վերցուցած է պատմութեան ընթացքին, որ տեղ մը եկաւ, ուր Իր յայտնութիւնը կարելի եղաւ Յիսուսի մարդեղութեամբ, որպէսզի մենք տեսնենք զԻնք, շօշափենք, Անոր հետ ուտենք եւ քալենք եւ մանաւանդ Անոր հրաշագործութիւններուն ականատես ըլլանք՝ վկայե՛նք։ Նոր կտակարանին մէջ Աստուած կը ճանչցուի իբր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը՝ գթութեան Հայրը, եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը». (Բ ԿՈՐՆ. Ա 3) եւ այլուր։ Արդարեւ, Հին կտակարանը մեզի կը թելադրէ, որ Աստուած սիրէ մեզ։ Նոր կտակարանն ալ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ո՛րքան կը սիրէ մեզ։

Արդարեւ, բոլոր կրօններու կորիզը կը տեսնուի, թէ կեդրոնցած է «աստուծոյ» մը՝ անձի մը կամ անձերու գոյութեան, զօրութեան, կարողութեան եւ կամ միջոցի մը վրայ, որով անհատը, ընտանիքը, ընկերութիւնը, ցեղախումբը եւ կամ ազգ մը կարենայ ուղիղ կերպով յարաբերիլ «աստուծոյ» հետ։ Ուրեմն, սխա՛լ պիտի ըլլայ եթէ ըսուի, թէ կրօնքի մը արժէքը կը կայանայ անոր ունեցած բարոյական որակումին մէջ «աստուած» հասկացողութեան վերաբերեալ։

Ո՛չ մէկ ճշմարտութիւն Ճշմարտութենէն աւելի ճշմարտութիւն է. Աստուծոյ գոյութիւնը կրօնքի մը հիմնական գաղափարն է, ուստի, աստուածաբանութեան մտածումի մէջ վճռական դեր ունի։ Եթէ ձախողինք այս կէտին մէջ, կը նշանակէ ձախողած ենք ամբողջ ճշմարտութեան տարածութեան մէջ։ Աստուած միակ Ճշմարտութիւնն է անկասկա՛ծ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 5, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 6, 2026